Ռազմապարերը հայկական մշակոյթին մէջ պարզապէս պարային ձեւ չեն. անոնք ժողովուրդին պատմական յիշողութեան, պայքարի եւ գոյատեւման կենդանի արտայայտութիւններն են: Այս պարերուն իւրաքանչիւր շարժու- մը կը կրէ խոր իմաստկապուած յաղթանակներու, կորուստերու եւ վեր- ապրումի հետ: Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ յաղթանակներ կերտած է մեծ զոհողութիւններու գնով: Այդ յաղթանակները յաճախ «արիւ- նով ու կեանքով պսակուած» են, եւ անոնց յիշողութիւնը փոխանցուած է ազգային մշակոյթի միջոցով, յատկապէս` ռազմապարերուն մէջ:
