Պանքոքի մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի միջազգային վերջին զտումի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Դաւիթ Չալոյեան շահեցաւ աւարտական մրցումին եւ իրաւունք ստացաւ մասնակցելու 2024-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն: 

27 տարեկան Դաւիթ Չալոյեան, որ 92 քկ կշիռի մրցումներուն կը մասնակցէր, երեք յաղթանակներ արձանագրեց Պահրէյնի ներկայացուցիչ Տենիս Լաթիփովի, Իրանի ներկայացուցիչ Ռուզպեհ Սաֆարիի, իսկ աւարտականին` իրլանտացի Մարթին Մաքտոնակիի դէմ: 

Այս ձեւով Հայաստան, 2024-ի ողիմպիական խաղերուն, բռնցքամարտի մրցումներուն պիտի ներկայանայ մէկ ներկայացուցիչով, սակայն, ըստ ողիմպիականի բռնցքամարտի կոմիտէին, հրաւէր պիտի ստանան 57 քկ, 63.5 քկ, 71 քկ եւ 80 քկ տղոց թեկնածուներ, ինչպէս նաեւ աղջկանց բոլոր կշիռներու թեկնածուներ, բացի 75 քկ կշիռէն: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *