4, 5, 6, 7 յուլիսին «Մոնօ» թատերասրահին մէջ ներկայացուեցաւ «Հայտա ըսմի» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Նարէ Քիւրքճեանի, հեղինակ` Անթոնի Հորոյթզ, արտադրութիւն` Սալի Ժապեր, դերասանական կազմ` Օմար Արիս, Սալի Ժապեր եւ Ճենիֆըր Եամմին:
Նիւթը կը խօսի երիտասարդ աղջկան մը մասին, որ եկած է հոգեբուժարան` գրելու նիւթ մը, ուր նաեւ կը բացատրուի աշխատանքին բնոյթը, սակայն իր հիմնական մտահոգութիւնը ապացոյցներ փնտռել էր իր մայրը սպաննողներու մասին: Այդ միջոցին ան կը հանդիպի տնօրէնին, որ հազար գոյներով կը խուսափի եւ չի վարանիր նոր սպանութեան փորձ կատարելու` գործակցաբար իր օգնականին հետ: Իրադարձութիւնները կը դառնան աղջըկան հետ յարաբերութիւններու ձգձգման շուրջ, եւ ան ի վերջոյ կը վերածուի իսկական հիւանդի մը, որ կը ջանայ ապացուցել իր իսկական անհատականութիւնը, սակայն ընդհանուր միջավայրը ի նպաստ իրեն չ՛ըլլար, եւ ինքզինք կը գտնէ հիւանդանոցի այդ երկու անձնաւորութիւններու խաղերուն մէջ, հետեւաբար դատ չկայ:
Թատերախաղին կարեւորութիւնը կը կայանայ իր մանրամասնութիւններուն եւ ապշեցուցիչ խաղարկութեան մէջ` աղջկան եւ տնօրէնին իրապաշտ եւ անկեղծ կատարումներուն: Միաժամանակ կը համընկնի ծայրագոյն մարտահրաւէրի եւ հմտութեան` երկուքին կողմէ:
Այս ներկայացումը երկրորդ աշխատանքն է բեմադրիչ Նարէ Քիւրքճեանին, որուն մէջ անգամ մը եւս կ՛արտացոլայ իր հմտութիւնը` երկու տիպարներու հաղոդակցութեան մէջ ճշգրտութիւնը որդեգրելու:
Այս թատերախաղը կը ներկայացնէ հաղորդակցութեան տարբեր ոճ մը, որ կը նկարագրէ թատերական սերունդ մը, որ կ՛ուզէ ըսել տարբեր ազդու եւ գերակշռող խօսք մը: