Ստորեւ՝ 24 Յուլիսի հաղորդումի պատճենը.

Վերջերս պայթուցիկ հեռուստային զրոյց մը ունեցայ Կիլիկեան կաթողիկոսութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Առաջնորդարանի հովանու ներքոյ գործող Լաս Վեկասի Սբ. Կարապետ եկեղեցւոյ վերջերս հրաժարած ատենապետ պարոն Վահէ Քեշիշեանի հետ:

Մայիսի 2-ին Պր. Քէշիշեան այս հեռուստային զրոյցին համար յատուկ Լաս Վեկասէն եկաւ Լոս Անճելոս որ ինքնաշարժով 3-4 ժամուայ ճանապարհ է: Ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իր նուիրուածութեան համար: 

Իմ կարծիքով Պր. Քէշիշեան շատ մեծ զոհողութիւն կատարեց իր գործն ու ընտանիքը թողելով և գալով Լոս Անճելոս այդ օրը և բայց նաև միևնոյն ժամանակ պարոն Քէշիշեան կենսական ներդրում կատարեց մեր համայնքներու վերաառողջացման Սուրբ առաքելութեան մէջ:

Պր. Քէշիշեան զգայացունց տեղեկութիւններ փոխանցեց մեզի:

Ըստ երեւոյթին, տարիներու ընթացքին ես եւ իմ հետազօտող լրագրող աշխակատիցներ եւ որոնց հերթինպարոն Ոսկան Մխիթարեան որ Ներկայիս ապաքինման շրջան կը բոլորէ: Իրեն արագ ապաքինում կը մաղթնք և բարի վերադարձ կը մաղթենք դէպի AMGA հեռուստայարդակ շարունակելու հետազօտական լրագրական առաքելութիւնը: 

Ուրեմն Բոլորս ալ միատեղ բացայայտումներ կատարած ենք ե՛ւ էջմիածնական եւ կիլիկեան Արեւմտեան Ամերիկայի առաջնորդարաններու և ընդհանրապէս Ամենան Հայոց կաթողիկոսութեան և Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասին:  

Ճիշտ է բացայայտումներ խոշոր մասը էջմիածնական Արեւմտեան Ամերիկայի Առաջնորդարանի մասին եղած է սակայն անտարբեր չենք մնացած կիլիկեան այսինքն Լիբանան հաստատուած անթիլիասականԱրեւմտեան Ամերիկայի Առաջնորդարանի հանդեպ:

2020-ի այդ հռչակաւոր ԱՄՕԹ-ԱՆԱՄՕԹ-ի մասին այդ լրագրութիւնը կարծեմ թէ բազմաթիւ հեռուստադիտողներ յստակ կերպով կը յիշեն երբ այն ժամանակ անդրադարձանք Մուշեղ Մարտիրոսեան արքեպիսկոպոսի և Յովնան Տէրտէրեանի զարտուղի գործունէութիւններու մասին:

Հիմա արդեն ամենայն ինքնավստահութեամբ եւ ամենայն պատասխանատւութեամբ կուգամ հրապարակաւ հաստատելու, որ երկու կաթողիկոսութիւններն ալ բռնազաւթուած են եւ կթան կովու նման կը հիւծին երկու տարբեր սակայն իրարհետ սետօրէն համագործակցող մաֆիաներու կողմէ: 

Հրապարակաւ իբրեւ թէ միասնական հանդէս կուգան: Սակայն իրենց միասնականութիւնը մեղսակցական է եւ մեր ժողովուրդին համար խիստ վնասակար՝ ԴԱՒԱԴՐԱԿԱՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: 

Միասնական չեն, երբ հայ ազգին համար խիստ կենսական է: 

Միասնական են, ազգին դաւաճանելու կամ կողոպտելու մէջ: 

Եւ այս առումով՝

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը բռնազաւթուած է ռսաստրուկ եւ հայադաւ ՀՀ-ի հին գողապետական Ռոբո-Սերժա-Ռսաստրուկ դաշնակա-Դաշիր Սամոյական ռեժիմի գործընկերներ Գարեգին Բ-Արք.ՅովնանՏէրտէրեան-Մոսկուայի Արք. Եզրասի կլանի կողմէ:

Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը բռնազաւթուած է երկգլխանի մաֆիային կողմէ. Ռսաստրուկ դաշնակցական բիւրոյականներ եւ սորոսական հակազգային իրենք-զիրենք դաշնակցական ձեւացնող Վիգէն Յովսէփեանի կողմնակիցներ:

Բոլորն ալ՝ չափազանց արտասովոր կերպով կոռումպացուած և թալանի հակամետ աւազակախումբեր: Պետք է ըսել ըստ երևոյթին քավազանի երկու ծայրերն ալ՝ կեղտոտ են:

Միասին դիտենք խիստ հետագրգրական զրոյցը. 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Բարև ձեզ պարոն Քէշիշեան: Մեր հեռուստային զրոյցը կը կատարենք պարոն Վահէ Քէշիշեանի հետ, որ 2024 թուականին մինչև 2025 թուականը մէկ տարիով ծառայած է: Անշուշտ կիսատ մնացած է: Ըստ երևոյթին, ծառայած է որպէս Հայց. Առաք Սբ. Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի Մեծն Տանն Կիլիկիոյ հովանաւորութեան տակ գործող Արևմտեան Ամերիկայի Ազգային Առաջնորդանի Լաս Վեկասի մէջ՝ Սբ. Կարապետ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան Ատենապետ-Նահագահ: 

Պարոն Քէշիշեան, դուք վերջերս բաց նամակ գրեցիք հանրութեան և նաև ուղղուած պարոն Ատրուշան Արմէնեանին և ընդհանրապէս Ազգային Առաջնորդանի ղեկավարութեան և այդ բաց նամակի մէջ ծանր-ծանր անբաստանութիւններ կան զարտուղի գործողութիւններու, դրամի լուացման մասին և բազմաթիւայլ ծանր անբաստանութիւններ: Արդէօ՞ք կարելի՞ է բանաւոր ըսել որոնք են ամենածանր անբաստանութիւնները որ դուք կը փափագիք հանրութեան ուշադրութեան յանձնել :

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Շնորհակալ եմ պարոն Չափարեան այս հրաւէրին համար: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Ի՞նչն է, որ Ձեզ մղեց բաց նամակը:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Ես ատենապետ ընտրուեցայ 2024 թուականի Դեկտեմբերին ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  2024 թուականին տեղի ունեցան երկրորդ ընտրութիւնները Լաս Վեկասի Սբ. Կարապետ եկեղեցւոյ, այսինքն հիմնադրութենէն ի վեր մէկ ընտրութիւն միայն տեղի ունեցած:  

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Ե՞րբ հիմնադրուած է ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ. Հիմնադրուած է 2013 թուականին: Ընտրուած է այնժամանակ Հոգաբարձական Կազմ, բաղկացած՝ եօթը կամ ինը հոգաբարձուներէ, որոնք հետս հրաժարածեն:

10 տարիներ ընտրութիւն չէ եղած Սբ. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ:

Մեր ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 2024-ին: 

Կազմի մէջ նաև կար պարոն Ատրուշան Արմէնեանը: Ան եղաւ Փոխ-Ատենապետ: Իսկ ես եղայ Ատենապետ:

Մեծ խանդավարութեամբ սկսայ ծառայել եկեղեցւոյ շատ մօտ մի քանի ամսուայ ընթացքին Արդեն երևան ելան առարկայական և ենթակայական պատճառներ, որոնք արդեն չորրորդ ամսուն Ապրիլի 1-ին զիս մղեցին հրաժարականս գրելու և ներկայացնելու ազգային առաջնորդարանին և քաղաքական ժողովին:

Հրաժարականիս գլխաւոր պատճառը այն էր, որ հոգաբարձական կազմէն ներս չէր տիրեր ժողովրդավարական դեմոկրատիկ կացութիւն:

Չէր յարգուէր Եկեղեցւոյ կանոնագրութիւնը: Ան բաղկացած է 98 յօդուածներէ:

Պարոն Ատրուշանը ինքնակամ (ինքնագլուխ) ձևով ուզեց կառավարել եկեղեցւոյ գործերը: Ես կը պահանջէիաւելի դեմոկրատիկ, ժողովրդավար ընթացք ունենային եկեղեցւոյ վերաբերեալ առնուելիք որոշումները:

Սակայն Փոխ-Ատենապետը ուրիշ ընթացք արաւ: Սկսաւ ինքնագլուխ որոշումներ առնել, Board-էն դուրս: Հոգաբարձական կազմէն դուրս որոշումներ առնել:

Քաղաքական ժողովի կամ առաջնորդարանի հետ կապի մէջ մտնել, զանազան տիպի որոշումներ առնել նիւթական և այլն, առանց հոգաբարձութեան, հովանաւորութեան:

Պիտի նկատի առնէք պարոն Չափարեան, որ իմ ատենապետութիւնս տևած է մէկ տարի: 

Սակայն դժբախտաբար մէկ տարուայ ընթացքին մենք միայն երկու անգամ օրինաւոր ձևով քուէարկութիւն տուինք։ 

Ես, առաջ, որ բաց նամակին հասնիմ, կապ պահեցի առաջնորդին հետ: Անոնց յղած եմ հինգ-վեց նամակներ, բացատրելով վիճակը և խնդրելով իրենց միջամտութիւնը:

Սկիզբը իրենք խոստացան առաջնորդարանէն, որ այս ամէն առկախ հարցերը պիտի լուծուի: Իրենք պիտի միջամտէին և հարցերը տեսակէտով մը լուծէին:

Սակայն դժբախտաբար իրենց խոստումները մնացին խոստումներ: և կրնամ ըսել առաջնորդարանը ոչ մէկ որոշում արաւ այս հարցը լուծելու համար, այսինքն կարենալ ըսելու փոխ ատենապետին, որ ինքը Փոխ-Ատենապետ է և կայ ատենապետ  և որոշումները պէտք է առնուի միասնաբար դեմոկրատիկ ժողովրդավար ձևով և քուէարկութեան ճամփով: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Ձեր՝ Առաջնորդարանին ուղղած նամակներուն մէջ ամենակարևոր բողոքները ի՞նչեր էին: 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Ուրեմն գլխաւոր բողոքը Եկեղեցւոյ (By-Laws-ի) օրէնսդրութեան խախտումներն էին, որոնքտեղի կ՛ունենային անընդհատ ամէն ժողովի և ժողովէն դուրս:

Ըսեմ նաև, որ որոշումներու մեծամասնութիւնը ինքը՝ պարոն Ատրուշանը կ՛առնէ նոյնիսկ ժողովուրս և առիթչի տար, որ հոգաբարձութիւնը իր առաքելութիւնը ժողովրդավար և վայել ձևով կատարէ: 

Ես խնդրած էի առաջնորդարանին որ օրինակով մը բացատրեմ արևմտեան դեմի բոլոր եկեղեցիները երբ չէք մը պիտի գրուի կամ վճարումը տեղի ունենայ ընդհանրապէս կը պահանջուի թ՛է Ատենապետին և թ՛է Գանձապահին ստորագրութիւնը: 

Սակայն պարոն Ատրուշանի կարգադրութեամբ մենք այդ դրութիւնը չունինք: Բնաւ չենք ունեցած:

Այսինքն պարոն Ատրուշանը կրնայ և կրցաւ որևէ որոշում առնել և  յետոյ հաշւեցոյցը տրամադրել առանց Ատենապետին և առանց Հոգաբարձութեան: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Այդպիսի անբաստանութիւն մը, որ դուք կ՛ընէք օրէնսդրութեան (By-Laws-ի) մէջը գրուա՞ծ է:

Ո՞ր յօդուածի խախտումն է այդ: Մօտաւորապէս կը յիշե՞ք: Կա՞յ այդպիսի խախտում օրէնսդրութեան (By-Laws-ի)…

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Այդպիսի լաւ ես հիմա սա պահուս թիւը չունիմ: Սակայն ես հարցուցած եմ առաջնորդարանին, հարցուցած եմ Քաղաքական Ժողովի Ատենապետին և հարցուցած եմ նաև Արևմտեան Թեմի պատկանող բոլոր եկեղեցիներու Ատենապետներուն:

Բոլորն էլ հաստատած են երկու ստորագրութիւնը:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Ես ուրճացուցած են չեմ կրնար ըսել: Այդպիսի տեղեկութիւն չունիմ: Սակայն (9:25)գիտեմ, որ անկախաբար գումարեն, պարոն Ատրուշան կարողութիւնը ունի (առանձնաշնորհումը ունի) Եկեղեցւոյ դրամը ինքնագլուխ ձևով առանց հոգաբարձութեան հաւանութիւնը հաւանութիւնը ստանալու և շատ անգամներ նոյնիսկ առանց Ատենապետին իմացութեան, ծախսելու Ինչու: կարողութիւնը ունի (մէնաշնորհը ունի)  Որովհետև ան գրաւած է եկեղեցին: Բռնագրաւած է Եկեղեցին: Եկեղեցւոյ գրասենեակը իր անմիջական …

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  անմիջական տրամադրութեան տակ է, այսինքն…  

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Այսինքն ինքը բռնագաւթած է եկեղեցին:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Բռնագրաւած է, ես կ՛ըսեմ ներսէն և դուրսէն: Դուրսէն ի նկատի ունինք կալուածային հարցը: Կալուածագիրը (Deed) Կոչեցեալը, եկեղեցին ունի մի չորս շէնքեր, որոնք բոլորն ալ դժբախտաբար կը պատկանին Ատրուշան Արմէնեանին: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Այսինքն ապօրինի գրուած են իր անունին:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Ապoրինի չէ: Մենք կը կարդանք կալուածագիրին մէջ, որ ան եկեղեցին գնաց է 18 Դեկտեմբեր 2009 թուականին 440 հազար տոլարի դիմաց:

Նշենք, սակայն, որ Լաս Վեկասի Սբ. Կարապետ Եկեղեցին հիմնուած է գլխաւորաբար Լերի Պարնզ Larry Barnes անունով ամերիկացի բարերարի մը նիւթական նպաստով, որուն կինը հայ ըլլալով, նպաստ մը թողած է, որպէսզի եկեղեցին կառուցուի:

Պարոն Ատրուշանը մեծ ներդրում ունեցած է իրականութեան մէջ, եկեղեցին կառուցելու գործընթացին մէջ: 

Բայց դժբախտաբար թուղթերէն ի յայտ կու գայ, որ եկեղեցին չի պատկանիր համայնքին, Ինք սակայն կը հերքէ: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Այդ մասին փաստեր ունի՞ք: 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Ես ունիմ կալուածագիրները, որոնք մատչելի են հանրութեան: Որևէ քաղաքացի կրնայ երթալ և պատժեն մը ստանալ:

Բայց ես նաև ի միտի ունիմ Պարոն Մհեր Տէր Օհաննէսեանի խօսքը, երբ 29-30 Մայիսի 2025 թուականին որպէս Ատենապետ ներկայ գտնուեցայ Քաղաքական Ժողովի՝ 52-րդ ժողովներուն:

Այդ ժողովներուն, պարոն Մհեր Տէր  Օհաննէսեանը հաստատեց, որ Լաս Վեկասի Սբ. Կարապետ եկեղեցին առաջնորդարանին չի պատկանիր:

«»

Ես հարցուցի, թէ «Ինչու՞ այդպէս կ՛ըսէք»:

Իր պատասխանը հետևեալն էր. «Արևմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիները, որոնք կը պատկանին Առաջնորդարանին իրենց կալուածագիրի մէջ կը կրեն հետևեալ նախադասութիւնը Առաջնորդարանին պատկանող բոլոր եկեղեցիները, կալուածները ունին հետևեալ գրութիւնը կալուածագիրներու մէջ  ՛՛Western Prelacy of Armenian Apostolic Church of the United States՛՛ Իսկ Լաս Վեկասի Սբ. Կարապետ Եկեղեցւոյ կալուածագիրին գրուած է հետևեալը ՛՛Western Prelacy, Armenian Apostolic Church of Las Vegas (Ուսեթըրն փրելըսի Արմէնիան ապակոստոլիկ չրչ oֆ լաս Վեկաս՛՛)»: Հետևաբարպարոն Մհեր Տէր  Օհաննէսեանը հաստատեց որ (եկեղեցւոյ անշարժ կալուածը) ինքնաբերաբար չի պատկանիր Առաջնորդարանին: Հետևաբար մենք ունենք երկու կողմ:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Այսինքն Լաս Վեկասի Սբ. Կարապետ Եկեղեցւոյ անշարժ կալուածը Արևմտեան Միացեալ Նահանգներու Ազգային Առաջնորդարանի (control-էն) վերահսկողութենէն դուրս է: 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Այո: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Վերահսկողութենէն դուրս է Այսինքն անջատուած է  անշարժ կալուածի առումով անջատէ: Սակայն եկեղեցական կանոնադրութեամբ, միայն եկեղեցական կանոնադրութեամբ կը հետևի ԱրևմտեանԱմերիկայի ազգային առաջնորդին: 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Այո այսպէս, ըստ ամերիկեան օրէնսդրական համակարգին եկեղեցին չի մեր եկեղեցին Լաս Վեկասի Սբ. կարապետ եկեղեցին չպատկանի իր առաջնորդարանին ուրեմն պարոն Մհեր Տէր  Օհաննէսեան կը հաստատէ: Իսկ պարոն Ատրուշան Արմէնեան կը հերքէ թէ եկեղեցին իրեն կը պատկանի: Այստեղ ես ունիմ մեծ հարցում մը: Մէկ կողմէն կը հերքուի միւս  կողմէն կը հաստատուի: Հետևաբար, որու՞ն կը պատկանի այս եկեղեցին: Այս հարցականը կը մնայ անպատասխան: 

Այս հարցազրոյցը կատարուած է Մայիս 2, 2026-ին: Այդ պահի դրութեամբ պարոն Վահէ Քէշիշեանը մութի մէջ էր: Երբ որ ինքը Լաս Վեկասի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ ատենապետն էր բազում խնդրանքներ ներկայացուցած է Պարոն Ատրուաշան Անտի Արմէնեանին որպէսզի յստակ կերպով ներկայացնէ ուրեմն փաստաթուղթեր, սակայն Պարոն Ատրուաշան Անտի Արմէնեան մերժած էր տրամադրել եկեղեցւոյ բարերներ Պարոն Լերի Պարնզի եւ իր կնոջ Տիկին Սեդա Տէր Կարապետեան Պարնզի եկեղեցիին թողած կտակի պատճենը: 

Սակայն երբ Մայիսի 31-ին մամլոյ հարցպնդում ուղարկեցի ե՛ւ պարոն Արմէնեանին եւ անթիլիասական արեւմտեան առաջնորդարան Ազգային Վարչութեան ղեկավարութեան եւ թեմակալ առաջնորդ Գողամ Արք. Խաչերեանին, Իւնիսի 2-ին ստացայ պատասխան նամակներ որտեղպարոն Արմէնեանին փաստաբանը Անթընի Թորոսեանը կտրականօրէն կը դրժէր պարոն Քէշիշեանի բոլոր ամբաստանութիւնները Պարոն Ատրուաշան Անտի Արմէնեանի մասին: 

Արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել որ առաջին անգամ ըլլալով պարոն Արմէնեանին փաստաբանը իմաստուն գտնուելով խմբագրութեան ուշադրութեան յանձնեց 

կարեւոր փաստաթուղթեր ներառեալ Պարոն Լերի Պարնզի եւ իր կնոջ Տիկին Սեդա Տէր Կարապետեան Պարնզի եկեղեցիին թողած կտակի պատճենը, որ ատիկա շատ լաւ քայլ մըն էր պարոն Էնթոնի Թորոսեանի կողմէ միաժամանակ պարոն Էնթոնի Թորոսեանը խմբակցութեան ուշադրութեան յանձնեց Trust Attorney Clarification Letter, այսինքն կտակի մշակման եւ գործադրման փաստաբանի պարոն Մայքլ Ռասմուսոնի բացատրողական եւ յստակեցման նամակը: Եւ այս բոլոր նամակները, իհարկէ դուք հիմա կը տեսնէք էկրանի վրայ, սակայն նաեւ կարելի է տեսնել YouTube-եան ալիքի մեկնաբանութիւններու բաժնի մէջը, այնտեղ կարելի է տեսնել յղումները, որ կ՛առաջնորդէ դէպի armenianlife.com կայքէջը եւ այնտեղ մանրամասն եւ յստակ կերպով դուք կրնաք կարդալ պատասխան նամակները եւ անոնց հետ կապ ունեցող փաստաթուղթերը, որպէսզի լաւապէս իրազեկուիք եւ դուք ըլլաք դատաւորը, թէ ո՞վ, ի՛նչ կ՛ըսէ եւ ո՞վ իրաւացի է։

Սակայն ես պէտք է այստեղ շնորհակալութիւն յայտնեմ պարոն Վահէ Քեշիշեանին եւ Էնթոնի Թորոսեանին, որովհետեւ իրենք ներդրում կատարեցին, որ այս երկխօսութիւնը առողջ կերպով առաջ երթայ, թէկուզ պարոն Էնթոնի Թորոսեանը սպառնալիքներով լեցուն իր նամակը օժտած էր այնպիսի ռազմահունչ խօսոյթովսակայն մենք այդ մասը զանց կ՛առնենք եւ կը կեդրոնանանք դրական կողմի վրայ որովհետեւ մեր պարտականութիւնը հանրութեան իրազեկել է: Իսկ միւս կողմէն թեմակալ առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Խաչերեանը իր նամակով կը յորդորէր չանդրադառնալ այս թեմային շուրջ, թեկուզ այս ժամանակահատուածին, սակայն մեր պարտականութիւնը չէ՛ տարբեր, տարբեր մարդկանց հրահանգներուն ենթարկուիլ: Մեր պարտականութիւնը ընթերցողներուն իրազեկել է:

Շարունակենք դիտել պարոն Վահէ Քէշիշեանի հետ Մայիս 2-ի հեռուստային զրոյցի մնացեալ մասը: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Ի՞նչ կ՛առաջարկէք:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Ես Առաջնորդին հետ իմ նամակագրային յարաբերութեան ընթացքին, Քաղաքային Ժողովը եկաւ թէեւ միայն Ատենապետի ներկայութեամբ իբրեւ թէ քննելու այս հարցը: Բայց դժբախտաբար եկաւ, բայց ոչ մէկ տեսակ քննարկութիւն տեղի չունեցաւ: Այսինքն պարոն Ատրուշանը կրցածէ իր հակակշռին տակ առնել, ես պիտի ըսէի նոյնիսկ Առաջնորդարանը եւ Քաղաքայն Ժողովը:

Իր խօսքը բեկանելու կարողութիւն չունին: Այնպիսի ապօրինի իր ըրած ապօրինի գործերը ես բոլորը շարադրած… 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Ի՞նչ են ապօրինի գործերը:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Եկեղեցիին դրամը ծախսել ինքնագլուխ ձեւով: Օրինակի համար Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանի ցուցմունքներուն համաձայն որեւէ ծախս որ կը գերազանցէ 2500 տոլարը պէտք է ուղարկուի առաջնորդարան եւ այնտեղէն արտօնութիւն գայ որպէսզի ծախսուի:

Մենք այդպիսի բան չունինք: Պարոն Ատրուշանը այդպիսի բան չի ճանչնար, պարոն Ատրուշանը կարող է փոխել մէկ հեռաձայնով, օրինակի համար Air Conditioning մը $9.000, $10.000, $12.000: Կրնայ ինք որեւէ որոշում առնել եւ հաշուետու չզգալ ոչ մէկուն: 

Ոչ առաջնորդարանին, ոչ Քաղաքական Ժողովին, ո՛չ Ատենապետին եւ ոչ ալ Հոգաբարձական Կազմին:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Պարոն Քէշիշեան դուք խօսեցաք նաեւ առանձին զրոյցի ժամանակ MONEY LAUNDRING (Մալիլանդինգի) եւ  հետ նուիրատութեան (DONATION)Tax Fraud-ի մասին; Արդէօք այդ մասին ի’նչ կարելի է ըսել:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Դժբախտաբար Եկեղեցւոյ cash դրամը անգամ եւս կը գտնուի պարոն Ատրուշանինանմիջական հակակշռին տակ: Հոգաբարձական կազմը եւ ատենապետը նոյնիսկ լուր չունին եւ չեն կրնարունենալ, թէ ինչքան քանակ (գումար) կը մտնէ կամ Եկեղեցւոյ մէջ cash-ի ձեւով:

Եղան նաեւ չեքի խաղեր, այսինքն գրել չէք մը Եկեղեցւոյ, տեղւոյն վրայ ստանալ մի քանի հազար տոլար cash money, անոր ետեւէն ստանալ սերտիֆիկետ certificate of donation որը կը հանդիսանայ ապօրինի: Ուրեմն ասոնց ճարտարապետը դժբախտաբար պարոն Ատրուշանն է:

Եղան նաեւ ուրիշ խաղեր սուտ donation-ի վերաբերեալ: Մարդիկ չեն ուզեր խօսիլ ես որ սերտեցի հարցը եւ զանազան անձերու հարցուցի, չեն հերքեր, բայց չեն ուզեր խօսել այդ հարցին շուրջ: Համենայն դէպս ես այս հարցը յատուկ նամակով գրած եմ Առաջնորդարանին եւ Քաղաքական Ժողովին եւ այդ պատճառով է, որ ես ներկայացուցած եմ իմ առաջին հրաժարականս, շեշտելով, որ ես չեմ կրնար, չեմ ուզեր ստորագրել որեւէ թուղթի տակ, որտեղ կայ անբարոյական, հակաքրիստոնէական վիճակ: Հետեւաբար, Առաջնորդարանն ալ, Քաղաքական Ժողովն ալ շատ լաւ տեղեակ են՝ ինչ կ՛անցնի, կը դառնայ Եկեղեցւոյ մէջ: Բայց անգամ եւս եւ դժբախտաբար, չուզեցին, ոչ մէկ ձեւով այս խնդիրը լուծել:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Ձեր հրաժարականի նամակի մէջ նշա՞ծ էք այս պատճառները: 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Այո: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Մօտաւոր կերպով նկարագրած էք… Ոչ ես յիշած եմ անունով, մականունով եւ նաեւ քանակով: ո՞վ երբ քանի արած է քանակով ուզելով գումարով գումարով:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Այո, պարոն Չափարեան, ես իմ նամակներս դեռեւս առաջին նամակի մէջ Առաջնորդարանին յիշած եմ  անուն, ազgանուն, գումար; Ո՛վ տուաւ, ո՛վ արաւ, ո՛վ հովանաւորեց: Ճշգրիտ եւ մանրամասն ձեւով բացատրած եմ Առաջնորդարանին եւ Քաղաքական ժողովին: Այդ է առաջին դրդապատճառը իմ հրաժարականիս, շեշտելով, որ ես չեմ կրնար ստորագրել թուղթի մը, որ ինքնինկը ներկայանայ որպէս 

ապօրինի եւ մանաւանդ կը ներկայանայ որպէս հակապետական: Որովհետեւ եկեղեցին կը գործէ ամերիկեան օրէնքներու հովանիին տակ եւ կը վայելէ non-profit organization-ի կարգավիճակ: Հետեւաբարմեր կողմէն շատ սխալ պիտի ըլլայ խախտել Ամերիկայի Պետութեան կողմէն սահմանուած օրէնքները: Հետեւաբար, ատիկա էր իմ հրաժարականիս պատճառը: Այսուհանդերձ Առաջնորդարանը մերժեց իմ հրաժարականս խոստանալով որ իրե՛նք պիտի գային Լաս Վեկաս եւ այս ամէն հարցերը պիտի լուծուէին:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Ե՞րբ պիտի գային: 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Ապրիլը եղաւ Մայիս, Մայիսը եղաւ Իւնիս: Քաղաքական Ժողովի Ատենապետը խորքինմէջ, եկաւ Լաս Վեկաս:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Ո՞վ էր ատենապետը:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Պարոն Վահէ Յովակիմեան: 22 Իւնիս 2025 թուականին, ոչ միայն այս հարցը չխօսուեցաւ, մերժեց անգամ իմ հետս տեսնուիլ երբ ես տակաւին օրինաւոր ձեւով Ատենապետն էի: 

Ինծի տրամադրեց երեք վայրկեան (րոպէ) Եկեղեցւոյ դռան շեմին միմիայն եւ իր ժամանակը անցուց պարոն Ատրուշանին ընտանիքին հետ: Հետեւաբար, այս տեսակէտով պիտի ըսեմ, որ եկեղեցին զոհ է բարեկամական յարաբերութիւններու: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Այսինքն ԽԾԲ, խնամի ծանօթ բարեկամութեան: 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  խնամի չի կայ այս պարագային: Ծանօթ, բարեկամ: Թէ ինչու՞ այդպէս կը վարուի Առաջնորդարանը, ես չեմ գիտեր : Բայց երբ ես բաց նամակի որոշումը արի, նկատի առնելով, որ Առաջնորդարանը անտեսեց այս նամակիս հրաժարականի ծանրութիւնը, ես որոշեցի բաց նամակ գրելպարոն Ատրուշանին: 

Բայց մանաւանդ այդ նամակը ուղարկել Արամ Վեհափարին եւ նամակը յղած եմ պաշտօնական ձեւով Մեծն Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա Կաթողիկոսին խնդրելով իրմէ, որ միջամտէ: Երկրորդ հիմնական հարց մը, որ կայ, կալուածային հարցն է: Այսինքն այնքան ատեն, որ կալուածագիրը կը մնայ պարոն Ատրուշանին տրամադրութեան տակ, Եկեղեցւոյ մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն կարելի չէ իրականացնել: Ատենապետը կը մնայ իշխանազուրկ, չունի իշխանութիւն: Պարոն Ատրուշանը իւրացուցած է Ատենապետին եւ Հոգաբարձութեան – Board-ին բոլոր իրաւասութիւնները եւ այս ամենը՝ Առաջնորդարանին եւ Քաղաքական Ժողովին գիթին տակ: 

Նամակիս գլխաւոր մասը կը բաղանայ կոչէն: Ես կոչ ուղղած եմ պարոն Ատրուշանին որպէսզի յայտնաբերէ, գաղութը տեղեակ պահէ կտակին մասին: Այսինքն գործադրել պարոն Լերի Պարնզ հանգուցեալին կտակը: 

Կտակը, ինչպէս գիտենք, սրբութիւն է: Կտակը կը դառնայ պետական օրէնք: Պետական օրէնքի համահաւասար ուժ կ՛ունենայ: Պարոն Ատրուշանը բնաւ չէ փափաքած յայտնաբերել այս կալուածային հարցը։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Այսինքն՝ ներկայացնել, պարզաբանել։

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Այո: Միշտ փախուստ կուտայ։ Մէկուն կ՛ըսէ, թէ եկեղեցին կը պատկանի Առաջնորդարանին, միւսին կ՛ըսէ, թէ ինքը կապ չունի կալուածային հարցերուն հետ: Սակայն ինչպէս ըսի, Առաջնորդարանը կը հերքէ:

«»

Այսինքն Առաջնորդարանը կը հաստատէ, թէ իրեն չի պատկանիր Սբ. Կարապետ եկեղեցին։ Միաժամանակպարոն Ատրուշանը կը հերքէ, որ Սբ. Կարապետ եկեղեցին իրե՛ն կը պատկանի: Հետեւաբար, իմ կոչս իրեն հետեւեալն էր. «Վերջապէս պարոն Ատրուշան, ըսէք մեզի, ինծի, առաջնորդարանին, Արամ Կաթողիկոսին, Քաղաքական Ժողովին, կուսակցութեան, ըսէք, որու՞ն կը պատկանի այս եկեղեցին»: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Ո՞ր կուսակցութիւնը ի նկատի ունիք:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Կուսակցութիւն, որ Առաջնորդարանին հետ համատեղ կը գործակցի: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեա՞ն:  

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Այո: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Իսկ որպէս Նեվատա նահանգի քաղաքացի, Դուք տեղեա՞կ էք, որ (By-Laws violations), այսինքն սահմանադրութեան կամ օրէնսդրութեան օրէնքներու խախտումը որպէս քաղաքացի, դուքպարտաւոր էք State Attorney General-ին, Նեվադայի նահանգին, Նահանգային Ընդհանուր Դատախազին, պարտաւոր էք տեղեկացնելու որեւէ կազմակերպութեան մը եւ այս պարագային Սբ. Կարապետ Եկեղեւոյ (By-Laws-ի violation-ներու) մասին, սահմանադրութեան օրէնքներու խախտումներու մասին: Տեղեա՞կ էք այդմասին: 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Ես տեղեակ եմ: Մի քանի պրոֆեսիոնալ անձերու հետ տեսակցութիւններ ունեցած եմ այս մասին: Ուրեմն երբ by-laws-ը Մենք՝ հայերս (By-Laws-ը) սահմանադրութիւնը կը ճանչանք որպէս Եկեղեցւոյ Ներքին Օրէնք: Խորքին մէջ, երբ ամերիկեան կառավարութիւնը մեզի թոյլ կուտայ եկեղեցի ունենալ, եւ մենքկառավարութեան կը խոստանանք, որ եկեղեցին պիտի կառավարենք այս օրէնքներու հիման վրայ: Հետեւաբար, այդ վայրկեանէն սկսեալ, մեր Եկեղեցւոյ օրէնքները կը դառնան պետական օրէնքի համապատասխան ուժ ունեցող օրէնք: Հետեւաբար զանոնք անտեսելը կամ ոտնահարելը կը հանդիսանայ ուղղակի հանցանք եւ պատժելի է՝ օրէնքով, եթէ անշուշտ հետապնդելու ըլլանք:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Իսկ դուք այդ ճանապարհով ղեկավարուա՞ծ էք, այսինքն դիմա՞ծ էք այդ քայլերին, թէ ոչդեռ եւս:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Ես տակաւին ոչ, որովհետեւ յոյս ունիմ, որ այս նամակը, որ յղուած է նաեւ Արամ Վեհափարին, կը յուսամ, որ արդիւնք կուտայ: Կը յուսամ, որ (ՀՅԴ) կուսակցութիւնը, Քաղաքական Ժողովը, Վեհափառ Հայրապետը, Թեմակալ Առաջնորդը միջամտեն եւ հասկան այս հարցին  ծայրահեղ վտանգաւորութիւնը, վտանգը` եկեղեցւոյ գլխուն: Որովհետեւ եթէ մենք (By-Laws)-ը, եկեղեցւոյ կանոնագրութիւնը չյարգենք, խախտած պիտի ըլլանք Ամերիկայի պետութեան կողմէ վաւերացուած օրէնքները եւ կրնայ եկեղեցին վտանգուիլ: Ցաւալի երեւոյթ է, բայց իրականութիւն է:  Տեսնենք, եթէ կոչը պիտի ընկալէ պարոն Ատրուշանը: Տեսնենք, եթէ Առաջնորդարանը պիտի ընդառաջէ, Քաղաքական Ժողովը կամ Արամ Կաթողիկոսը:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Պարոն Քէշիշեան, մեր առանձին զրոյցներու ժամանակ դուք նշեցիք, թէ  պարոն Ատրուշան Արմէնեանը մասնակցութեամբ՝ 15 ընտանիքներու, ամբողջ եկեղեցին կ՛ենթարկէ իրեն, 15 ընտանիքներու օգնութեամբ: Այսինքն 15 ընտանիքներ մէնաշնորհի վերածած են (monopolize ըրած են) ամբողջ եկեղեցին եւ ամէն կերպ իրենք (control) կ՛ընեն, միահեծանօրէն կը վերահսկեն եւ իրերայաջորդ հոգաբարձուները կ՛ընտրուին թէկուզ եկեղեցւոյ համայնքի անդամներու կողմէ, բայց իրականութեան մէջ լիազօրութիւնները կը հափշտակուին պարոն Ատրուշան Արմէնեանի եւ 15 ընտանիքներու կողմէ: Ի՞նչ կարելի է ըսել այդ մասին:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Այո, շատ արտասովոր երեւոյթ մըն է պարոն Չափարեան: 2013 թուականէն սկսեալ, պարոն Ատրուշանը իր բռունցքին տակ արած է եկեղեցին, բնականաբար առանձին չի կրնար կառավարել: Կ՛օգտուի 12, 13, 14 ընտանիքներէ: Եկեղեցին իր ամբողջական հակակշռին տակ արած է փոխշահաւետ հաշիւներու հետեւանքով: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Կարելի՞ է ըսել փոխշահաւետ գործարքներ:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Փոխ-շահաւետ գործարքներու լոյսին տակ: 

Եկեղեցւոյ գրասենեակը ես փորձեցի առողջ կապ հաստատել գրասենեակին հետ, անկարելի եղաւ: Գրասենեակի պատասխանատուն ես որպէս ատենապետ զգացի, որ իմ հետս ոչ մէկ տեսակէտով խօսելու, կարծիք բաժնելու կամ հնազանդելու ոչ մէկ նպատակ ունի:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Ո՞վ է այդ անձը: 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Տեղւոյն տիկիններէն մէկը, որուն ամուսինն ալ կը ծառայէ Եկեղեցւոյ մէջ: Բայց պարագան նոյնն է նաեւ միւս ընտանիքներուն:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Այսինքն անունները ի՞նչ են այդ անձնաւորութիւններուն:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.   Եկեղեցին բռնողները յստակ է. Տեմիրճեաններ, Պայրամեաններ, Եղիայեաններ, Հալաճեաններ եւ այլն: 

Ասոնց ներկայութիւնը սարսափեցուցած է գաղութը: Ես յաճախ կը խօսիմ գաղութի անդամներուն հետ անխտդիր, որոնց մէջ կ՛իմանամ հետեւեալը. Եկեղեցին գրաւողները կ՛ամպաստանեն գաղութը, թէ իրենք եկեղեցի չեն յաճախեր, Իսկ եկեղեցի չյաճախողները կ՛ամպաստանեն այդ ընտանիքները, թէ իրենք 15 տարիէ ի վեր բոլոր պաշտօնները գրաւած են: Ընդհանրապէս տէր եւ տիկին, բայց ունինք նաեւ պարագաներ մայր ու աղջիկ եւ փեսայ, անունները պայման չէ տանք ամէն պարագայի։ Մենք ունինք աւելի սարսափելի պարագաներ, երբ տէր եւ տիկին իրենցմէ մէկը միայն պաշտօն ունի,  բայց միւսը հաւասար է, թէ՝ պաշտօն ունի եւ կը գործէ եկեղեցւոյ մէջ, որպէս թէ՝ պաշտօն ունի։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Այսինքն չյայտարարուած պաշտօնեայ։ 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Չյայտարարուած պաշտօն ունի: Եթէ քիչ մը պրպտես կը տեսնես, ո՜հ՝ որովհետեւ պարոն Ատրուշանին բարեկամ են: Այս 15 ընտանիքները ներսէն բռնած են եկեղեցին: … Պարոն Ատրուշանը ինքզինքին տրամադրած է բացարձակ իշխանութիւն։ Այսինքն պարոն Ատրուշանը վտարեց եկեղեցիի դպրաց դասի տարեց կին մը, որ հաւատարմութեամբ ամէն Կիրակի կուգարեւ կ՛երգէր դպրաց դասէն ներս: Զինք վտարեց դպրաց դասէն: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Ինչու՞ վտարեց: 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Որովհետեւ ինչպէս ըսի, եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր մաս, օրինակ՝ դպրաց դաս, գրասենեակ, մոմերու բաժին, նուիրատւութեան պնակ դարձնել, ամէն տեղ զետեղուած է իր՝ պարոն Ատրուշանին 

հլու հնազանդ մարդը կամ կինը: Դպրաց դասի պարագային ունինք երիտասարդ դպրուհի մը որ կ՛աշխատիպարոն Ատրուշանին գրասենեակը: Բախում ունեցաւ այս տարեց կնոջ հետ եւ պարոն Ատրուշանըանմիջական որոշում արաւ, անգամ եւս կրկնեմ, առանց Ատենապետի, առանց Հոգաբարձութեան եւ խեղճ կինը վտարեցին եկեղեցիէն:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Այսինքն առանց արդար գործընթացի:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Իր անձնական որոշումով: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Մի անձնեայ, ինքնալուխ որոշում ընդունեց: Դիկտատորական: 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Ինչպէ՞ս միւս բոլոր որոշումները: Պարոն Ատրուշանը պէտք չունի միւսներուն կարծիքը հարցնելու: Ինչ որ ինքը որոշէ, ինչ որ իր միտքը յղանայ…: 

Որովհետեւ պարոն Ատրուշանը կը խորհի թէ ինքը պէտք չունի Հոգաբարձութեան Ատենապետին կամ ուրիշ՝ եկեղեցւոյ մէջ գործող անձերուն կարծիքը հարցնելու: Իրեն համար ընդհանրապէս բոլոր եկեղեցւոյ անդամները տեսակէտով մը խամաճիկներ կը նկատուին… Իշխանազուրկ: Ինքզինք միայն կը ճանչնայ որպէս բացարձակ իշխանաւոր, տէր-տիրական, սեփականատէր: Հետեւաբար իր վարուելակերպըկը բղխի այս իրողութենէն:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Պարոն Քէշիշեան միջնադարուն, յատկապէս Միջին Արեեւելքի եւ նաեւ Եւրոպայի մէջ տարածուած էր ֆեոդալիզմը, հողատիրական եւ ստրկատիրական ֆեոդալիզմը:

Իսկ հիմա մարդիկ կը բողոքեն, որ հողատիրական, ստրկատիրական ֆեոդալիզմէն, մենք անցած ենք կուսակցական ֆեոդալիզմի, Արդէօ՞ք Լաս Վեկասի Սբ. Կարապետ Եկեղեցւոյ ներկայ իրավիճակը նմոյ՞շ մըն է կուսակցական ֆեոդալիզմին: 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Կրնանք ըսել այդպէս: Բայց պարոն Ատրուշանը չըլլալով կուսակցական, բայց կը վառուի որպէս կուսակցական:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Արդէօ՞ք պարոն Ատրուշանը եւ իր նմանները կուսակցութեան բիւրոյի ներկայացուցիչներնեն, թէկուզ իրենք կուսակցական անդամներ չեն:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Ես իր ներքին անձնական հարցերուն հանդէպ յարգանք ունիմ:

Չեմ ուզեր միջամտել իր կուսակցական, ոչ կուսակցական հարցերուն: Սակայն աջէն, ձախէն կը լսեմ, թէ ինքը անձամբ չէ անդամակցած այս կամ այն կուսակցութեան, սակայն կը վայելէ որոշ կուսակցութեան մը նեցուկը:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Ո՞րն է այդ կուսակցութիւնը:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Ենթադրաբար, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Այսինքն ինքը պաշտպանուած կը զգայ:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Այդպէս կը թուի: Որովհետեւ չի կարելի այս մակարդակի խախտումներ ամենօրեայ՝ կատարել:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Համախոհ պիտի ըլլա՞ք հետեւեալ բնութագրման հետ. Ինքը կը խորհի որ ամէն ինչ իրենհամար թոյլատրելի է այնքան ատեն, որ ինքը կը վայելէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի, ես պիտի ըսեմ նաեւ ռսաստրուկ բիւրոյի հովանաւորչութիւնը: Ճիշտ բնութագրում է, թէ՝ սխալ:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Ես կը կարծեմ ճիշտ է: Կը վայելէ անոնց նեցուկը; Ատոր համար, ոչ մէկուս մտիկ չըներ: 

Լատիներէն ասացուածք մը կայ “Superiorem non recognoscens” այսինքն ինք իրմէ աւելի բարձր հեղինակութիւն չի ճանչնար: Եւ դարձեալ ասիկա կը բղխի այն իրողութենէն թէ ան բացարձակ սեփականատէր, տանտէրն է եկեղեցւոյ եւ միւս բռնագրաւուած կալուածներուն:

«»

Ես հետեւեալ «անալոճին» (analogy) կ՛ուզէի ընել. Եթէ Հոգաբարձութիւնը իշխանազուրկ է, ինչպէս մեր պարագային է, եւ Առաջնորդարանը կարելիութիւնը չունի վերակենդանացնելու մեր board-ը, վարչութիւնը, ես խորհուրդ կուտամ չեղեալ նկատել վարչութիւնը եւ եկեղեցին յանձնել անմիջական՝ պարոն Ատրուշանին հովանիին տակ, որ արդեն «դեֆակտօ» կը գտնուի:

Ուրեմն նկատի առնենք նաեւ, որ պարոն Ատրուշանը մեծահարուստ մարդ է:

Հետեւաբար եթէ իւրաքանչիւր մեծահարուստ հաիւն, որ տեսակէտով մը նեցուկ կանգնած է  եկեղեցւոյ, թոյլ պիտի տրուի որեւէ տեսակի ապօրինի գործեր ընել, ուրեմն եկէք ամբողջութեամբ այս board-երը – հոգաբարձական կազմերը լուծարենք եւ ըսենք Լաս Վեկասը կը պատկանի պարոն Ասինչին, Սան Ֆրանսիսկոյի եկեղեցին թող ղեկավարէ Ասինչը, որովհետեւ դրամ ունի, Մոնտեբելոյի եկեղեցին թող հովանաւորէ պարոն Ասինչեանը, որովհետեւ գիտէք մեծ նուիրատւութիւն ըրած է:

Այս հարցը խոտոր կը համեմատի Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան հետ: Բարերար ըլլալ եկեղեցւոյ՝ չի նշանակերեկեղեցւոյ օրէնքները խախտելու իրաւունք ունենալ ինչ որ կ՛ընէ մեր պարագային՝ մեր՝ պարոն Ատրուշանը:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Պարոն Քէշիշեան, ըստ երեւոյթին, ձեր նկարագրութիւնը ես ճի՞շտ կը հասկնամ որ պարոն Ատրուշան Արմէնեանը կը հետապնդէ նոր ժամանակներու ֆեոդալիզմը եւ իր կամքովը իր կամակատարներու հետ միասին կը ոտնահարէ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ օրէնսդրութիւնը (By-Laws), ըստ երեւոյթին: Այս է իմ հասկցածը: Ես ճի՞շտ կը հասկանամ:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Դժբախտաբար այո այդպէս է: Պարոն Ատրուշանը չի ճանչնար որեւէ օրէնսդրութիւն:

Այս իմաստով ես իմ նեցուկս կը յայտարարեմ նաեւ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄ կազմակերպութեան, որ կը պայքարի Հայ Եկեղեցւոյ բարելաւումի դատին համար:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Պարոն Քէշիշեան, քիչ առաջ դուք յայտարարեցիք յականէ անուանէ, որ այսպիսի լայնատարած օրինախախտում կայ եւ պնդեցիք, որ ժողովրդավարութիւնը ոտնահարուած է Հայց. Առաք.  Եկեղեցւոյ ընտանիքին պատկանող Լաս Վեկասի Սբ. Կարապետ Եկեղեցւոյ յարկէն ներս եւ անդամները, որոնք համայնքի անդամներն են եւ նաեւ հոգաբարձու անդամները խամաճիկի վերածուած են պարոն Արմէնեանի կողմէ:

Զրոյցի ընթացքին, նաեւ նշեցինք, որ որեւէ կրօնական կամ հասարակական կազմակերպութիւն, որ շահոյթ չի հետապնդեր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ ներս, ենթակայ է ամերիկայի պետութեան օրէնքներուն: Ըստ երեւոյթին, հիմա ճանապարհը բաց է, եւ յարդուած , (որ լայնամասշտաբ անդամարշաւ կազմակերպուի որպէսզի ազատագրուին Սբ. Կարապետ եկեղեցին եւ իր նման բազմաթիւ եկեղեցիներ: Բազմաթիւ հայրենակիցներ գիտակից են եւ կը պնդեն, որ ե՛ւ Էջմիածնական ե՛ւ անթիասական թեմերու ենթակայ եկեղեցիները բռնազաւթուած են երկու տարբեր մաֆիաներու կողմէ: Դուք ի՞նչ կարծիքի էք: Ճի՞շտ է այդ հայրենակիցներուն բնութագրումը:)

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Միանշանակ ճիշտ է, դժբախտաբար, պարոն Չափարեան:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Նախ շնորհակալութիւն, որ հին ամերիկահայերու կողմէ հիմնուած ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄ կազմակերպութեան ձեր զօրակցութիւնը յայտնեցիք: Արդէօ՞ք նաեւ պատրաստակա՞մ էք գործնական՝ որպէս գործունեայ անդամ մասնակցելու: 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Անպայման:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Շնորհակալութիւն:

Ուրեմն մեր առաջ կայ յստակ ճանապարհային քարտեզ, որպէսզի ոչ միայն Սբ. Կարապետ Հայց. Առաք.  եկեղեցին, այլ բոլոր Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ երկու թեմերէն ներս գործող բոլոր եկեղեցիները փրկուին: Ինչպէ՞ս: Լայնամասշտաբ անդամարշաւով: Համաձա՞յն էք: 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Անշուշտ,

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Արդէօ՞ք կը խորհի՞ք, որ ֆեոդալիզմով առաջնորդուող անձինք, անունները կարեւոր չեն եւ կազմակերպութիւններ, եւ մաֆիաներ պիտի թողեն, որ նոր անդամներ միանան:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Բնականաբար պիտի չթողեն: Բայց եթէ այս պայքարը մենք չյաղթենք, դուրսէն, ներկայ վիճակով, մեր եկեղեցին ապագայ չունի, մանաւանդ որ Զարթօնք Մեդիան օրինակի համար, սերտողութիւն մը ըրած էր, ըստ որուն, 1%-ը հայ ժողովրդին այլեւայլ գաղութներու մէջ եկեղեցի կը յաճախեն: 1%-ը պէտք է մեզ սարսափեցնէ: Մենք Լաս Վեկասի մէջ ունինք 20.000 հայ: Սակայն դժբախտաբար, երբ եկեղեցի կ՛երթաք, կը գտնէք 7ը, 10ը, 15 հոգի: Այս հիւանդագին երեւոյթը պէտք է ջնջել մեր եկեղեցիներէն: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Ինչու՞ այս վիճակին հասած է: Արդէօ՞ք մեր հայերը հետաքրքրուած չեն… թէ սիստեմատիկ կերպով իրենց հեռու կը պահեն մեր ֆեոդալիստ, այսպէս կոչուած ինքնակոչ ղեկավարները:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Այո, անպայման: Ղեկավարները կը քարոզեն, թէ նոր անդամներ կը փնտրուի, կը քաջալերեն, որ այս կամ այն գայ եւ հոգաբարձութեան մաս կազմեն: 

Սակայն խորքին մէջ լռելեան պայքար կը տարուի նոր անդամներուն դէմ: Որովհետեւ երբ նոր անդամներ խուժեն եկեղեցի, ամէն մարդ շահագրգռուած չէ եկեղեցիին մէջ փոփոխութիւններ բերելու սկսեալ պարոն Ատրուշան Արմէնեանէն: Ներկայ վիճակը իրեն համար շատ բարեհաճոյ վիճակ է: Մենք կը փափաքինք որ նոր անդամներ գան: Սակայն կ՛երեւի թէ որոշ դիմադրութիւն մը կայ եկեղեցիին մէջէն:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Պարոն Քէշիշեան, ըստ երեւոյթին, եկեղեցւոյ երկու թեմերու՝ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի եւ Մեծն Տանն Կիլիկիոյ աթողիկոսութիւններուն հովանու տակ գործող բոլոր եկեղեցիները բռնազաւթուած են երկու խոշորագոյն մաֆիաներու կողմէ:

Մէկը՝ Դաշնակցութիւնը Կիլիկեան Թեմի պարագային անթիասական Թեմի: Իսկ ռսաստրուկգարեգինապաշտ հին ռեժիմականները՝ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի պարագային: Իհարկէ, ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵԿԱՐԳՄԱՆ կազմակերպութեան ղեկավարութիւնը խորապէս կը հաւատայ, որ եթէ մենք ժողովրդի իրաւունքը պաշտպանենք, եթէ իրաւաբանական ընկերութիւններ պատրաստակամ կերպով հետերնին բանակցին եւ իրենք պատրաստ ըլլան մեր ժողովրդին իրաւունքները պաշտպանել,կը խորհի՞ք, որ լայնամասշտաբ անդամկցութիւն կ՛իրականացուի Հայ Եկեղեցիէն ներս:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Ամենայն հաւանութեամբ, այո: Պէտք է, վերջիվերջոյ, ձերբազատունիք այս հին անդամներէն, (հին կլաններէն): է կարելի դեմոկրատիկ աշխարհի մէջ 15 տարի ընտրութիւն չկատարել կամԵկեղեցւոյ կեանքի մէջ 15-20-30 հոգի ղեկավարեն եկեղեցին 10-20 տարի: Չէ կարելի այդպիսի բան:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Քիչ առաջ զրոյցի ընթացքին դուք կ՛ըսէիք որ ներկայ օլիգարխները, մէնատէրերը, Հայց. Առաք.  Եկեղեցիէն ներս երկու թեմերու պարագային շատ ուրախ չեն ըլլար նոր անդամներու ներհոսքով, որպէս նոր անդամ, րովհետեւ ըսիք հաւասարակշռութիւնը կը խախտուի, ի՞նչ ուզեցիք ըսել այդ մասին:

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Ներկայ վիճակով գէթ Սբ. Կարապետ Եկեղեցւոյ պարագային, մենք ունինք 60 վճարովի անդամ, որոնց առնուազն կէսը պարոն Ատրուշանի գերակայութեան տակ կը գտնուի:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Այսինքն կուսակցութեան գերակայութեան տակ…

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Անուղղակի ձեւով կուսակցութեան, բայց ուղղակիօրէն՝ անձնապէս, պարոն Ատրուշանին հակակշռին տակ կը գտնուի:

եւ այդպէս է, որ պարոն Ատրուշանը իր կատարեալ control-ին հակաշռին տակ արած է եկեղեցին: Եթէ հիմա պիտի բերենք նոր անդամներ, անկարելի է, որ նոր անդամները ենթարկուին հին ղեկավարներուն: Ժամանակները փոխուած են:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Անգլերէն կ՛ըսեն OLD GUARD – հին պահակները: 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Անոնք պէտք է վերանան, որպէսզի եկեղեցին վերապրի: Դժբախտաբար այս շատ անգամ տարեց ­­մարդիկ ներսէն գրաւած են եկեղեցին:

Ես երբ հարց կուտամ թէ ՛՛ինչու՞ նոր ընտրութիւն չէք ըներ՛՛, պատասխանը կ՛ըլլայ միանշանակ նոյնը: ՛՛Մէկը չի կայ, նոր անդամ չի կայ, եկեղեցիով չեն հետաքրքրուած՛՛: Բայց ճիշտ հակառակն է, մարդիկ եկեղեցւով հետաքրքրուած են թէկուզ փոքրամասնութիւն մը: Սակայն եկեղեցին չէ հետաքրքրուած իրենցմով:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Այսինքն եկեղեցին բռնազաւթած մարդիկ մարդիկը չեն հետաքրքրուած իրենց մօտ, ադեո՞ք այդպէս ըսել ուզեցիք: 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  ճիշտ այդպէս, որովհետեւ եկեղեցին բռնազաւթած մարդիկ չեն հետաքրքրուած նոր անդամներով, իրենք բաւարարուած են ներկայ status quo-ով, որ կը գոհացնէ իրենց բոլոր հաճոյքները: Ի վերջոյ այս հիւանդագին վիճակը, որ կը տիրէ ոչ միայն մեր Եկեղեցւոյ մէջ, հաւանաբարնաեւ միւս եկեղեցիների մէջ, հիմնուած է փոխշահաւետ դրութեան վրայ:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Պարոն Քէշիշեան, Արդէօ՞ք ճիշտ է այդ տրամաբանութիւնը, որ եթէ օրինակի համար դուք ըսիք Սբ. Կարապետ եկեղեցիէն ներս 60 անդամ կայ եւ այդ ճղճիմ թուաքանակի մէջը պարոն Ադուսեանեւ զինք հովանաւորող ռուսաստրուկ ՀՅԴ բիւրոյականները կը պահպանեն կուսակցութեան կողմէ (control) եղած ճղճիմ մեծամասնութիւն մը, թիւրաբեկ մեծամասնութիւն մը, սակայն իրենք արդեn՞ք հաշիւ կ՛ընեն, եթէ60 անդամի վրայ 40 նոր անդամ միանայ եւ հանկարծ այդ 40 նոր անդամներէն խոշոր մեծամասնութիւնը ոչ կուսակցութեան ըսենք ենթարկուող մարդիկ պիտի ըլան եւ այնտեղը պարոն Ատրուշան Արմէնեանը եւ զինք հովանավորողները պիտի կորսնցնեն յաջորդ ընտրութիւնները, արդեn՞ք ճիշտ է այս բնութագրումը: 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Անպայման շատ դիպուկ շատ ճիշտ է եւ Լաս Վեկասի պարագային ալ կը կրկնուի: Մէկ կողմը կ՛ըսէ թէ նոր անդամ չի կայ: Իսկ միւս կողմն ալ կ՛ըսէ որ ես ինչպէս անդամագրուիմ եթէ եկեղեցի ներսէն գրաւուած է նոյն ընտանիքներէն 15-20 տարիներու երկարութեան վրայ: Հետեւաբար…

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.  Կարելի՞ է ըսել որ մոնոպոլիայի վերածուած է: 

ՎԱՀԷ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.  Կատարեալ մոնոպոլիայի վերածուած է ես դեռ կրնամ այս մէկը հաստատել Լաս ՎեկասիՍուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ պարագային բացարձակ տէր-տիրականը կը հանդիսանայ պարոն Ատրուշան Արմէնեանը եւ եկեղեցին ներքին կարգով կը կառավարէ իրեն հլու-հնազանդ փաղանք մը ընտանիքներով, որոնք ի վերջոյ 15,20, 30 հոգիներն են, որոնք եկեղեցւոյ ճակատագրին հետ կը խաղան:

Անոնք շահագրգռուած չեն նոր անդամներով, որովհետեւ այս պարագային իրենք, հին ղեկավարները ըսենք, անպայման պիտի կորսնցնեն իրենք իրենց շնորհած մոնոպոլիան: 

Ես գիտակից եմ եւ ուրախ եմ, որ մեր ժողովրդի հետսհետէ «Ուռճացող բանակը» սրտացաւութիւն կը յայտնէ աշխարհասփիւռ եւ հայրենի համայնքներու վերաառողջացման եւ հզօրացման գործընթացի օգտին: 

Հետեւաբար մենք որպէս հայ ժողովուրդ, ես պէտք է ըսեմ, որ 220 տարի ետ ենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու այդ մշակոյթէն, որտեղ մամլոյ ազատութեան իրաւունքը ընդգրկված է եւ ամրագրված է Ամերիկայի սահմանադրութեան մէջ: 

Ամերիկան 250 տարեկան է, իսկ մամլոյ ազատութիւնը նոյնպէս 250 տարեկան է, որ ամենաուժեղ իրագործումներէն մէկն է, որ ամերիկացի ժողովուրդը իրականացուցած է: Եւ մենք որպէս հայ, մօտաւորապէս 220 տարի ետ ենք: Ինչու՞: Որովհետեւ վերջին 30 տարիներուն մենք ուրախութեամբ պէտք է նշենք, բացայայտում կատարող, հետազօտողական լրագրութիւն կիրառող ազատ մամուլի մի քանի ներկայացուցներու առկայութիւնը եւ որոնց հերթին Գանատայի ԳԵՂԱՐԴԸ, Ամերիկայի USA ARMENIAN LIFE եւ ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ շաբաթաթերթերը եւ նաեւ այլ լրատուամիջոցներ, որոնք հետազօտող լրագրութիւն կը կիրառեն: 

Հետեւաբար, սիրելի հայրենակիցներ, իւրաքանչիւրս պիտի որոշենք մեր ժողովրդին եւ պետականութեանհամար՝ հարկաւո՞ր է ԱԶԱՏ եւ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՂ ՄԱՄՈՒԼԸ: Այս հարցումին պատասխանը գործնականօրէն բոլո՛րս պիտի տանք:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *