Շաբաթ օր, «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական մարզա- դաշտին վրայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը բարեկամական մըր- ցում մը կատարեց Ղազախստանի դէմ: 14 հազար համակիրներ ներկայ էին, ուր ազգային խումբը բաւական լաւ ելոյթ մը ունեցաւ: 50-րդ վայրկեանին Մաքսիմ Սամորտով նշանակեց Ղա- զախստանի կոլը, որմէ 3 վայրկեան ետք խմբապետ Էդուարդ Սպերցեան գեղեցիկ հարուածով նշանակեց հաւասարութեան կոլը: Պէտք է ըսել, որ Հայաստանի ազգային խումբը շատ աւելի լաւ էր մրցակիցէն, բայց Ֆին Կերա- կուսեանի բացակայութիւնը, ինչպէս նաեւ յառաջապահներ Արթուր Միրա- նեանի եւ Հրանդ-Լէոն Ռանոսի (ոչ շատ պատրաստ) վիճակը կարելիութիւն չընձեռեց, որ առիթները կոլի վերածուին: Միրանեան 1 ամիսէ ի վեր ֆութպոլ չէր խաղար եւ մարզական վիճակի մէջ չէր, մինչ Ռանոս իր կարգին Գերմանիոյ իր ակումբին հետ միշտ առիթ չունի հիմնական կազմէն խաղալու, բան մը, որ յառաջդիմելու առիթը կը նուազեցնէ: Վաղը մրցում մը եւս պիտի կատարէ Հայաստանի հաւաքականը, Երեւանի մէջ Մոլտովայի դէմ, յոյսով, որ աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգէ 3 ամիս ետք, Ազգերու լիկայի մրցումները չսկսած (25 սեպտեմբերին):

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *