03/07/2024 

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամե- նայն Հայոց Կաթողիկոսին գումարուած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ընդ-լայնուած ժողովը, որուն աւարտին հրապարակուած է հաղորդագրութիւն, որուն մէջ եկեղեցական հարցերէն աւելի անդրադարձ կայ Հայաստանի ներքաղաքական իրադարձութիւններուն: 

Բազմաթիւ անգամներ անդրադարձած ենք Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի վերջին տարիներու յայտարարութիւններու քաղաքական բովանդա-կութեան, որոնք կամ չեն համապատասխաներ իրականութեան եւ կամ ալ կը ներկայացուին աղաւաղուած ձեւով: Նմանատիպ յայտարարութիւնները սկսած են ծառայել մէկ նպատակի, որ է Հայաստանի ներկայ կառավարու-թեան բոլոր առած քայլերը քննադատել եւ փորձել ժողովուրդին համոզել` դիրքորոշուելու իշխանութիւններուն դէմ: 

Նախորդ երկու վարչակարգերուն օրով Հայաստանի դիմագրաւած բազ- մաթիւ խնդիրներուն ու ժողովուրդի ընդվզումներուն մասին ոչինչ չըսող հո- գեւորականները, այսօր դարձած են քաղաքական գործիչներ ու իրենք իրենց կը վերապահեն իրաւունք` բոլոր հարցերու շուրջ դիրքորոշուելու իշխանու- թեան դէմ: 

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը իր վերջին յայտարարութեան մէջ դիտել կու տայ, որ եկեղեցի-պետութիւն «ոչ-բնականոն յարաբերութիւններուն պատ- ճառով լուծման կարօտ մնացած են ազգային-հոգեւոր նշանակութեան շարք մը առանցքային հիմնախնդիրներ», փորձելով ձգել այն տպաւորութիւնը թէ ատոր պատասխանատուն եւս իշխանութիւններն են: 

Յիշողութիւնները թարմացնելու համար նշենք այն զարգացումները, որոնց պատճառաւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները հասան իրենց ներկայ անբաղձալի վիճակին: 44-օրեայ պատերազմի աւարտին, երբ ընդդի- մութիւնը փողոց դուրս եկած էր պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինե- անի հրաժարականը եւ յստակ էր, որ ժողովուրդը կը մերժէր միանալ նա- խորդ` փտած համակարգի գլխաւորած շարժումին, Մայր Աթոռը ինք հա- սաւ ընդդիմադրութեան օգնութեան` միանալով վարչապետի հրաժարա- կանի պահանջին: Ընդդիմութիւնը եւ Մայր Աթոռը ձախողեցան իրենց նպա- տակին մէջ` շնորհիւ Հայաստանի ժողովուրդի քաղաքական հասունութեան: Փաշինեան շարունակեց պաշտօնավարել, մինչեւ այն պահը երբ որոշուեցաւ կազմակերպել խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ: Այդ տեղի ունեցաւ պատերազմէն ութը ամիս ետք` 2021-ի Յունիսին: Ընտրութիւնները տեղական ու միջազգային դիտորդներու կողմէ գնահատուեցան ժողովրդա- վարական եւ ազատ: Իշխող ուժը ստացաւ Խորհրդարանի տեղերու մե- ծամասնութիւնը եւ Փաշինեան վերընտրուեցաւ վարչապետի պաշտօնին: 

Կը կարծուէր թէ, այդ պահէն սկսեալ, երբ Հայաստանի հանրութիւնը ըսած էր իր խօսքը, եկեղեցւոյ համար փակուած պիտի ըլլար վարչապետի հրաժարականի հարցը, սակայն դժբախտաբար այդպէս չեղաւ պարագան: Անկէ ետք եւս Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց մնալ Վարչապետի հրա- ժարականի իր պահանջին վրայ: Աւելին, ընդդիմութեան կազմակերպած ցոյցերուն, որոնց ընթացքին կը հնչէին նաեւ բռնութեան կոչեր, ներկայ կ’ըլ- լային բարձրաստիճան եկեղեցականներ` ունենալով բոցաշունչ ելոյթներ: Այս բոլորին դիմաց, երկրի ղեկավարութեան կողմէ չտեսանք հրապարակային վիրաւորական որեւէ խօսքեր Եկեղեցւոյ ու անձնապէս Վեհափառի հասցէի: 

Հայաստանի համար այս բախտորոշ ժամանակաշրջանին եկեղեցի-պե- տութիւն յարաբերութիւնները բնականոն չեն հիմնականին մէջ մէկ կողմի սխալ ու անհեռանկար դիրքորոշումներուն պատճառաւ: Ժամանակն է որ, Եկեղեցին հրաժարի իր քաղաքական պահանջներէն ու կեդրոնանայ ժողովուրդի հոգեւոր հարցերու լուծման վրայ: Մերձեցման առաջին քայլը վերա-պահուած է Վեհափառ Հայրապետին, որմէ ետք միայն Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները կրնան կամաց-կամաց վերադառնալ իրենց բնականոն հունին, որուն այնքան պէտք ունին մեր ազգն ու հայրենիքը: 

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ 

«ՄԱՍԻՍ» 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *