ՕՐ 1՝ ՈՒՐԲԱԹ, ՄԱՅԻՍ 1, 2026թ

Անոր անունը յաւիտեա՛ն մնայ.

անոր հռչակը մնայ այնքան՝

որքան ատեն որ կը մնայ արեւը:

Երկրի բոլոր ազգերը թող իրմո՛վ օրհնուին,

եւ երանի տան անոր: (Սաղմոս 72.17)

ՕՐ 2՝ ՇԱԲԱԹ, ՄԱՅԻՍ 2, 2026թ

Ահա անիկա կու գայ ամպերու վրայ: Ամէն մարդ պիտի տեսնէ զայն, նաեւ

անոնք՝ որոնք խոցեցին զինք: Երկրի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան

անոր վրայ: Այո՛, թող այդպէս ըլլայ: (Յայտնութիւն 1.7)

ՕՐ 3՝ ԿԻՐԱԿԻ, ՄԱՅԻՍ 3, 2026թ

Հետեւաբար ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէք եւ իրարու համար

աղօթեցէք, որպէսզի բժշկուիք. որովհետեւ արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ է

եւ մեծապէս կ՚օգնէ։ (Յակոբոս 5.16)

ՕՐ 4՝ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, ՄԱՅԻՍ 4, 2026թ

Եւ դուք ձեզ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք, սպասելով որ մեր Տէրը

Յիսուս Քրիստոս իր ողորմութեանբ յաւիտենական կեանքը տայ ձեզի:

(Յուդայ 1.21)

ՕՐ 5՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՄԱՅԻՍ 5, 2026թ

Որովհետեւ քու սէրդ կեանքէն աւելի՛ կ՚արժէ.

ուստի շրթներս պիտի գովաբանեն քեզ,

ամբողջ կեանքիս ընթացքին պիտի օրհնաբանեմ քեզ,

եւ ձեռքերս աղօթքով դէպի քեզ բարձրացնեմ: (Սաղմոս 63.3-4)

ՕՐ 6՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՄԱՅԻՍ 6, 2026թ

Մարդ ինչ որ ցանէ՝ այն կը հնձէ: Ով որ իր մարմնի անդաստանին մէջ

ցանէ՝ մահ պիտի հնձէ իր մարմնէն, իսկ ով որ Սուրբ Հոգիի անդաստանին

մէջ ցանէ՝ յաւիտենական կեանք պիտի քաղէ Սուրբ Հոգիէն: (Գաղատացիս

6.8)

ՕՐ 7՝ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, ՄԱՅԻՍ 7, 2026թ

Վստահեցէ՛ք Աստուծոյ, որ ձեզ կանչեց՝ հաղորդակից դառնալու իր

Որդիին, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի։ (Ա. Կորնթացիս 1.9)

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *