Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Վահագն Դաւ- թեան աշխարհի բաժակի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի ոսկի մետալակիր դարձաւ: 

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Գերմանիոյ Քոթպուս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող այս մրցաշարքին, օղակներու վարժութեան աւարտական մրցումներուն, Վահագն Դաւթեան 14.133 կէտ հաւաքելով գրաւեց առաջին դիրքը: Այս վարժութեան Հայաստանի ազգային խումբի միւս ներկայացուցիչը` Արթուր Աւետիսեան 4-րդ դիրքը գրաւեց: 

Աւելի առաջ, նժոյգի վարժութեան մրցումներուն հանդէս եկած էին Համ- լեթ Մանուկեան եւ Մամիկոն Խաչատրեան, որոնք առաջին 3 դիրքերը չգրաւեցին: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *