ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ — Սիրելիներ, այսօրուայ ելոյթին բուն նպատակը վերջին խայտառակութիւնն էր, որուն մենք ականջալուր եղանք։ Եթէ կը յիշէք ասկէ 2 ամիսներ, առաջ այս բեմէն յայտարարեցինք, թէ ինչ կատարուեցաւ, երբ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հաւատացեալները ուխտագնացութեան մեկնեցան Ղպտի եկեղեցւոյ պատականող ուխտավայրը: Հաւատացեալները խանդավարուած, փափաքեցան երթալ այս անգամ Մարոնի եկեղեցւոյ ուխտագնացութեան եւ բոլորս ալ անակնկալի առջեւ եկանք, երբ որ վերջին րոպէին Մարոնի Եպիսկոպոսը ալգելեց, ըսելով, որ Յովնան Տէրտէրեան Արքեպիսկոպոսը հեռաձայնած է եւ խնդրած է Մարոնի Եպիսկոպոսէն, որ մեզի առիթ չտայ, երթալու ուխտագնացութիւն։ Այդ մասին արդէնխօսեցանք անցեալին: 

Հիմայ երկրորդ խայտառակութիւն մը։ Փորձեցինք այս անգամ Յունաց եկեղեցի երթալ, Յոյներուն այցելել, որովհետեւ Տէր Գէորգ շատ մօտ կապեր ունի այդ եկեղեցւոյ հետ։ Նկատի ունենալով, որ Տէր Գէորգ հասակ առած է Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ, հետեւաբար լեզուին տիրապետած ըլլալով, նաեւ մօտիկ կապեր ունի Յոյն եկեղեցւոյ մէջ։ 

Սիրելիներ, ուխտագնացութիւնը չկրցանք իրականացնել, որովհետեւ նոյն այդ փերեզակները արգելք հանդիսացան։ Այլ խօսքով՝ Յովնան Տէրտէրեան Արքեպիսկոպոսը Յունաց եպիսկոպոսին կամ արքեպիսկոպոսին ըսած է, որ ասոնք անկանոն եկեղեցիներ են, առիթ մի տաք, որ գան եւ ուխտագնացութիւն կատարեն։ 

Կրնա՞ք երեւակայել։ Հայ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան արքեպիսկոպոսը անցամ մը եւս ինքզինք կը խայտառակէ, որպէսզի մեր ուխտագնացութիւնը խափանէ։ Այս խայտառակութիւնը անպատւութիւն է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ։ 

Սիրելիներ, այսօր պիտի շօշափենք շատ լուրջ եկեղեցական հարց մը, որ կը յուզէ թէ ձեզ եւ թէ մեզ։ Այս գաղութէն ներս ըսի ըսաւները շատ են, մեր կեանքի մէջ միշտ կան ելեւեջներ, բայց մի անգամ ընդ միշտ կուզեմ, որ այս առիթով գոնէ ձեր ուշադրութիւնը կենտրոնացնէք այդ յայտարարութիւններուն վրայ, որ այսօր այստեղ պիտի կատարեմ։ 

Հաւանաբար ձեզմէ շատէր լսած են, որ Կլենտէյլի մէջ Փասիֆիք փողոցի վրայ Սուրբ Սարգիս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի մը կայ իր հովիւով եւ հոգեբարձական կազմով։ Այդ եկեղեցւոյ հովիւն է Տէր Պետրոս Քահանայ Բաղրամեան։ Նոյն առիթով պիտի խօսինք այսօր Ափլենտի մէջ գտնւող Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մասին եւ անոր հովիւ Տէր Գէորգ Հալլաճեանի մասին։ Հրապարակի վրայ հաւանաբար ձեզմէ շատէր լսեցին եւ տակաւին շատ բաներ պիտի լսեն, մի անգամ ընդմիշտ կ՛ուզեմ բոլորիդ յստակ ըլլայ, որ այս երկու եկեղեցիները Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի կը կոչուին եւ կը ծառայեն այդ նոյն սահմանադրական օրինագիծին մէջ ինչպէս կը գործեն մեր բոլոր միւս եկեղեցիները։ Միակ տարբերութիւնը հետեւեալն է, որ այս երկու եկեղեցիները, որոնք բացառիկ հոգեւոր առաքելութեան մէջ են չեն պատկանիր եւ ոչ ալ կը ճանչնան ոչ Արեւմտեան թեմի ղեկավարութիւնը, եւ ոչ ալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտեան առաջնորդարանի ղեկավարութիւնը։ Այլ խօսքով՝ անկախ եկեղեցիներ են։ 

Այս եկեղեցիները անկախ են, որովհետեւ չեն հաւատար, որ եկեղեցին, այսինքն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին պէտք է վաճառատուն ըլլայ։ Այս եկեկեղեցիները այցելեցէք եւ անձնապէս վկայեցէք եւ պիտի տեսնէք խուռներամ բազմութիւն կան ամէն Կիրակի օր. Ինչու՞: 

Որովհետեւ երկու եկեղեցիներու քահանայ հայրերը, ինչպէս նաեւ իրենց կողքին գտնուող ղեկավար մարմինները անշահախնդրօրէն մէկ նպատակ կը հետապնդեն՝ ԾԱՌԱՅԵԼ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒՆ։ Եթէ առիթ ունենաք այցելելու եւ եթէ կարիք ունիք որեւէ միջոցառում ունենալու, մօտեցէք այս եկեղեցական հայրերուն եւ պիտի տեսնէք ձեզի ինչ ձեւով, ինչ սիրալիր մօտեցում ցոյց պիտի տան, որովհետեւ իրենց սեւեռակէտը մամոնան չէ, սիրելիներ։ Կրնաք այս եկեղեցիներու մէջ գալ պսակուիլ։ Եկեղեցին սակ չունի, ոչ Սուր Սարգիս եկեղեցին, ոչ ալ Սուրբ Խաչ եկեղեցին։ Աղօթքները ձրի են, սիրելիներ ինչպէս աւետարանը կը թելադրէ։ 

Հետեւաբար, բոլոր այդ յերիւրանքները անտեղի են, նախանձի արտայայտութիւն են միայն։ Այս քահանաները ձեռնադրուած են Սուրբ Եկեղեցւոյ Խորհանին առջեւ ինչպէս միւս բոլոր եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը — ըլլան անոնք քահանայ, վարդապետ, թէ եպիսկոպոս։ Հետեւաբար, որովհետեւ անկախ են եւ ստրկամիտ չեն, հետեւաբար հալածանքի ենթակայ են։ Ժողովրդական ասացուածքը կ՛ըսէ՝ «հալածանքը տարածանք կը բերէ» Այս անկախ եկեղեցիները հաւատարիմ են եկեղեցւոյ բոլոր սկզբունքներուն։ 

Այլ խօսքով Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր սկզբունքներուն եւ կանոնադրութիւններուն եւ սահմանադրութեան՝ որեւէ խախտում չկայ այստեղ։ Բայց այս երկու եկեղեցիները պիտի շարունակեն իրենց հոգեւոր սպասաւորութիւնը, որովհետեւ պահանջ կայ։ Որովհետեւ ժողովուրդը կը սիրէ այս երկու եկեղեցիները իսկ նախանձը պիտի զարգացնէ եւ արագացնէ ճոխացումը այս եկեղեցիներուն, որովհետեւ ժողովուրդը եկաւ վկայեց եւ կրկին պիտի գայ ու անգամ եւս վկայէ, որ որքան ժրաջան են այս եկեղեցիները իրենց հոգեւոր ծառայութեան մէջ։ 

Արեւմտեան Թեմի Յովնան Տէրտէրեան Արքեպիսկոպոսի թիւր կարծիքի լոյսի ներքոյ մենք հանդէս եկանք յայտարարութեամբ, որ երկու եկեղեցիները, ներառեալ իրենց քահանան, եւ ծխական հոգաբարձուները պաշտօնապէս կը յայտարարեն են հետեւեալը. 

Մեր ժողովուրդի ազնիւ զաւակներուն կուզենք յիշեցնել որ այս երկու եկեղեցիներն ալ, Ափլենտի Ս. Խաչ Եկեղեցին եւ Կլէնտէյլի Ս. Սագիս Եկեղեցիները, մասն են Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ, բայց երբեք հաշուետու չեն Յովնան Արք. Տէրտէրեանին, Արեւմտեան Թեմի առաջնորդարանին: Հաւատարիմ մնալով Հայց. Առաքելական սկզբունքներուն եւ կանոնագրութեանց, կը վայելեն հովանաւորութիւնը Տիրան Արք. Կիւրեղեանին: 

Երկու եկեղեցիներն ալ, քաղաքականութենէն հեռու մնալով, կը սատարեն մեր ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *