Այս հանդիսաւոր առիթով Հայ Աւե-
տարանական Համաշխարհային
Խորհուրդը կ›ոգեկոչէ Օսմանեան
Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած
Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամե-
ակը:
Մենք կը խոնարհինք մեր նահա-
տակներուն յիշատակին առջեւ եւ
մեր խորին յարգանքի տուրքը կը մա-
տուցենք անոնց՝ տղամարդոց, կա-
նանց եւ երեխաներուն, որոնց կեան-
քը բռնի խլուած է, տուներն ու հա-
մայնքները աւերուած, եկեղեցիները, դպրոցները, ուսումնական եւ առող-
ջապահական հաստատութիւնները քանդուած, մշակութային ժառանգու-
թիւնը թալանուած ու հայրենիքը պղծուած: Մենք կը յիշենք մեր ժողովուրդին
հասցուած ո՛չ միայն ֆիզիքական աղէտը, այլ նաեւ հոգեւոր, մշակութային,
տնտեսական եւ սերնդային անթիւ կորուստները, որոնք կը շարունակեն
մինչեւ օրս ազդել մեր ժողովուրդին վրայ:
110 տարի անց մենք կը վերահաստատենք մեր աննկուն յանձնառութիւնը
յիշողութեան, արդարութեան, ամոքման եւ զարգացման նկատմամբ: Մենք
կտրականապէս կը մերժենք ոճրագործներուն եւ անոնց իրաւայաջորդներուն
բոլոր ջանքերը՝ ժխտելու, խեղաթիւրելու կամ վերանայելու Հայոց ցեղասպա-
նութեան պատմական իրողութիւնը, ընդհուպ՝ Հայոց պատմութիւնը: Փաս-
տերու ոչնչացումը, զոհերու մեղադրումը, սերունդներու եւ վերապրողներու
ձայնը լռեցնելու փորձերը հիմք կը հանդիսանան լուրջ անարդարութիւններու
եւ բարոյական ձախողութիւններու, որոնք կը խորացնեն պատմութեան
վէրքերը:
Ցաւօք, աշխարհի լռութիւնն ու անտարբերութիւնը կը շարունակուին:
Արցախի հայկական պատմական հողի՝ վերջերս իրականացուած բռնազա-
ւթումը, անոր նախկին ղեկավարութեան ապօրինի ձերբակալութիւնները
եւ կեղծ դատավարութիւնները, բնիկ ժողովուրդի բռնի տեղահանութիւնը,–
այն ժողովուրդին, որ հազարամեակներ շարունակ հաւատարիմ մնացած
է իր հայրենիքին,– կը մատնեն ցեղասպան մտայնութեան նորովի դրսե-
ւորում: Միջազգային հանրութեան ձախողութիւնը՝ բարոյական ազնուու-
թեամբ միջամուխ ըլլալու կամ խօսելու, կ›ընդգծէ լռութեան յարատեւ մեղ-
սակցութիւնը:
Աւելի քան մէկ դար համաշխարհային տէրութիւնները, քաղաքական
ուժերը եւ նոյնիսկ կրօնական, ակադեմական եւ իրաւական կառոյցները
յաճախ աչք փակած են ճշմարտութեան վրայ՝ առաջնորդուելով աւելի շատ
նպատակայարմարութեամբ, քան արդարութեամբ:
Այս լռութիւնը ծանր հետեւանքներ ունեցած է մարդկութեան համար՝
ենթահող նախապատրաստելով հետագայ ցեղասպանութիւններու եւ մարդ-
կութեան դէմ յանցագործութիւններու համար: Ժամանակակից աշխարհին
մէջ ցեղասպանութեան ժխտումը կը շարունակէ մնալ բարոյական քայ-
քայման նենգագոյն դրսեւորումներէն մէկը։ Հայկական պատմական իրողու-
թիւններու, մշակոյթի ու հողի խեղաթիւրման ամէն փորձ անկասկած պէտք
է մերժուի քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ։ Ի շարս այլոց՝ վերանայման
քաղաքականութեան անընդունելի օրինակ է վերջերս Ազրպէյճանի կողմէ
Հռոմի Փոնթիֆիքալ Կրէկորեան համալսարանին մէջ կազմակերպուած
համաժողովը, ինչը վարկաբեկում է պատմագիտութեան եւ բարոյական
պատասխանատուութեան։
Միաժամանակ մենք երախտագիտութեամբ կ›ընդունինք ու կը յարգենք
բոլոր այն երկիրները, կազմակերպութիւնները, եկեղեցիները եւ այլ կա-
ռոյցներ, որոնք պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ
կը շարունակեն նշանակալի դեր խաղալ անոր վէրքերու սպիացման մէջ։
Ճշմարտութեան եւ արդարութեան անոնց յանձնառութիւնը բարոյական
խիզախութեան փարոս է աշխարհի մը մէջ, որ յաճախ կը բնութագրուի
Գրեց՝ Վեր. Դոկտ. Վահան
Յ. Թութիկեան
լռութիւնը, պատեհապաշտութիւնն ու ժխտողականութիւնը:
Այնուամենայնիւ, հակառակ մահուան եւ աւերներու, աքսորի եւ ցանու-
ցիրութեան` հայ ժողովուրդը կը տոկայ: Մենք պատուադիր ենք աստուածա-
պարգեւ տոկունութեան համար, որ թոյլ տուած է մեզի ոչ միայն գոյատեւելու,
այլեւ բարգաւաճելու։ Մենք շնորհակալ ենք Հայաստանի անկախ Հանրա-
պետութեան հռչակման միջոցով մեր նախնիներու երազներուն իրակա-
նացման համար։ Մենք կը գնահատենք տարբեր մայրցամաքներու վրայ
բարգաւաճող հայկական Սփիւռքի կենսունակութիւնը, ինչը մեր ժողովուր-
դին տոկուն ոգիին կենդանի վկայութիւնն է:
Հիմնուելով մեր քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքներուն վրայ եւ ամ-
րապնդուելով յարուցեալ Տէրոջ յաւերժակեաց ոգիով, մենք կոչ կ›ընենք բոլոր
խղճամիտ մարդոց՝ կողմնապահ ըլլալու ճշմարտութեան, իրաւացիութեան
եւ արդար խաղաղութեան։
Իրական հաշտեցումը պէտք է սկսի պատմական ճշմարտութեան ըն-
դունումով, Ցեղասպանութեան յանցագործութեան եւ անոր ժխտման հա-
մար զղջում արտայայտելով, ինչպէս նաեւ յիշատակի յարգումով: Ցեղասպա-
նութիւնը երբեք պէտք չէ ենթարկուի քաղաքական շահարկումներու, այլ
պետք է դիտարկուի բարոյական բարձրագոյն լրջութեամբ եւ ազնուութեամբ։
Թող 110-ամեակի այս ոգեկոչումը ըլլայ աւելի քան անցեալի յիշատակումը։
Թող ան ծառայէ որպէս արդարութեան, մարդկային արժանապատուութեան
եւ կեանքի սրբազնութեան նորովի հաստատում: Թող սա կոչ ըլլայ համայն
հայութեան՝ անսասան մնալու հաւատքի եւ տոկունութեան, միասնութեան
եւ նուիրումի ոգիին, այլեւ պետականաշինութեան իրենց շարունակական
եռանդին մէջ, ինչպէս նաեւ կոչ միջազգային հանրութեան՝ խղճամտութեամբ
մօտենալու պատմութեան եւ ներկայ ժամանակներու շարունակուող ցաւալի
ցեղասպանութիւններու իրողութեան:
Թող մնանք մեր նահատակներուն ժառանգութեան հաւատարիմ պահա-
պանները եւ անխոնջ աշխատինք յանուն արդար ու խաղաղ աշխարհի, ուր
այլեւս երբեք պէտք չէ թոյլատրուի այդպիսի չարիքներու աճը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *