Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի բազ- մակի ախոյեան Մալխաս Ամոյեան 5-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ըմբ- շամարտի ախոյեանութեան, 77 քկ կշիռի աւարտականին, Ամոյեան մրցեցաւ վրացի Ռամազ Զոյձէի դէմ եւ չնչին առաւելութեամբ յաղթեց իր մրցակիցին: Յունահռոմէական ոճի 55 քկ կշիռի մրցումներուն, Մանուէլ Խաչատրեան պարտուեցաւ պրոնզէ մետալի մրցումինտեղի տալով պուլկարացի մրցա- կից Սթեֆան Կրիկորովի դիմաց 3-1 արդիւնքով: 60 քկ կշիռի կիսաւարտականի մրցումներուն, Սուրէն Աղաջանեան շատ կարեւոր մրցումի մը ընթացքին տուշէով յաղթեց ազրպէյճանցի Նիհատ Մա-մատլիին եւ այսօր աւարտականին պիտի մրցի սերպ Ճիորճի Թիպիլովի դէմ: Թիպիլով 7-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր ռումանացի Քորնե- լիու Ռուսուն: 63 քկ կշիռի պրոնզէ մետալի մրցումին, Կարէն Ասլանեան 11-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ տարաւ Լեհաստանը ներկայացնող մարզիկ Մայրպեք Սալիմովի դէմ մրցումին եւ դարձաւ պրոնզէ մետալակիր: 67 քկ կշիռի մրցումներուն, Սլաւիկ Գալստեան փլէյ-օֆի մրցում պիտի կատարէ հասնելու պրոնզէ մետալի մրցումին: 72 քկ կշիռի պրոնզէ մետալին համար պիտի մրցի Գասպար Տէրտէրեանռուս Ալեքսանտր Լիավոնչիքի դէմ: 82 քկ կշիռի մրցումներուն, Սամուէլ Գրիգորեան զտումի մրցում պիտի կատարէ հասնելու պրոնզէ մետալի մրցումին:
