Հայաստանի բռնցքամարտի ազգային խումբի անդամ Բարեղամ Յարութիւնեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր: 

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող բռնցքամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան 48 քկ կշիռի աւարտական մրցումին, Բարեղամ Յարութիւնեան 5-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած է Ռուսիան ներկայացնող Էտմոնտ Խուտոյեանէն: 

Նախապէս կիներու ազգային խումբի անդամներ Անի Յովսէփեան եւ Անուշ Գրիգորեան շահած էին պրոնզէ մետալներ, մինչ տղոց խումբէն Արթուր Բաղեան, Արթուր Սահակեան եւ Արարատ Յարութիւնեան շահած էին պրոնզ մետալներ: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *