ՕՐ 1՝ ՈՒՐԲԱԹ, ՀՈՒՆԻՍ 5 , 2026թ
Քեզի՛ կ՚ուղղեմ աղօթքս, ՏԷ՜Ր։
Քեզի՛ վստահած եմ, ո՜վ իմ Աստուածս,
թող ամօթով չմնամ,
թող թշնամիներս չխնդան իմ վրաս։ (Սաղմոս 25.1-2)
ՕՐ 2՝ ՇԱԲԱԹ, ՀՈՒՆԻՍ 6 , 2026թ
Վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին:
Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան:
(Մատթէոս 24:34-35)
ՕՐ 3՝ ԿԻՐԱԿԻ, ՀՈՒՆԻՍ 7 , 2026թ
Հրաժարած ենք վարագոյրի ետին նիւթուած ամօթալի գործերէն,
այսինքն՝ խորամանկութիւն ի գործ չենք դներ եւ Աստուծոյ խօսքը չենք
նենգափոխեր. այլ բացէ ի բաց ճշմարտութիւնը կը յայտարարենք, եւ
ա՛յսպէս կը ներկայանանք մարդոց առջեւ, ինչպէս պիտի ընէինք Աստուծոյ
առջեւ։ (Բ. Կորնթացիս 4:2)
ՕՐ 4՝ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, ՀՈՒՆԻՍ 8, 2026թ
Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք,
Ասոնք ո՞վ ստեղծեց։
Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։
Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ։
Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովը
Անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր։ (Եսայեայ 40:28)
ՕՐ 5՝ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՀՈՒՆԻՍ 9 , 2026թ
Որովհետեւ՝ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, իսկ ով որ
իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ: (Ղուկաս 14:11)
For all those who exalt themselves will be humbled, and those who humble
themselves will be exalted. (Luke 14:11)
ՕՐ 6՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, ՀՈՒՆԻՍ 10 , 2026թ
Թէեւ անիկա զիս սպաննէ, ես անոր պիտի յուսամ.
Մանաւանդ ճամբաներս անոր առջեւ պիտի պաշտպանեմ: (Յոբայ 13.15)
ՕՐ 7՝ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, ՀՈՒՆԻՍ 11 , 2026թ
Իսկ առանց հաւատքի անկարելի է Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլ։
Արդարեւ, Աստուծոյ մօտեցողը պէտք է հաւատայ՝ թէ ան գոյութիւն ունի եւ
կը վարձատրէ անոնք որ զինք կը փնտռեն։ (Եբրայեցիս 11.6)
