Ստորեւ կը ներկայացնենք 2026 թուականի 5 Յունիս USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսայինհաղորդաշարինարտագրուած «թեքսթ»ը՝ «Գարեգին բ դահիճնու ռսաստրուկռոբո-սերժո-տաշիրներ՝ դէպիպատմությանաղբանոցըքրէակատարողականհիմնարկ»։Բացայայտումներ՝ հետազօտողլրագրողներ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆի եւ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆի կողմէ:

Եթէ կը ցանկաքստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը

էլեկտրոնայինփոստով, կը խնդրենք ե-նամակ (email) ուղարկելusarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէինկամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացնեցէ՛ք Ձեր անունըազգանունըհեռախօսիթիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի միացեալտպագիրտարբերակինփոխանցեցէ՛ք Ձեր տանգրասենեակիկամփոստարկղիհասցէնusarmenianlife@gmail.comելեկտրոնային հասցէովկամհեռաձայնելով 1-818-241-5777։ 

Յովնան Տէրտէրեան ՊարտուեցաւԴատարանին Մէջ ընդդէմ Հայ Կեանքին

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Բարեւձեզսիրելիհեռուստադիտողներ։
 Հայ 
անկուսակցականազատմամուլիերկրպագուներու համար եւ զօրակիցներուհամար, ընթերցողներու համար ունինքհոյակապլուրմը․ ռուսաստրուկ, հին գողապետական կլանինանբաժանմէկմասնիկ Գարեգին Բ. ԿտրիճՆերսէսեանիանմիջական փարթնըր՝ գործընկեր, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմիթեմակալառաջնորդ Յովնան Տէրտէրեանը պարտութիւնկրեցԱմերիկայի երկու դատարաններէններս

Երեք տարի առաջ USA ARMENIAN LIFE 

Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ մենք ինչպիսի տքնաջան աշխատանք կատարած ենք երկար տարիներու վրայ: Եւ պէտք է ըսել, որ անցնող 40 տարիներու ընթացքին շուրջ 400 բացայայտումներ կատարուած են եւ այդ 400 բացայայտումներու վերաբերեալ ոչ մէկ տեսակի դատական պարտութիւն չէ կրած USA Armenian Life-ը։ Ինչ կը վերաբերի Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի, անոր մասինբացայայտումներ կատարուած են ձեր խոնարհ ծառայի կողմէ սկսած 2015 թուականին եւ այդ բացայայտումներով, որ շուրջ 50-60 բացայայտումներ էին, ինքը 15-ը ջոկեց միայն, որպէս բողոքարկման ենթակայ յայտարարութիւններ եւ դատական գործ յարուցեց եւ անշուշտ քիչ առաջ ինչպէս որ նշեցի պարտութիւն կրեց, երկու անգամ պարտութիւն կրեց:

Ուրեմն սա կը նշանակէ, որ այն գլխէն ինքը արդէն աւելի քան 35-40 բացայայտումներուհետ համախոհ գտնուելէ ետքը 15-ը վիճարկելի գտած է, անոնք կորստեան մատնուեցան, յետոյ վեցի վրայ չորսը կորստեան մատնուեցան: Մանրամասնութիւնները այս շաբթուայ «Հայ Կեանք» շաբաթաթերթի մէջ եւ USA Armenian Life-ի մէջ մանրամասն փաստերը ներկայացուած են․ անոնք, որոնք բաժանորդ են, արդէն կը ստանան, իսկ անոնք, որոնք կը փափագին ստանալ այդ թիւը, թող հեռաձայնեն 818 241 5777 կամ email-ով դիմեն usarmenianlife@gmail.com:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Յունիսի 7-ի համապետական ընտրութիւններուն, պէտք է ըսել, որ ճակատագրական հանգրուան մըն է վերստին վերականգնուած հայկական պետականութեան համար. իր ամբողջ 36 տարուայ ընթացքին ամենաճակատագրական որոշումը պիտի ընդունի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական հասարակութիւնը: Պէտք է ըսել, որ այս պայքարըբոլոր նախադրեալները ունի, որ բանալի յաղթանակով աւարտի ի նպաստ հայ ժողովուրդին, ի նպաստ հայկական պետականութեան, եթէ Հայաստանի քուէարկող, ընտրութիւն կատարող քաղաքացին իր քուէն չվաճառէ, իսկ եթէ վաճառէ՝ իրաւապահ մարմինները պատասխանատուութեան ենթարկեն եւ ազատազրկեն այդ քաղաքացին, որ ընտրակաշառք կ’ընդունի:

Իսկ մնացած սրտացաւ, անկեղծ, ազնուասիրտ, ազնուամիտ քաղաքացիները իրենց պարտականութիւնը եթէ լիուլի կատարեն, մենք ապա ուրեմն մեր առջեւ պարզուած կը տեսնենք հայկական պետականութեան, ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ պաշտպանութեան համար եւ նաեւ տնտեսութեան հզօրացմանհամար նոր ************** :

Մենք Մայիսի 28-ին ուրախութեամբ ականատես եղանք, թէ ինչպէս հայկական պաշտպանութիւնը եւ սպառազինութիւնը նոր մակարդակ ստեղծած էին, հիմա կը պատրաստուինք նոր մակարդակ ստեղծելու բոլորս համատեղ, համերաշխ աշխատանքով, սոցիալական արդարութեան առումով, ներքաղաքական դաշտի մաքրման առումով, եկեղեցական շրջանակը վերականգնելու, առողջութիւնը վերականգնելու առումով եւ ընդհանրապէս բոլոր մակարդակներուն վրայ նոր [********]: Դիտենք վարչապետ Փաշինեանի ելոյթը եւ իր հետ այդ թեմայի հետ կապուած համապետական ընտրութեան հետ կապուած երկու տեսանիւթերը եւ շարունակենք մեր զրոյցը:

Նիկոլ Փաշինեան․ ՏէրԿանգէնքՊետութեանը

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. Ես սիրում եմ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իմ կեանքը դրուած է յանուն ազատ եւ երջանիկ Հայաստանի պայքարի զոհասեղանին եւ անցնելով դժոխքի միջով, մենք հասել ենք մեր նպատակներին: Խաղաղութիւնը հաստատուած է, շրջափակումը յաղթահարուած է, արտագաղթը դադարեցուած է, ներգաղթը սկսուած է, սոցիալական վերափոխումներ ընթացքի մէջ են՝ սկսած կենսաթոշակների բարձրացումով, առողջութեան ապահովագրութեամբ: Իմ կոչը, յորդորը եւ խնդրանքն է ձեզ. Յունիսի 7-ին գնացէք ընտրական տեղամաս եւ տէր կանգնէք պետութեանը, տէր կանգնէք անկախութեանը, տէր կանգնէք ապագային, տէր կանգնէք խաղաղութեանը՝ գործելով հետեւեալ տրամաբանութեամբ. ընտրութիւններ 20-26-ին, քուէարկում ենք 16-ին: Սիրում եմ բոլորիդ:

Պէտք է ՕգտուիլՊատմականԱռիթէն

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Չզարմանանք, սիրելիներ, երբ հայկական պետականութիւնը առաւել եւս իր գոյութիւնը կ’ամրագրէ Յունիսի 7-ի համապետական ընտրութիւններուն: Պէտք չէ զարմանանք, որ Ամերիկան եւ Եւրոպան, ընդհանրապէս ազատ աշխարհը, եւ ոչ միայն Ամերիկան եւ Եւրոպան, այլ նաեւ Քանատան, Ճափոնը, Հարաւային Քորէան, Աւստրալիան, Եւրոպական համայնքը եւ նաեւ անշուշտ Հնդկաստանը բոլորն ալ առաւել ուժեղացնեն Հայաստանի հետ կապերը եւ նաեւ ինչու չէ, եթէ Ռուսական Դաշնութիւնը, որ շատ դաւաճանական գործունէութիւն ցուցաբերեց 2020 թուի 44-օրեայ ժամանակ եւ նախորդ 100 տարիներու ընթացքին նոյն տիպի դաւաճանական գործունէութիւն ցուցաբերեց, եթէ հոգեփոխութեան ենթարկէ ինքզինքը, ինչու չէ, Հայաստանը որպէս անկախ պետականութիւն պատրաստ է բոլորին հետ համագործակցելու՝ եւ՛ Ռուսաստանի հետ, եւ՛ Ամերիկայի հետ, եւ՛ Թուրքիայի հետ, եւ՛ Ատրպէյճանի հետ, եւ՛ Իրանի հետ:

Ուրեմն սա կը վերաբերի հայկական ինքնիշխանութեան ծնեալ իրաւունքին, որ որեւէ ինքնիշխան պետութիւն այդ իրաւունքներով օժտուած է: Եւ նաեւ չզարմանանք, երբինչպէս որ 2021 թուին ձեր խոնարհ ծառան առաջին անգամ ըլլալով Ուաշինկթըն Տի.Սի.-ի մէջ եւ տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ բարձրաձայնեց այն խիստ կարեւոր միտքը, որ պայման մի դնէք Հայաստանի Հանրապետութեան, որ Ռուսաստանէն անջատուի, յետոյ նոր իր հետ սերտացնէք ձեր կապերը, այլ հիմա սերտացնենք՝ յարգելովՀայաստանի Հանրապետութեան իրաւունքը բազմազան դարձնելու իր արտաքին զինակցութիւնները, դիվերսիֆիկացիան՝ [diversification]՝ բազմազան դարձնելիր արտաքին զինակցութիւնները:

Եւ այս առթիւ պէտք չէ զարմանանք, այլ պէտք է միայն հիանանք, որ վերջերս իրազեկուեցանք, թէ ինչպէս Եւրոպական Միութիւնը օգնութիւն հասցուցՀայաստանի Հանրապետութեան եւ իրազեկուեցանք, թէ ինչպիսի լաւտրամադրութիւններ ստեղծուած են Ուաշինկթընի մէջ եւ մենք պէտք չէ զարմանանք, որ շատ մօտ ապագային սկսի արտաքին օժանդակութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հանդէպ հայկական պետականութեան բարձրանալ եւ յառաջընթաց բարձրանալ եւ հասնի նոյնիսկ անցնի 1 միլիառ տոլարը եւ բազմամիլիառ տոլար առեւտուրըզարգանայ բացի այդ օժանդակութիւնէն:

Բայց այս մէկը իրականացնելու համար մենք պէտք է հաւաքական որոշում ընդունենք, որ մեր ուղին պէտք է անխարդախ կերպով առաջնորդենք դէպի արդար ընտրութիւններուճանապարհով Հայաստանի ինքնիշխանութեան կողմնակից քաղաքական ուժերուն եւ որոնց հերթին առաջին հերթին «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը եւ այլ կուսակցութիւններ, որոնք բաւականին լաւ աշխատանք կը տանին ի նպաստ հայկական պետականութեան ինքնիշխանութեան ուժեղացման:

Սակայն այս բոլոր տեսլականները, այս բոլոր երազանքները կրնան վտանգուիլ, եթէ մենք թոյլ տանք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հայկական պետականութեան թիկունքէն դաշունահարէ: Եւ այս առթիւ նորագոյն տեսանիւթը միասին դիտենք Գարեգին Կտրիճ Ներսէսեանի կողմէ եւ պիտի առաջարկեմ, որ իմ զրուցակից յայտնի հրապարակախօս Ոսկան Մխիթարեանը այդ մասին անդրադառնայ եւ յետոյ մենք խօսինք մեր տեսլականիմասին: Այդ մասին պարոն Մխիթարեանը ձեզ կը ներկայացնէ: Ուրեմն դիտենք Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսէսեանին, որ Մոսկուայի Կարօ Եզրաս քակեպէշնիկ [KGB-ist] Ներսէսեանի արիւնակից եղբայրն է:

ԿտրիճՆերսէսեան. Զի քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս ամէն: Զգործս ձեռաց մերոց ուղիղ արա մեզ Տէր եւ զգործս ձեռաց մերոց յաջողեա մեզ ամէն:

Գարեգին Բ․ Կը ՇարունակէԻնքնախափէութիւնը

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ․ Այս բեմադրութիւնը (այդպէս պիտի կոչեմ), մի քանի անգամ դիտեցի, որովհետեւ նախ ծիծաղ առթեց], ապա զայրոյթ առաջացուց իմ մէջ, սկսեալ տողերէն: Այս բեմադրութիւնը, որուն ներկայ եղան թերթեր ու խմբագիրներ, շատ հաւանաբար առանց վարանելու կ’ըսեմ՝ Գարեգին կաթողիկոսի կողմէ թելադրուածեւ առաջարկուած լրագրողներ են, բայց շատ հետաքրքրական հարցադրումներ կատարեցին: Ժողովը բացուելէ առաջ վեհափառը աղօթքով սկսաւ, անմիջապէս աղօթքէն ետք (փոքրիկ, ըստ մեր սովորութեան, գործը յաջողցնելու համար աղօթք մը կ’ըսեն բոլոր եկեղեցականները՝ զգործս ձեռաց մերոց ուղիղ արա մեզ Տէր եւ զգործս մտաց մերոց յաջողեա մեզ Տէր): Շատ կը ցաւիմ, որ Գարեգինը այս աղօթքն ալ շիտակ չըսաւ: Այս մէկը մէկ կողմ դնենք, որովհետեւ նորութիւն չէ, անցեալին «Հայր Մեր»-ն իսկ նոյնիսկ չէր կրցած ըսել Գարեգինը, այդ ցոյց կու տայ իր պատրաստուածութիւնը, իր հոգեւոր ներաշխարհը հանդէպեկեղեցւոյ:

Հարցումներու մէջ շատ հետաքրքրական էին եւ մէկ հատը քիչ առաջ ցոյց տրուեցաւ եւ հետաքրքրական պատասխան մը տուաւ 45% տոկոս, երբ լրագրողուհին իրեն հարց տուաւ, որ ժողովուրդի մէջ կ’ըսուի, ըսաւ, որ դուք, վեհափառ, կուսակրօնութեան ուխտը խախտած էք: Այնպէս մը կը ներկայացնէ հարցը, որ կարծես թէ նոր հրապարակ ելած նորութիւն մըն է: Սիրելիներ, այդ հարցը ոչ երէկուայէ, ոչ 10 տարուայ է, ոչ 20 տարուայ է, 30 տարիէ աւելի կայ այդ հարցը: Ինձ այդքան չհետաքրքրեց հարցումը, որքան վեհափառի պատասխանը: Վեհափառը ամենայն անդորրութեամբ պատասխանեց՝ ըսելով, որ եթէ եկեղեցականներ… (նայեցէ՛ք, անմիջապէս իր վրայէն հարցումը վերցուց եւ դրաւ ամբողջ եկեղեցականութեան վրայ). «Եթէ եկեղեցականներ կատարած են օրինական խախտումներ, հետեւաբար այդ հարցը պէտք է դրուի պատկան ատեանին, որպէսզի լուծում գտնեն»:

Վեհափառ, դեռ ի՞նչ ատեանի մասին կը խօսիք, ո՞ր ատեանին կ’ակնարկէք, հայ եկեղեցին մանաւանդ ձեր օրով ի՞նչ ատեան ունեցած է: Օրէնքը դուք էք, միահեծան օրէնքը դուք էք, հետեւաբար ի՞նչ ատեանի մասին կը խօսիք: Ինչո՞ւ չունիք քաջութիւնը ըսելու, որ այո… ձեզի ուղղուած հարցումը այո կամ ոչ կը սպասէր, բայց չունեցաք քաջութիւնը ըսելու այո կամ ոչ: Ամբողջ աշխարհը գիտէ, բայց եկեղեցւոյ այդ հարցը դուք չէ որ պիտի լուծէք, այդ հարցը պիտի լուծէ եպիսկոպոսական ժողովը՝ բոլոր նուիրապետական աթոռներով, եթէ լրջօրէն կ’ուզեն այդ հարցը լուծել, որ այսօրուայ հարցը չէ, երէկուայ հարցն ալ չէ, հարիւրաւոր տարիներու վրայ այդ հարցը միշտ եկած է ժողովներուն մէջ, բայց երբեք լուծում չէք գտած:

Ցաւալի է, որ այդ հիւանդութիւնը համատարած է, միայն Գարեգին կաթողիկոսով չէ պարփակուած: Բայց վեհափառ, ատեանի մասին մի՛ խօսիք, որովհետեւ ատեան գոյութիւն չունի վերջին այն օրէն, վերջին տարիներուն այն օրէն, որ դուք այդ աթոռը ձեւով մը գրաւեցիք: Բոլոր աշխարհը գիտէ՝ ինչպէս նստաք այդ աթոռին վրայ, միահեծան գործեցիք, օրէնքը անտեսեցիք, սահմանադրական, կանոնական բոլոր օրէնքները անտեսած էք:

Դուք այդ եկեղեցւոյ ոչ թէ հոգեւոր հայրն էք, այլ… ատեանի մասին կը խօսիք. ես ձեզի հարց տամ մի քանի օրինակներով՝ սկսելով 25 երկար տարիներու Մոսկուայի առաջնորդ Տիրան արքեպիսկոպոսէն: Ո՞ր ատեանին առջեւ հրաւիրեցիք դուք արքեպիսկոպոսը, որուն կարգալոյծ ըրիք Մոնթրէալէն հեռախօսով: Եւ հիմա ժողովուրդին կ’ուզէք համոզել, որ ատեան կայ, կանոնական ատեան կայ, հարցերը հոն կու գան, հոն կը լուծուին եւ արդար լուծում կը գտնեն: Դո՛ւրս ելէք, վեհափառ, այս ինքնախաբէութենէն: Մէկ օրինակ չէ, ձեզի 100 հատ օրինակ տամ: 140 հատ եկեղեցական կարգազուրկ հռչակած էք վերջերս, Սարոյեանէն սկսեալ: Ո՞ր ատեանին հրաւիրեցիք Սարոյեանը եւ կամ նախորդները՝ եպիսկոպոս, արքեպիսկոպոս, վարդապետ… ո՞ր ատեան հրաւիրեցիք: Արդեօք իրաւունք տուի՞ք ենթակային ինքնապաշտպանութեան իր խօսքը ըսելու: Այսօր ատեանի մասին կը խօսիք… չունիք քաջութիւն ընդունելու, որ խախտած էք ձեր կուսակրօնութեան ուխտը:

Բայց յանցանքը միայն ձերը չէ, յանցանքը բոլորիս է, որ չունինք քաջութիւնը գալու եւ պահանջելու, որ այդ հարցը, կուսակրօնութեան հարցը, լրջօրէն խնդրոյ առարկայ դառնայ Ազգային-Եկեղեցական ժողովի ընթացքին եւ լուծում մը գտնէ, որուն մէջ մեծ դեր պիտի ունենայ եպիսկոպոսական ժողովը:

Ասկէ անդին կան նաեւ ուրիշ հարցումներ ձեզի ուղղուած, երբ կ’ըսէք, որ եկեղեցին որեւէ ատեն պիտի չենթարկուի քաղաքական կուսակցութեան…ինչպէս չէք ընդունիր, որ քաղաքական մարմինները, իշխանութիւնը խառնուի եկեղեցւոյ ներքին կեանքին, նոյնը կ’ըսէք նաեւ, որ եկեղեցին պէտք է անկախ ըլլայ եւ նաեւ պէտք չէ խառնուի: Բայց նոյն ատեն կը փորձէք արդարացնել այն, ինչ որ Բագրատ սրբազանը ըրաւ: Զանազան օրինակներ կը բերէք, որ սահմանին վրայ ժողովուրդը բողոքի ելաւ, այդ բողոքներուն տէր պէտք է կանգնէր առաջնորդը եւ հետեւաբար այդ բոլոր ժողովուրդը դէպի Երեւան բերող արքեպիսկոպոսին կ’ըսէք, որ ես սառեցուցիիր պաշտօնը:

Անօրինակ, տարօրինակ յայտարարութիւններ կ’ընէք: Վեհափառ, շատ յստակ կերպով Բագրատ սրբազանը եկաւ Երեւան իր ժողովուրդով՝ ձեր օրհնութեամբ: Հիմա կ’ըսէք, որ սխալ ըրած էր․ ինչո՞ւ այդ ատեն ձեր օրհնութիւնը ունեցաւ: Եկաւ Երեւան, կէս ժամ, մէկ ժամ, երեք ժամ յայտարարութիւններ ըրաւ, ուզեց վարչապետ ըլլալ… ա՞յս է եկեղեցւոյ դիրքը: Եւ այս բոլորը ձեր օրհնութեամբ, վեհափառ:

Հիմա կ’ըսէք, որ պետութիւնը իրաւունք չունի մեր ներքին հարցերուն խառնուելու: Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, վեհափառ, ճահիճի մէջ է: Ցաւը հոն է, որ մեր բարձրաստիճան եւ փոքրաւոր եկեղեցականները չունին քաջութիւնը ըսելու, որ պէտք է եկեղեցին մաքրուի, եկեղեցին փրկուի, որպէսզի զօրավիգ կանգնի հայոց պետականաշինութեան: Մեր ժողովուրդը պարտաւոր է պահանջելու բոլոր լուծումները եւ լուծում առաջարկելու բոլոր այն երեւոյթներուն մասին, որոնք Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս օրերուն հասցուցին եւ այս բոլորին պատճառը դուք էք, վեհափառ: Ատեան, սուտ բաներ, մի՛ հրապարակէք, ամէն բան դուք կը գրէք եւ այս օրերուն ըսնիք՝ եկեղեցին ճահիճի մէջ է:

Սիրելիներ, բոլորս միասին ոտքի պիտի հանենք եկեղեցին անգամ մը եւս, որպէսզի ձեռք ձեռքի հայոց իշխանութեան հետ, ովքեր որ երկիրը տնտեսապէս կը զարգացնեն, երկիր մը ըլլայ եւ այդ 8 միլիոնը հայրենիք երթայ՝ փոխանակ օտարութեան մէջ տարագիր ապրելու:

Պարոն Չափարեան, նկատի ունենալով, որ մի քանի օրէն արդէն ընտրութիւններ պիտի ըլլան հայրենիքի ներս, արդեօք ի՞նչ կը մտածէք, որ այս նոր օրերը մեզի պիտի հրամցնեն, որպէսզի մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս խանդավառուի հայրենաշինութեամբ:

Գարեգին Բ․ եւ Գործակիցներ Պէտք է ԵնթարկուինՕրինականՊատասխանատուութեան

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Բազմաթիւ խորհրդակցութիւններ կատարած ենք, ձեր հետն ալ խորհրդակցած ենք, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ գաղափարակից եւ հաւատակից ընկեր-ընկերուհիներու հետ, որոնց հերթին՝ հոգեւորականներ եւ աշխարհականներ: Պէտք է ըսել, որ ճանապարհային քարտէզը բաւականին յստակ է: Առաջադրանքը, համատարած առաջադրանքը այն է, որ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետքը Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսէսեանը եւ իր կլանակիցները, եւ՛ Հայաստանի մէջ, եւ՛ աշխարհի շուրջը, բոլորն ալ ենթարկուին օրէնքի տրամադրութիւններուն եւ ապօրինի բոլոր իրենց կատարած իւրացումները, թալանը, որ իրականացուցած են եկեղեցականներըետ վերադարձուի՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ունեցուածքը եւ հաւատացեալներուն հանդէպ կատարած թալանը։ Իսկ քաղաքական հին գողապետական ղեկավարները՝ Ռոպերթ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան, օլիկարխները, անոնք ալ ենթարկուին նոյն տիպի օրէնքի տրամադրութիւններուն:

Եւ բացի այդ, դուք բաւականին յստակ ներկայացուցիք երկար տասնամեակներու ընթացքին այդ գոյութիւն ունեցող խնդրինմասին, որ ինչպէս կարելի է ձերբազատուիլ Գարեգին Բ.-ի նմաններէն. ասոնք եկեղեցւոյ ներքին թշնամիներն են: Յստակ է հասարակական մօտեցումը, ինչքան որ ես հասկցայ, որ դուք ալ համախոհ էք, որովհետեւ այս մասին խօսած ենք միասին, որ առաջին հերթինԳարեգին Բ.-ն ենթարկուի ազատազրկման իր բազում յանցագործութիւններուն համար, եւ ատոր հետ զուգահեռ՝ հիմա արդէն որ գոյութիւն ունի 2015-էն ի վեր Ամերիկայի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգման շարժումը, որ բազմաթիւ բողոքի ակցիաներ իրականացուցածէ այստեղ՝ Լոս Անճելըսի մէջ: Տեսանիւթը կը տեսնենք մեր զրոյցի ժամանակ, թող հեռուստադիտողը իրազեկուի:

Ուրեմն շատերուս պատկերացումը, ներառեալ իմ եւ ձեր, այն է, որ ներկայ այդ եպիսկոպոսական այդ խմբաւորումը, որ կեանքի կոչուած է, որ համախմբուած են եւ Գարեգինի հրաժարականը կը պահանջեն… նախ եւ առաջ այդ10 եպիսկոպոսներէն առնուազն իմ տեղեկութեան հիման վրայ երկուքը վիճելի եւ մութ անցեալ ունին եւ իրենց հաւատարմութիւնը այդքան ալ վստահութիւն չի ներշնչեր: Անոնցմէ մէկը ես բազմիցս բարձրաձայնած եմ՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի թեմակալ առաջնորդութիւնը ուզուրպացուցած՝ բռնազաւթած, որ երկար տարիներ ուզուրպացման՝ բռնազաւթման կ’ենթարկէ ընտրութիւններու առթիւ խարդախութիւններ իրականացնելովեւ ծուխերու պատգամաւորներու թիւերուն հետ  մանիփուլացիաներ՝ manipulationsընելով: Այդ մասին հետագային աւելի մանրամասն:

Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգմանշարժմանդերը

Ուրեմն առաջադրանքը այն է, որ իւրաքանչիւր անդամ, որ պէտք է միանայ այս շարժումին՝ Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգման շարժումին, պէտք է լիովին ստուգման ենթարկուի, որովհետեւ մենք տեսանք՝ ինչ պատահեցաւ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հետ, երբ ինքը իբրեւ թէ բարեկարգման կողմնակից հանդէս եկաւ եւ յաջորդ օրը արդէն Գարեգինի պրոպագանդը կ’ընէր եւ գնաց Աւստրիա՝ Գարեգինի հովանաւորութեան ներքոյ այդ համախմբումին մասնակցեցաւ: Ուրեմն պէտք է իւրաքանչիւր անդամ ստուգման ենթարկուի որպէս եկեղեցական, իսկ երկրորդ գործնական քայլը՝ այդ եպիսկոպոսական համախմբումը ընդլայնուի եւ ստեղծուի committee: Այսինքն ժամանակաւոր Ազգային-Եկեղեցական ժողով… դժբախտաբար ընտրութիւններու ճանապարհով հեշտ չէ, որովհետեւ ամբողջ համակարգը՝ սիստեմը բռնազաւթուած է: Ուրեմն ժամանակաւորԱզգային-Եկեղեցական ժողով կը ստեղծուի, որուն պէտք է մաս կազմեն նաեւ աշխարհականներ, նուիրեալ աշխարհականներ, ինչպէս որ դուք, պարոն Մխիթարեան, պարոն Գորգիզեան եւ նաեւ բազմաթիւ հոգեւորականներ, որոնք իրենց կոչումին տէրնեն: Օրինակի համար՝ Սուրբ Տաթեւի վանքի հոգեւոր տեսուչը, Գարեգին Ա.-ի եւ Գարեգին Բ.-ի (հիմա չկաթողիկոսին) գաւազանակիրը եղած հայր Խորէն Յովհաննիսեանը, ան ալպէտք է մասնակից ըլլայ, եւ «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» շարժումին ղեկավար անձնաւորութիւնները, որոնց գլխաւորագոյնը հայր Կորիւնը, ան ալպէտք է մասնակից ըլլայ: Յետոյ՝ Գորգիզեան, Գարեգին Յարութիւնեան… ուրիշ ի՞նչ անուններ կ’առաջարկէք, պարոն Մխիթարեան:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Տէր Սահակ Մանուկեանը Զուիցերիայէն, որպէս քաջածանօթ եւ արի աստուածաբան, կարգազուրկ հռչակուած, բայց այսօր Հայաստան ապրող, Գերմանիոյ մէջ ուսանած Գարեգին վարդապետ Յարութիւնեանը եւ իրենց նման շատեր, որոնք կը փափագին իրենց աջակցութիւնը բերել փրկելու համար հայ եկեղեցին:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Շնորհակալութիւն, պարոն Մխիթարեան: Այդ անուանացանկին անպայման ես պիտի փափագէի աւելցնել Զուիցերիոյ մէջ գործող հոգեւոր տեսուչ հայր Գուսան Ալճանեանը եւ անշուշտ իր նմանները: Մէկ խօսքով, այս համախմբումը պէտք է ընդլայնուի արագ ընթացքով եւ անշուշտ այս գործունէութիւնը կ’իրականանայ մինչ Գարեգին Բ.-ն ազատազրկուած կ’ըլլայ իր բազում յանցագործութիւններուն համար: Որովհետեւ հայկական պետականութիւնը պարտականութիւն ունի քաղաքացիներուն հանդէպ ազատազրկելու, պատասխանատուութեան ենթարկելու յանցագործ եկեղեցականները: Որովհետեւինչպէս որ մենք գիտենք, Ամերիկայի մէջ դուք ալ լաւ իրազեկուած էք, վերջին տասնամեակներուն քանի հազար քրիստոնեայ կղերականներ պատասխանատուութեան ենթարկուեցան՝ մէկ մասը մանկապղծութեան յանցագործութեան առթիւ, միւս մասը՝ փողի թալանի առթիւ եւ այսպէս:

Սիրելի հեռուստադիտողներ, մեր ժամանակը հասած է իր աւարտին: Ուրեմն մենք ճանապարհային քարտէզին կը հետեւինք եւ ամենակարեւորը՝ ներքաղաքական դաշտը եւ մեր հոգեւոր դաշտը, ներեկեղեցական դաշտը պէտք է ամէն կերպ ապանեխացման ենթարկուի եւ բոլոր թալանչիները եւ հակապետականները, հակաքրիստոսները պէտք է բոլորն ալ մաքրուին եւ իրենց արժանի տեղը գտնեն պատմութեան աղբանոցին մէջը: Եւ դէպի պատմութեան աղբանոցի ճանապարհը կը սկսի Նուբարաշէնի քրէակատարողական հիմնարկով:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *