
Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի 22 Նոյեմբերի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը՝ «Մանկապղծութիւնն ու մեղսակից լռութիւնը… Սա էլ սո՞ւտ է Գարեգին Բըըը: Արիւնակից եղբօրդ հարցրո՛ւ»։
Բացայայտումներ՝ հետազօտող լրագրողներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ:
Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն:
Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբե- րակին՝ ամեն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան, գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն:
YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը՝
ալիքին:
Աբօ Չափարեան. Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։ Այս շաբաթուայ մեր ելոյթի մաս կազմող ամենագլխաւոր նիւթը այն է, որ առաջին անգամ ըլլալով, վերջին 800 տարուայ մէջ, հայ ազատ մամուլը սկսած է իսկապէս ուժեղանալ եւ դրսեւորել իր բազմակողմանի օգուտները յօգուտ մեր ժողովուրդին եւ պէտք է ըսել, որ այս շռնդալից իրագործման մէջ հայ ընթերցողը եւ հեռուստադիտողը շատ մեծ դերակատարութիւն ունին եւ կը շարունակեն ունենալ։
Ազատ մամուլի եւ ոչ կուսակցական մամուլի հիմնական առաքելութիւնը այն է, որ ներխմբակցական կամ կազմակերպութեան մը վերնախաւի շահերուն ծիրէն դուրս պէտք է ելլէ եւ այդտեղ ալ պէտք է գործէ ազատ մամուլը։ Եւ այս պարագային պէտք է ըսել, որ Հիւսի- սային Ամերիկայի մէջ հպարտ եմ նշելու որ Keghart.org-ը գոյութիւն ունի եւ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, հպարտ եմ նշելու, որ հայերէն լեզուով հրատարակուող Հայ Կեանքը գոյութիւն ունի, անգլերէն լեզուով USA Armenian Life-ը, Փարիզի մէջ Նոր Յառաջ-ը, որ տնտեսական դժուարութիւններու մէջ է. պէտք է օգնել, որպէսզի ազատ մամուլը ամենուրէք ուժեղանայ։
Նաեւ ուրախալի երեւոյթ է որ Հայաստանէն ներս ալ ազատ մամուլը սկսած է ուժեղանալ, շնորհիւ, սիրելիներ, ներկայ ոսկէ սերունդին։ Եւ պէտք չէ ըսել միայն նոր սերունդը։ Ոսկէ սերունդը։ Նոր սերունդ եթէ ըսենք, կը սահմանափակուի տարիքի հասկացողութեամբ, բայց մենք պէտք չէ որ սահմանափակենք տարիքի հասկացողութեամբ եւ պէտք է նշենք, որ այն հայը եւ հայուհին, որ 18-88 տարեկան, նոյնիսկ 108 տարեկան է, բայց առողջ կը մտածէ եւ կը բարձրաձայնէ՝ այն կը համարուի նոր։ Ինչպէս որ անգլերէն կ҆ըսեն. When you see something, say something. Երբ որ սխալ բան մը կը տեսնես, բարձրաձայնէ, խօսիր այդ մասին։
Այս ներկայ դարաշրջանին բարձրաձայնումը շատ կարեւոր է եւ այս պարագային պէտք է ըսել, որ վերջերս երբ որ ջուրին երես ելան 3։00 նորանոր փաստեր թէ ինչպիսի մասշտաբի մանկապղծութիւն կ҆իրագործուի, օրինակի համար Անկլիքան եկեղեցիէն ներս՝ այդ մէկը առիթ եղաւ, որ զոհերը կարողանան հետապնդել իրենց դատը եւ հատուցում ստանան իրենց կրած տառապանքին եւ վնասներուն համար։ Ի հարկէ հայ ազգի համար սա արտակարգ երեւոյթ մըն է, որ կին եպիսկոպոս մը, դոկտոր Հելըն Հէթլի անունով, Նիւ Քեսըլ թեմէն, բարձրաձայնեց եւ քանի որ Անկլիքան եկեղեցիէն ներս մանկապըղծութեան առկայութիւնը չափ ու սահմանը անցած է, ելաւ բարձրաձայնեց եւ պահանջեց նամակագրութեամբ, որ Քէնթըրպըրիի առաջնորդը, այսինքն Անկլիքան եկեղեցւոյ ղեկավարը իր հրաժարականը տայ։ Միասին դիտենք այս տեսանիւթը եւ շարունակենք մեր զրոյցը։
Տեսանիւթ (Sky News)
Հարցում. Եպիսկոպոս Հելըն-Էն, Դուք առաջին եւ մինչեւ այժմ միակ եպիսկոպոսն էիք, որ կոչ ըրած էք Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին հրաժարելու: Ինչո՞ւ միայնակ ձայն էք:
Պատասխան. Արքեպիսկոպոսին հրաժարումը պահանջելու առաջին դրդապատճառս այն էր, որ Մէյթլանտի զեկոյցը կարդացող ոեւէ մէկը պիտի սարսափէր անոր բովանդակութենէն եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու դերէն՝ չարաշահումները ծածկելու մէջ: Նաեւ դրդուած էի այն նամակէն, որ ստացած էի զեկոյցի հրապարակումէն առաջ երկու արքեպիսկոպոսներէն, որ կը կարծեմ խորապէս կը խօսէր եկեղեցւոյ մէջ իշխանութեան եւ վերահսկողութեան մշակոյթին մասին: Կը կարծէի թէ ինծի պիտի միանային գործընկերներս, որոնք մասնաւոր կերպով կը դատէին, որ արքեպիսկոպոսին հրաժարիլը ճիշդ քայլ պիտի ըլլար: Մեծ հիասթափութիւն է ինծի համար, որ երբ հրապարակաւ այդ կոչը ըրի, իսկապէս միայնակ ձայն էի: Ասոր իրական բացատրութիւն չունիմ, բացի անկէ որ եպիսկոպոսներուն մէջ կայ լռութեան եւ վախի անառողջ մշակոյթ մը:
Հարցում. Ինչէ՞ն կը վախնան:
Պատասխան. Կը կարծեմ որ լռութիւնը շատ բան կ›ըսէ: Ոմանք կը լռեն թերեւս որովհետեւ իրենք զիրենք կը տեսնեն իբրեւ Քենթըրպըրիի նոր արքեպիսկոպոսի յաջորդ: Ուրիշներ կը վախնան յանդիմանութենէ եւ կշտամբանքէ, որովհետեւ գիտեմ որ գործընկերներս ստացած են իմինիս նման նամակներ, որոնք բաւական խիստ երանգ ունին: Այնպէս որ կը կարծեմ անոնք իսկապէս դրդուած են վախէն՝ գլուխնին կախ պահելու եւ չխօսելու, ինչ որ շատ ցաւալի է: Ներկայ իրավիճակը իրապէս բացայայտեց այս եւ անառողջ մշակոյթի այլ երեսները:
Հարցում. Եկէք քննենք այս ամէնը: Նախ եւ առաջ, ինչ որ կը թուի թէ կ›ըսէք ինծի՝ այն է, որ բարձրագոյն հիերարքիան, եթէ կ›ուզէք, վարակուած է պարզ աստիճանապաշտութեամբ, որ մարդիկ չեն ըներ ինչ որ պէտք է ընեն, որովհետեւ յաջորդ պաշտօնին կը նային: Ճի՞շդ է ատիկա:
Պատասխան. Կը կարծեմ որ ոմանք դժբախտաբար այդպէս կը մտածեն, եւ գիտեմ ասիկա գործընկերներուս հետ ունեցած ոչ պաշտօնական զրոյցներէն: Կը կարծեմ ուրիշներ պարզապէս վարժուած են գլուխնին կախ պահելու եւ առջեւի գործով զբաղելու, ինչ որ հասկնալի է, բայց կան պահեր երբ մարգարէական ձայն մը անհրաժեշտ է եւ մենք պէտք է ոտքի ելլենք: Կը կարծեմ նաեւ որ վախն ու լռութիւնը կրնան մասնակից ըլլալ անառողջ աստուածաբանութիւններու, որոնք կը կարծեմ եկեղեցական կեանքի սիրտն են տասնամեակներով, որոնք կը միտին խնդրականացնել սեռի, սեռականութեան եւ ցեղի նման հարցեր: Այս բոլորը այս պահուն խառնուած են, եւ ինչպէս ըսի, Մաք իրապէս բացայայտեց այս անգործունակութեան մեծ մասը:
Հարցում. Կ›ուզեմ անդրադառնալ ձեր նամակին, բայց դուք ըսած էք որ այս շաբաթավերջը Պաշտպանութեան Կիրակի է: Ձեր պատգամներէն մէկուն մէջ մէջբերած էք Առակաց գիրքը, որ կ›ըսէ թէ քրիստոնեաները պարտաւոր են խօսիլ անոնց համար, որոնք չեն կրնար իրենց համար խօսիլ: Կ›ըսէ՞ք որ ձեր գործընկերներէն շատերը ըստ էութեան չեն կատարեր իրենց քրիստոնէական պարտականութիւնը:
Պատասխան. Կը կարծեմ որ գործընկերներս շատ հիանալի գործ կ›ընեն տեղական մակարդակի վրայ, եւ եկէք դէմ յանդիման գանք իրակա- նութեան՝ եպիսկոպոս կամ հանրային կեանքի մէջ ղեկավար ըլլալը մարտահրաւէր է եւ երբեմն դիւրին չէ: Կը կարծեմ որ խորապէս հեգնական է որ Պաշտպանութեան Կիրակիի թեման է «Եկէք խօսինք այս մասին», որ ճիշդ այն է, ինչ եկեղեցին կը փորձէ ընել, բայց կը կարծեմ բաւարար չափով լաւ չ›ըներ: Երբեմն մենք կրնանք ետ պահուիլ վախէն, եւ այդ վախը կը տանի լռութեան, երբ կրնանք բաներ ըսել մասնաւոր կերպով եւ յետոյ չարտայայտել զանոնք հրապարակաւ, եւ ատիկա ինծի համար հիասթափեցնող է: 6։00
Աբօ Չափարեան. Հարցում իմ զրուցակցիս, պարոն Ոսկան Մխիթարեանին, թէ արդեօք լռութիւնը ո՞ւր պիտի հասնի, լռութիւնը ինչպէ՞ս կը դիտուի ներկայ դարաշրջանին եւ արդեօք այն եպիսկոպոսները, որ տեսանիւթին մէջ դոկտոր արքեպիսկոպոս Հէթլին նշեց, որ իրեն միայնակ թողած են, բարձրաձայնելու Քէնթըրպրիի առաջնորդի հրաժարականը պահանջելու մէջ, ի՞նչ կ҆ըսէք այս մասին եւ այս արտառոց վիճակը Անկլիքան եկեղեցիէն ներս ի՞նչ ձեւով կապուած է հայկական իրականութեան հետ։
Ոսկան Մխիթարեան. Պարոն Չափարեան, ոսկի խօսք մը կայ, որ յաճախ կը կրկնենք. Հայութեան մէջ ընդհանրացած է այդ մէկը՝ «Լռելը ոսկի է»։ Բայց այս պարագային լռելը ոսկի չէ, ընդհակառակը՝ յանցանք է։
Ահաւասիկ անցեալ մեր ելոյթի ընթացքին մանրամասնօրէն անդրադարձանք թէ ինչ պատահած է Անկլիքան եկեղեցւոյ մէջ եւ անոր մէջ գործող կին եպիսկոպոս մը, որուն քիչ յետոյ աւելի տարբեր ձեւով պիտի ուզէի անդրադառնալ, 9։00 քաջութիւնը ունեցաւ բարձրաձայնելու բոլոր այդ խայտառակութիւններու մասին, որ պատահած էր, կատարուած էր արքեպիսկոպոսի մը կողմէ, Անգլիայէն մինչեւ հարաւային Ափրիկէ։
Դժբախտաբար – բարեբախտաբար այդ արքեպիսկոպոսը արդէն ի Տէր յանգեաւ 2018 թուականին եւ ինչպէս որ նշեցինք, Քէնթըրպրիի արքեպիսկոպոսը առնուազն, քանի պահանջողներ կային, իր կողմէն նաեւ քաջու- թիւնը ունեցաւ, քաջութենէն աւելի պիտի ըսէի՝ վեհանձնութիւնը ունեցաւ հրաժարելու, որովհետեւ ձախողած էր իր ղեկավարութեան մէջ։
Սիրելիներ, միշտ կ҆ըսենք, որ երբ որ բան մը տեսնէք, խօսեցէք այդ մասին։ Այս ախտը մեր եկեղեցւոյ մէջ ալ կայ։ Անցեալ անգամ անդրադարձանք Երուսաղէմի դէպքին, Էջմիածնոյ մէջ կատարուած դէպքերուն։ Բայց քիչ մը ետեւ երթամ, որպէսզի չկարծէք որ կը խօսինք միայն այսօրուայ պատկերին մասին, որ արեւի պէս պայծառ է եւ այդ մասին շատեր խօսած են եւ գրուած է այդ մասին։

1910 թուականին Բենիկ վարդապետ այս ախտաճանաչումը կատարած է Արարատ թերթի մէջ, ըսելով, որ Էջիմածնոյ մէջ կուսակրօն եկեղեցա- կաններ տաս տարեկան մանչեր կը պահեն։ Այս ախտը որքան ալ ըսենք մարդկային է, անհանդուրժելի երեւոյթ մըն է, երբ այդ կը պատահի վանքէն մը ներս։ Այդ կուսակրօն եկեղեցականը, որ ծունկի եկած է եւ ուխտ կատարած է ծառայելու Աստուծոյ, Աւետարանի ճամբով, չի կրնար նման սրբապըղծութիւն մը ընել։ Հետեւաբար, Բենիկ վարդապետի այս եզակի բացայայ- տումը ժամանակի ընթացքին շարունակուեցաւ։
Այո, մարդկային թերութիւն է, բայց ներելի չէ եկեղեցականի պարագային, ներելի չէ նաեւ հայ անկիւնէ դիտած, հայ մարդուն համար։ Բայց մոռնանք այդ պահը, որտեւ այդ մասին չէ որ կը խօսինք։ Մենք կը խօսինք երեւոյթի մասին, որ պատահեցաւ Անկլիքան եկեղեցու մէջ եւ տակաւին վստահ որ կը շարունակուի, նոյնը կը շարունակուի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։ 12։00 Այո, պատահած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ անցեալին, խօսած ենք, կրկնելու պէտք չկայ։ Մեր ցաւը մեր տան մէջն է, սիրելիներ։
Բայց գիտէ՞ք ինչու այս բոլորը կը պատահին։ Որովհետեւ եպիսկոպոս, արքեպիսկոպոս, վարդապետ, քաջութիւնը չունին ելլելու խօսելու բացայայտելու։ Ահաւասիկ հոս է որ կը կրկնեմ. Լռելը ոսկի չէ։ Ընդհակառակը հոս լռելը յանցանք է, որովհետեւ դուք ձեր լռութեամբ, սիրելի արքեպիսկոպոսներ, վարդապետներ, կը խախտէք մեր ժողովուրդին հաւատքը հանդէպ եկեղեցւոյ։ Կը նսեմացնէք եկեղեցւոյ փայլքը։ Եկեղեցի մը, որ հայ ժողովուրդի ինքնութեան ողնածուծն է։ Կրանիտեայ ապառաժ եղած է դարերու ընթացքին։ Այսօր կը նսեմացնէք ձեր կենցաղով, ձեր արարքներով։ Խօսեցէք, սիրելիներ։ Մեր եկեղեցին ալ պէտք է մաքրուի։ Որովհետեւ նոյն ախտավարակ վիճակը կայ նաեւ մեր մօտ։ Հետեւաբար, լռելը այստեղ, սիրելիներ, ոսկի չէ։
Լռելը յանցագործութիւն է։ Այդ բացայայտումները նաեւ կ҆ուզեմ արտայայտէ մեր ժողովուրդը։ Այր եւ կին, մեծ եւ փոքր։ Երբ որ դէմ յանդիման կու գաք նման երեւոյթներու, սիրելիներ, խօսեցէք։ Եթէ չխօսիք, բան մը չի փոխուիր։ Չի կարելի ըսել ինծի ի՞նչ, այսպէս եկած է, այսպէս կ҆երթայ։ Ոչ միայն մեր եկեղեցական կեանքի մէջ, այլեւ մեր միութենական կեանքին մէջ։ Հոն ալ կան խախտումներ, կանոնագրային։ Խօսեցէք, բարձրաձայնեցէք։ Եթէ չբարձրաձայնէք, բան մը չի շտկուիր մեր կեանքէն ներս։ Չմոռնաք որ հայութեան մեծամասնութիւնը արտասահման կ҆ապրի։ 8 միլիոնը դուրսն է, 2.5-3 միլիոնը Հայաստան է։ Եթէ կան խախտումներ արտասահմանի մէջ, կրօնական, ազգային, կուսակցական, միութենական կեանքէն ներս, խօսեցէք, սիրելիներ։ Պիտի խօսիք, որպէսզի շտկուի կացութիւնը։ Եթէ խախտումներ կան մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, վարդապետ, եպիսկոպոս, քահանայ, տարբերութիւն չ՛ըներ, խօսեցէք, որպէսզի բան մը փոխենք, շտկենք։ Առանց այդ բացայայտումներուն բան մը չի փոխուիր։ Հետեւաբար, Անկլիքան եկեղեցին 15։00 մեզի օրինակ թող ըլլայ, սիրելիներ, որպէսզի մեր եկեղեցին մաքրուի այս ախտէն։
Հայ եկեղեցին բարեկարգութեան՝ չկայ մէկը, որ կը կասկածի, որ բարեկարգութեան պէտք ունի։ Բարեկարգութեան մէջ կարեւոր նիւթերէն մէկը պիտի ըլլայ այս հարցը՝ կուսակրօնութեան հարցը։ Եթէ պարտադրես երիտասարդին, որ կուսակրօն մնայ, դուն ձեւով մը պարտադրած կ҆ըլլաս իրեն դէմ երթալու այն ինչ որ բնութիւնը իր մէջ դրած է։ Եւ եթէ չկարենայ դիմադրել բնութեան այդ արհաւիրքին դէմ, պիտի զարտուղի ճամբայ գտնէ։ Հետեւաբար, այս բարեկարգութիւնը չի կրնար ըլլալ, եթէ դուք չբարձրաձայնէք եւ չպահանջէք։
Գարեգին ամենայն հայոց կաթողիկոս 25 տարի է բազմած է այդ աթոռին վրայ։ Ազգային եկեղեցական ժողով չէ եղած, ոչ ալ պիտի ըլլայ այնքան ատեն, որ ինք այդ աթոռին վրայ է։ Որովհետեւ գիտէ ինչ պիտի պատահի։ Բայց կ҆ակնկալենք մեր արժանաւոր եկեղեցականներէն`արքեպիսկոպոս, եպիսկոպոս, վարդապետ, բարձրաձայնեն, պահանջեն, որ անպայման ազգային եկեղեցական ընդհանուր ժողով կատարուի, որպէսզի այս խախտումները հեռանան, որպէսզի բարեկարգութիւն մտնէ մեր եկեղեցիէն ներս։
21րդ դարն ենք, սիրելիներ։ Մեր երիտասարդութիւնը հեռու է եկեղեցիէն։ Չկրցանք առինքնել մեր երիտասարդները։ Եկեղեցին մագնիսացնող ուժ ունի, բայց ներկայ կղերականութիւնը հոգեւոր դասակարգը մտահոգուած չէ այդ մագնիսով։ Ընդհակառակը, արհամարհանքով կը մօտենայ երիտասարդ սերունդին. անոր համար՝ գացէք եկեղեցիները տեսէք. եթէ հոգեհանգիստ չըլլայ, պարապ են մեր եկեղեցիները։ Հոգեհանգիստ եղած օրերն ալ մի քանի մամիկ, տատիկներ կան, որոնց մէկ ոտքը Ֆորէսթ Լոն է, գերեզման է։ Ո՞ւր է երիտասարդութիւնը։ Մեր եպիսկոպոսները, վարդապետները, առաջնորդները մտահոգուա՞ծ են երիտասարդութեամբ։ Ի՞նչ պէտք է ընէք, որպէսզի այդ երիտասարդները գան եւ եկեղեցւոյ մէջ զգան, թէ իրենք են եկեղեցին։
Սա կը նշանակէ, որ մեր հոգեւորական դասակարգը ձախողած է իր առաքելութեան 18։00 մէջ եւ չունի քաջութիւնը բացայայտելու, ինչպէս Քէնթըրպրիի արքեպիսկոպոսը ընդունեց իր հրաժարականը կամ ներկայացուց իր հրաժարականը, անդրադառնալով իր սխալին։ Դուք ալ, սիրելիներ, պահանջեցէք, որպէսզի ժողով տեղի ունենայ, հայ եկեղեցին բարեկարգուի եւ անգամն ալ եւս իր մագնիսացնող ուժը վերագտնէ, որպէսզի կարենայ համախմբել։
Չկայ կազմակերպութիւն մը մեր կեանքին մէջ ազգային, ըլլայ ատիկա կուսակցական կամ միութենական, որ ունի այդ ուժը հաւաքելու, ինչ որ ունի եկեղեցին։ Հետեւաբար, եկեղեցւոյ առաքելութիւնը շատ աւելի մեծ է։ Ասիկա իմանալով, մեր եկեղեցական բարձրաստիճանէն մինչեւ փոքրաւորը, պարտաւոր է բացայայտելու բոլոր այդ ախտերը, որոնք կը կատարուին մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, որպէսզի եկեղեցին բարեզարդուի, բարենորոգուի եւ կարենայ ստանձնել անգամ մը եւս իր դարաւոր, հաւատաւոր, արժանաւոր այդ դերը, որ ունեցած է անցեալին։
Չմոռնաք սիրելիներ, միշտ կ҆ըսեմ. Եկեղեցին դուք էք։ Եկեղեցի կը նշանակէ ժողովուրդի հաւաքականութիւնը։ Առանց ձեզի եկեղեցին քար է։ Մենք քարով չէ, որ կ҆ուզենք զբաղիլ։ Մենք կ҆ուզենք այդ եկեղեցւոյ մէջ հնչեն շարականները, աղօթքները։ Ատոր պիտի ըլլաք դուք մասնակից։ Դուք էք եկեղեցին։ Տէր կանգնեցէք ձեր եկեղեցիին։ Բարձրաձայնեցէք եւ պահանջեցէք։ Միայն այդ ատեն մեր եկեղեցին անգամ մը եւս կը բարեզարդուի եւ իր առաքելութեան ուղիի մէջ կը մտնէ։
Աբօ Չափարեան. Երբ վերջին հաղորդումներէն մէկուն ընթացքին ես բարձրաձայնեցի այն փաստին մասին, որ այսօրուայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջիմածնի սուրբ գահը իւրացուցած, ապօրինի կերպով իւրացո- ւցած Գարեգին բ. չկաթողիկոսի արիւնակից եղբայրը՝ Եզրասը, Մոս- կուայի չառաջնորդ, չարքեպիսկոպոս Եզրասը իր հերթին մանկա- պիղծ է, յետոյ լսեցի կարգ մը աղբիւրներէ, որ իրեն մօտիկ անձնա- ւորութիւններուն ըսած է՝ «ստաբանութիւններ են»։ Եթէ ստաբանու- թիւններ են, Գարեգին բ. չկաթողիկոս, աւելի լաւ կ҆ըլլայ որ ձեր հարա- զատ եղբօրը աչքերուն մէջ նայեցէք 21։00 եւ իրեն հարցուցէք եւ ին- քը ձեզի անուն ազգանունով կ҆ըսէ եւ նաեւ կ҆ըսէ, թէ որ երկրէն այդ երեխան, որ որբացած վիճակի մէջ Արժանթինայէն Հայաստան բե- րած են, որովհետեւ ծնողազուրկ դարձած է այդ երեխան եւ այդ անպաշտպան երեխան՝ տղան, մանկապղծութեան զոհը գացած է ձեր արիւնակից եղբօր՝ Եզրասի կողմէ։
Ամենատխուր երեւոյթը այն է, որ սփիւռքէն ալ «թռչող կապիկներ» յայտնուած են, որ Գարեգին բ.ի այս ստաբանութիւնները կը տա- րածեն եւ այդ թռչող կապիկներուն մէջ կան նաեւ նորելուկ հարուստ- ներ, որոնք չեն հաւատար, որ իրենք հարստութեան՝ դրամական հարստութեան հասած են եւ ճշմարտութիւնը մէկդի գցելով, անարժա- նաբար կը ներկայանան մետալ ստանալու համար։
Ամչցէք սիրելիներ, ասիկա ձեզի չի վայելեր, ամօթ է։ Եւ ատոր վրայ ալ կ҆ելլէք Գարեգին բ-ի թմբուկը կը չալէք։ Ամօթ է, ասիկա ընդունելի բան չէ։ Եւ երբ որ ձեր մասին թռչող կապիկներ կ҆ըսուի, կը նեղանաք։ Եւ այդ թռչող կապիկներու հերթին նաեւ կան այստեղ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ աշխարհականներ, որոնք բոլորուած են անարժան թեմական առաջնորդներու շուրջ եւ ամէն կերպ իրենց թըռ- չող կապիկի առաքելութիւնը կ҆իրականացնեն։ Քիչ առաջուայ տեսա- նիւթի մէջ, մենք ականջալուր եղանք այն փաստի մասին, երբ Անգլիոյ Անկլիքան եկեղեցւոյ Նիւ Քեսըլի թեմի առաջնորդը, դոկտոր Հէլըն Հէթլին բարձրաձայնեց երեւոյթի մը մասին եւ դատապարտեց այդ երեւոյթը, լռութեան մէջ թաղուած՝ վախեցման մշակոյթը։
Դոկտոր Հէթլին շատ պարզ ու յստակ ըսաւ, որ Անկլիքան եկեղե- ցւոյ ղեկավար շրջանակները վախեցման միջոցաւ կը լռեցնեն այն առողջ մտածողները։ Իսկ ես պէտք է ըսեմ, որ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ վախեցման գործիքաւորման մէջ նաեւ մաս կը կազմէ դատարաններ քաշկռտելու, դատական գործ յարուցելու մի- ջոցաւ վախեցման գործիքաւորումը։ 24։00 Եւ այս գործիքաւորումով, բարեբախտաբար, շնորհիւ Ամերիկայի օրէնքին եւ գործող դատաիրա- ւական համակարգին, շառաչիւն ապտակներ կը ներկայացնէ այս վա- խեցման գործիքաւորման գործընթացով զբաղուողներուն։ Ապա- գային այդ մասին։
Բայց հիմակուհիմա, սիրելիներ, մենք պէտք է շարունակենք զօրակ- ցիլ, առաւել զօրակցիլ ոչ կուսակցական ազատ մամուլին, որպէսզի իր առաքելութիւնը ուժեղ կերպով, անսայթաք կերպով շարունակէ, յօգուտ հայկական պետականութեան, յօգուտ Հայաստանեայց Առա- քելական եկեղեցւոյ եւ բոլոր յարանուանութիւններու առողջացման եւ հզօրացման։ Ուրեմն, մայրս կ҆ըսէր. «Մաքրութիւնը հարստութիւն է»։ Եւ իրօք, անշուշտ ինքը այդ խօսքը իր մեծերէն լսած էր, հայկա- կան հին ասացուածք մըն է, այո, մաքրութիւնը առողջութիւն է եւ առողջութիւնն ալ հզօրութիւն է։ Մենք առողջ ենք եւ հզօր ենք միասին։
Ոսկան Մխիթարեան. Ինչպէս պարոն Չափարեանը արտայայտուեցաւ, թէ Անկլիքան եկեղեցւոյ եպիսկոպոս կինը արտայայտուած էր, թէ որքան ուժ կը բանեցնեն, լռեցնելու, նոյնն է նաեւ, սիրելիներ, մեր եկեղեցւոյ մէջ։
Գիտէ՞ք ինչու մեր եպիսկոպոսները քաջութիւնը չունին բացայայտելու, բարձրաձայնելու, որովհետեւ կը վախնան, որ Ամենայն Հայոց հայրապետ Գարեգին կաթողիկոս անմիջապէս իրենց կարգազուրկ կը հռչակէ։ Նախոր- դին արդէն բոլորդ ալ տեսած էք, լսած էք, թէ ինչպէս Գարեգին կաթողիկս հեռաձայնով մը 27 տարուայ ծառայութիւն ունեցող արքեպիսկոպոսին կարգը առաւ։ Ինչպէ՞ս կարելի է այս բոլորը ընկալել ուղեղին մէջ, երբ եկեղեցին կարգ ու կանոն ունի, երբ այդ անհատին առիթ չի տրուիր իր դէմ կատարուած զրպարտութիւններուն մասին արտայայտուելու։ Ինչպէ՞ս կարելի է խախտել եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնը եւ հեռաձայնով մը արքեպիսկոպոսին կարգը առնել։ Ոչ միայն արքեպիսկոպոսին, ոեւէ մէկ վարդապետի։
Չկայ եպիսկոպոս մը, չկայ վարդապետ մը, որ քաջութիւնը ունի բարձ- րաձայնելու, որտեւ Գարեգին կաթողիկոս այդ օր իսկ, ոչ թէ յաջորդ օրը, այդ եկեղեցականին կարգը կ҆առնէ։ Ցաւալի կերպով պիտի ըսեմ, որ Արամ կաթողիկոս ալ նոյնն է։ 27։00 Քանի եկեղեցական ունինք մեր չորս կողմը հոս, Կիլիկեան միաբանութենէն, որոնք այս կամ այդ պատճառներով հեռացուած են։ Պարթեւ վարդապետ, Վրոյր վարդապետ, Մաշտոց վարդապետ… Այս բոլորը ինչո՞ւ պիտի ըլլան, չեմ հասկնար։ Ժողովուրդը իր լուման կը դնէ, որ եկեղեցին առողջ մնայ եւ այս սերունդը պատրաստուի։ Ինչպէ՞ս կրնաք քուրչի կտորի պէս ձեր միաբանները դուրս դնել։ Անհաւատալի երեւոյթ է ասիկա։ Սխալ բան մը կայ մեր եկեղեցւոյ մէջ։ Սա կը նշանակէ, որ մեր նուիրապետական աթոռները լրջութեամբ չեն մօտենար մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Մենատիրութենէ, մենատիրութեան ախտէն, հիւանդութե- նէն կը տառապին։
Դուք սէր պիտի քարոզէք, սիրելիներ։ Այդ սիրոյ արտայայտութիւնը այս չէ։ Հետեւաբար, մենք կոչ կ҆ուղղենք ձեզ, Աւետարան քիչ մը եւս սերտեցէք, որպէսզի իմանաք, թէ ինչ ըսած է Տէրը։ Մեծագոյն առաքինութիւնը մարդ արարածին սէրն է։ Այդ սէրը Ինք ցոյց տուաւ մեզի իր խաչելութեամբ եւ մեզի յորդորեց, որ զիրար սիրենք։ Գործնական կերպով սիրենք, սիրելիներ եւ ոչ թէ հեռացնենք մեր սիրելիները մեր անդաստանէն, որովհետեւ մեզ մտիկ չըրին։ Սորվինք զիրար մտիկ ընել։ Սորվինք զիրար յարգել, որպէսզի մենք ալ յարգուինք։