Հայկական ծագում ունեցող ամերի- կաբնակ ըմբիշ Գալուստ Կրեկորի Թորոսեան պաշտօնապէս հրաժա- րեցաւ իր մասնակցութիւնը բերելէ ըմբշամարտի պատանիներու աշ- խարհի ախոյեանութեան մրցում- ներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Պաքուի մէջ: Միացեալ Նահանգներու հաւա- քականի անդամ եւ «Եու. Էս. Օփըն 2026»-ի տարիքային (17 տարեկանէն վար) ախոյեանը պէտք էր մասնակցէր այս ախոյեանութեան Միացեալ Նահանգներու հաւաքականին հետ, սակայն ան որոշեց չմասնակցիլ: Թորոսեան բացատրեց իր այս որոշումը ապահովական մտահոգու- թիւններով: Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Գալուստ Թորոսեան նշեց, որ աշխարհի ախոյեանութեան չմասնակցելու որոշումը եղած է կեանքի ամէնէն ծանր որոշումներէն մէկը: Անոր համար Միացեալ Նահանգները ներկայացնելը միշտ մեծ պատիւ եղած է, բայց Ազրպէյճան մեկնիլը լուրջ մտահոգութիւններ յառաջացուց իր ընտանիքին համար:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *