Իր ելոյթներուն մէջ, Բագրատ՝ «Համերաշխութեան Սրբազան»ը, ժողովուրդին դիմելով, շատ անուշ եւ անմեղ ժպիտով կը խօսէր «համբերութեամբ», «հաշտութեամբ», «պատասխանատուութեամբ», «վստահութեամբ եւ ճշմարտութեամբ», «խաղաղութեամբ», «սիրով», «Հոգեւոր Հայաստան»ով եւ նման «գեղեցիկ» բառերով իրեն հետեւող ամբոխին կը փորձէր մոլորեցնել թէ «ճշմարտութիւնը յաղթելու է»: Այսինքն, իր սկսած շարժումը պիտի յաղթէ եւ ազգընտիր Վարչապետ Պրն. Նիկոլ Փաշինեանը պիտի հեռացուի իր պաշտօնէն:
Հայաստանէն հեռատեսիլի խօսնակ Պրն. Պետրոս Ղազարեան, «Բագրատական» երիտասարդի մը հետ իր մէկ հարցազրոյցի ժամանակ հարցուց .- «Չէ՞ որ դուք ճշմարտութեան պայքարի էք դուրս եկել ընդդէմ ստի: Հաշտութիւն էք քարոզում, ճի՞շդ է: Մենք դրա կարիքը ունենք: Հիմա եթէ ես, խիստ պատկերաւոր ասած, եթէ ասեմ որ դուք սատանայ էք, չար էք, խամաճիկ էք, ողորմելի էք, դաւադիր էք, կեղտաջուր զանգուած էք, մոնղոլ էք, արաբ էք, փորները դուրս գցած խունդայ էք, ծախու կրճաք էք, տականք էք, մարդասպան էք, կռապաշտ էք, փողոցային էք, շօշափուկ էք, դուք կ’ընդունէ՞ք որ ես հաշտութիւն եմ քարոզում իմ եւ ձեր մէջ , պատկերաւոր ասած»: Երբ անճրկած երիտասարդը լուռ կը մնար, Պրն. Ղազարեանը շարունակեց.- «Չէ՞ որ դուք ճշմարտութեան պայքարի էք դուրս եկել ընդդէմ ստի: Հիմա սա ճշմարտութեա՞ն ոլորտից է թէ ստի:» Բարեբախտաբար, մտածել գիտցող եւ տրամաբանութիւն ունեցող հայրենասէր հայերու զանգուածը, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, յստակօրէն տեսան Բագրատ «Սրբազան»ի ետին կեցած կուսակցութիւններու եւ պետութիւններու աղտոտ խաղերն ու դաւադրութիւնները՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխարհի քարտէսին վրայէն ջնջելու:
Վարդգէս Գուրուեան