Ստորեւ կը ներկայացնենք 2026 թուականի 8 Օգոստոսի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը։ Բացայայտումներ՝ հետազօտող լրագրող ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆի կողմէ: URL: https://www.youtube.com/ watch?v=W79jZklvRic Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ (email) ուղար- կել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռա- ձայնել818-241-5777 եւ փոխանցեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւելեկտրոնային հասցէն: Իսկ եթէ կը փափագիք ստանալ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի միացեալ տպագիր տարբերակը ուղարկեցէ՛ք կամ փոխանցեցէ՛ք Ձեր փոստային հասցէն։ «ԴԱՏԱՐԱՆԱՅԻՆ ԿՐԿԵՍ ԵՒ ԿՏՐԻՃԵԱՆ ՇՈՈՒ». ԺԱՄԱՆԱԿ ՇԱՀԵԼՈՒ ՓՈՐՁ՝ ԸՆԴԴԷՄ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Այն ինչ որ Ուրբաթ, 7 Օգոստոսին կատարուեցաւ, միայն կարելի է բնութագրել որպէս դատարանային կրկես եւ կտրիճեան շոու։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռը բռնազաւթած Գարեգին Բ.-ի՝ Կտրիճ Ներսիսեանի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի վեց գարեգինապաշտ եպիսկոպոսներու քրէական գործով առաջին դատական նիստը տեղի ունեցաւ Օգոստոսի 7-ին, Արմաւիրի մարզի դատարանի մէջ։ Գործը կը վերաբերի դատական որոշման կատարմանը խոչընդոտելուն, իսկ դատաւոր Յակոբ Մանուկեանը ինքնաբացարկ ներկայա- ցուցած է՝ պատրուակելով, որ ինքը անցեալին համագործակցած է Գարեգին Բ.-ի պաշտպան փաստաբանին հետ։ Հարցում. միտասաներորդ պահին իր պարտականութիւնէն հրաժարած դատաւոր Յակոբ Մանուկեանը իր նշանակման օրին չէ՞ր գիտեր կամ չէ՞ր յիշեր, որ ինքը անցեալին համագործակցած է Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսիսեանի պաշտպան փաստաբանին հետ։ Ի՞նչ կարելի է եզրակացնել երէկուայ դատարանային կրկեսի եւ գարեգինեան շոուի հետեւանքներով։

ԴԱՏԱԻՐԱՒԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԻՍ Առաջին՝ Օգոստոսի 7-ին կատարուածը ակնայայտ կը դարձնէ այն փաստը, որ վարչապետ Փաշինեան անձնապէս միջամուխ չէ եղած դատաւոր նշանակելու գործընթացի մէջ։ Եթէ միջամտութիւն եղած ըլլար, վարչապետ Փաշինեան անձնապէս վեթինգ ըրած կ›ըլլար եւ իրեն հլու- հնազանդ դատարանը ապահովուած կ›ըլլար։ Փաստօրէն, Հայաստանի Հանրապետութեան դատաիրաւական համակարգը վարչապետ Փաշինեանի ամբողջական գերիշխանութեան ներքեւ չի գտնուիր, քանի որ պարզապէս ան կը պատկանի հայկական պետականութեան, քաղաքացիական հասարակութեան՝ որպէս պետական անկախ կառոյց։ Հետեւաբար, քանի որ դատաւոր Յակոբ Մանուկեանը զարտուղի եւ անընդունելի ակտ մը գործած է, ըստ երեւոյթին, պէտք է ենթարկուի հետաքննութեան։ Եւ եթէ փաստուի, որ կանխամտածուած օրինախտում գործած է, ապա ուրեմն պէտք է ենթարկուի պատասխանատուութեան եւ պէտք է կարգազրկուի որպէս դատաւոր իր ոչ պրոֆեսիոնալ պահուածքի համար։ Ի՞նչ է մեղադրանքը. Կտրիճ Ներսիսեանը եւ վեց կլանակից եպիսկոպոսները մեղադրանքի տակ են դատական որոշման գործադրումը խոչընդոտելու յանցանքով՝ կապուած Գարեգինի եւ վեց գարեգինապաշտ եպիսկոպոսներու կողմէ ապօրինաբար պաշտօնազուրկ եղած եպիսկոպոս Արման Գէորգ Սարոյեանի՝ դատարանի միջոցով վերականգնման պահանջի հետ։ Ի՞նչ է յաջորդ քայլը. գործը պէտք է մակագրուի նոր դատաւորի, որմէ ետք կը նշանակուի նոր դատական նիստ։ Չի բացառուիր, որ Օգոստոսի 7-ի դատարանային կրկեսը եւ կտրիճեան շոուն կանխամտածուած էր Գարեգին Բ.-ի, Տաշիր Սամոյի, Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի եւ ամբողջ քրէաօլիգարխիկ ռուսաստրուկ շրջանակին օգտին՝ ժամանակ շահելու համար։ Չմոռնանք, որ ասոնք ներքաղաքական եւ ներեկեղեցական ինքնամաքրման ընդհանուր օրակարգի մաս կը կազմեն։ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ «ՓՈՂԵՐՈՒ ԼՈՒԱՑՈՒՄԸ» ԵՒ 30 ՄԻԼԻՈՆԻ ԲԱՑԱՅԱՅՏՄԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ Բազմաթիւ քրէական ակտերու բացայայտումը եւ փաստարկումը, որոնց հերթին փոքր մէկ նմուշ մը, որ կը վերաբերի Վեհարանի այդ երկար տարիներու տարածքին, իբրեւ թէ վերանորոգման եւ շինարարութեան, եւ Մայր Աթոռի վերանորոգման շինարարական աշխատանքներուն հետ կապուած Տաշիր Սամոյի իբրեւ թէ 30 միլիոն նուիրած այդ դրամներու լուացումը՝ պէտք է անպայման բացայայտուի եւ հանրութեան գիտակցութեանը յանձնուի։ Եւ անշուշտ, մեղադրեալները պէտք է կատարեալ, ամբողջական պատասխանատուութեան ենթարկուին։ Անկեղծօրէն ըսած, ես որոշ վերապահումներ ունէի ուրբաթ Օգոստոսի 7-ի դատական նիստին հետ կապուած, անոր համար իմ մտորումներս տեսագրեցի Հինգշաբթի, Օգոստոս 6-ին, Ամերիկայի AMG-ի հեռուստաստուդիոյի մէջը, որպէսզի մենք բաղդատենք, թէ ինչ կատարուեցաւ եւ ինչ պէտք է կատարուէր։ Հիմա կարդանք Հինգշաբթի, Օգոստոս 6-ի տեսագրութեան «թեքսթ»ը։ «ՆԵՐՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ՆԵՐԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ» ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՕՐԱԿԱՐԳԸ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Այսօր՝ Հինգշաբթի, Օգոստոսի 6-ը, Լոս Անճելըսի ժամով երեկոյեան պահն է։ Վաղը մենք արդէն աշխարհով մէկ իրազեկուած կ›ըլլանք, թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ՝ Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսիսեան չկաթողիկոսի հետ կապուած, երբ հայկական պետականութիւնը առաջին անգամ ըլլալով գործող կաթողիկոսի մը արդարադատութեան եւ հաշուեպահանջութեան կ›ենթարկէ՝ զինքը դատարան կանչելով։ Վերջին օրերուն Լոս Անճելըսի մէջ եւ այլուր բաւականին հետաքրքրութիւն կայ ստեղծուած ժողովրդական լայն խաւերու մէջ։ Եւ անշուշտ պէտք է ըսել, որ ըստ իմ ունեցած զրոյցներու բովանդակութեան եւ տարբեր-տարբեր հայրենակիցներու եւ հաւատակիցներու հետ հաղորդակցութեան, յստակ է այն ջախջախիչ մեծամասնութեան տրամադրութիւնը, որ որեւէ անհատ կամ կազմակերպութիւն՝ ըլլայ հասարակական, ըլլայ քաղաքական, ըլլայ կրօնական կազմակերպական ղեկավար, օրէնքի գերակայութիւնէն զերծ չէ։ Այսինքն, օրէնքէն բարձր չէ, օրէնքն է որ կը գերակայի։ Իմ զրուցակիցներու նոյնպէս ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, պէտք է ըսել՝ landslide majority, կողմ են որ հայկական պետականութիւնը, պետութեան համար առաջին սպառնալիքի դերակատարութիւն ունեցող անհատներուն կամ շրջանակներուն, այս պարագային պէտք է ըսել՝ Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսիսեանին, իր արիւնակից եղբօրըը՝ Եզրասին, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ Յովնան Տէրտէրեանին, եւ նաեւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ Արեւելեան թեմի թեմակալ առաջնորդ Պարսամեանին, եւ Քանատայի թեմակալ առաջնորդ Յովակիմեանին, որոնք նոյն այս համակարգին մաս կը կազմեն, պէտք է որ բոլորն ալ հաշուետուութիւն տան։ Անկախ թէ վաղը առաւօտ Ուրբաթ, ամբողջ օրուայ ընթացքին դատական ինչպիսի վճիռ կամ որոշում կը կայացուի, փաստը կը մնայ փաստ, որ ինչպէս որ ամիսներ առաջ ձեր խոնարհ ծառան բարձրաձայնած էր, որ միայն քրէական խնդիրներով եւ արդարադատութեան ու հաշուետուութեան ենթարկելով չէ, որ մենք պիտի կարողանանք փրկել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։ Պէտք է որ մենք ուշադիր ըլլանք, որ այո, կարող է այս փոքր դատական քայլը վերածուի աւելի լայնամասշտաբ դատական հետապնդման, որը լիովին արդարացի է։ Որովհետեւ, ինչպէս որ բազմիցս բարձրաձայնած ենք, հայկական պետականութիւնը, եւ ոչ թէ ասենք ղեկավարութիւնը կամ իշխանութիւնները, այլ պետական համակարգը՝ իր արդարադատութեան եւ դատաիրաւական համակարգով, իրաւունք ունի դատի կանչելու ցանկացած քաղաքացի։ Եւ այս պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի է Գարեգին Երկրորդը։ Վաղը յայտնի կ›ըլլայ, թէ այս դատական գործընթացը ինչպիսի հեռանկարներ ունի։ Պատկերացնենք, որ ամենալաւ պարագային, Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսիսեանը, այո, մէկ յանցագործութեան համար կանչուած է դատարան, վաղը-միւս օրը իր բազում գործած յանցագործութիւնները ջուրին երես բերուին եւ անոնք ալ միացուին այս դատական գործին։ Եւ հայ ժողովուրդը վերջապէս ձերբազատուի այս կլանային քրէաօլիգարխիկ մշակոյթը կրող անձնաւորութենէն՝ այս պարագային Կտրիճ Ներսիսեանէն։ Բայց այդ ձեւով, սիրելի հայրենակիցներ եւ հաւատակիցներ, ինչպէս որ մեր զրոյցներուն ընթացքին շատերս համաձայն ենք, վերջնական լուծում պէտք է մենք առաջացնենք Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զոյգ միաբանութիւններուն համար։ Մէկը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ի քաղաքն սուրբ Էջմիածին, իսկ միւսը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ի քաղաքս Անթիլիաս, Լիբանան։ Ուրեմն, այս երկու կաթողիկոսութիւնները բռնազաւթուած են երկու կլաններու գլխաւորութեամբ։ Մէկը՝ քրէաօլիգարխիկ Հայաստանի եւ նախկին Սովետի տարածքին ռուսաստրուկ շրջանակները, որոնք ունին նաեւ իրենց սփիւռքեան կցորդները՝ ինչպէս շատերուս յայտնի է, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ռուսաստրուկ բիւրոյականները, իսկ նաեւ անոնց կը միանան ամերիկահայ շրջանակներու ներս Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան օլիգարխիան՝ գլխաւորութեամբ (թեկուզ ինքը հիմա պաշտօնի վրայ չէ, սակայն իր անունը միշտ առկայ է) Պերճ Սեդրակեանին։ Եւ նաեւ, ըստ երեւոյթին, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, խախտելով իր ստատուսը որպէս 501(c)(3) ընկերակցութիւն (corporation), արդէն միջամուխ սկսած է ըլլալ ներքաղաքական կեանքէն ներս՝ յայտարարութիւն շրջանառութեան մէջ դնելով, որ իբրեւ թէ նեցուկ կը կանգնի Գարեգին Բ.-ին։ Սակայն այս ձեւով միջամուխ կ›ըլլայ քաղաքական գործընթացին։ Եւ նաեւ, ճիշդ է, ինքը դատաիրաւական համակարգի գործընթաց է, բայց Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան այս ելոյթը քաղաքական գունաւորում կու տայ անոր բովանդակութեանըժ, եւ դա ընդունելի չէ։ Յովնան Տէրտէրեանը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը եւ Արեւելեան թեմի թեմակալ առաջնորդն ու թեմական խորհուրդը իբրեւ թէ կ›արտայայտուին հայկական պետականութեան օրինապաշտութեան մասին։ Ժամանակին, վարչապետ Փաշինեան ըսած էր, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այնքան կոռումպացուած չէ եղած, ինչքան երկրորդ եւ երրորդ նախագահի օրոք։ Հիմա թոյլ տուէք, որ ձեր խոնարհ ծառան աւելի պարզաբանէ այդ խորաթափանց արտայայտութիւնը պարոն Փաշինեանի կողմէ, ՀՀ-ում՝ Դատարանային կրկես-կտրիճեան շոու. Գարեգին-կտրիճի, ռսաստրուկ քրէաօլիգարխների վախճանը՝ մօտալուտ

Ստորեւ կը ներկայացնենք 2026 թուականի 8 Օգոստոսի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը։ Բացայայտումներ՝ հետազօտող լրագրող ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆի կողմէ:
URL: https://www.youtube.com/watch?v=W79jZklvRic
Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ (email) ուղար-կել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռա-ձայնել818-241-5777 եւ փոխանցեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւելեկտրոնային հասցէն: Իսկ եթէ կը փափագիք ստանալ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի միացեալ տպագիր տարբերակը ուղարկեցէ՛ք կամ փոխանցեցէ՛ք Ձեր փոստային հասցէն։
«Դատարանային կրկես եւ կտրիճեան շոու». Ժամանակ շահելու փորձ՝ ընդդէմ արդարադատութեան
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Այն ինչ որ Ուրբաթ, 7 Օգոստոսին կատարուեցաւ, միայն կարելի է բնութագրել որպէս դատարանային կրկես եւ կտրիճեան շոու։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռը բռնազաւթած Գարեգին Բ.-ի՝ Կտրիճ Ներսիսեանի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի վեց գարեգինապաշտ եպիսկոպոսներու քրէական գործով առաջին դատական նիստը տեղի ունեցաւ Օգոստոսի 7-ին, Արմաւիրի մարզի դատարանի մէջ։ Գործը կը վերաբերի դատական որոշման կատարմանը խոչընդոտելուն, իսկ դատաւոր Յակոբ Մանուկեանը ինքնաբացարկ ներկայա-ցուցած է՝ պատրուակելով, որ ինքը անցեալին համագործակցած է Գարեգին Բ.-ի պաշտպան փաստաբանին հետ։ 
Հարցում. միտասաներորդ պահին իր պարտականութիւնէն հրաժարած դատաւոր Յակոբ Մանուկեանը իր նշանակման օրին չէ՞ր գիտեր կամ չէ՞ր յիշեր, որ ինքը անցեալին համագործակցած է Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսիսեանի պաշտպան փաստաբանին հետ։ 
Ի՞նչ կարելի է եզրակացնել երէկուայ դատարանային կրկեսի եւ գարեգինեան շոուի հետեւանքներով։
Դատաիրաւական համակարգի անկախութիւնը Հայաստանի մէջ ներկայիս
Առաջին՝ Օգոստոսի 7-ին կատարուածը ակնայայտ կը դարձնէ այն փաստը, որ վարչապետ Փաշինեան անձնապէս միջամուխ չէ եղած դատաւոր նշանակելու գործընթացի մէջ։ Եթէ միջամտութիւն եղած ըլլար, վարչապետ Փաշինեան անձնապէս վեթինգ ըրած կ›ըլլար եւ իրեն հլու-հնազանդ դատարանը ապահովուած կ›ըլլար։ 
Փաստօրէն, Հայաստանի Հանրապետութեան դատաիրաւական համակարգը վարչապետ Փաշինեանի ամբողջական գերիշխանութեան ներքեւ չի գտնուիր, քանի որ պարզապէս ան կը պատկանի հայկական պետականութեան, քաղաքացիական հասարակութեան՝ որպէս պետական անկախ կառոյց։ Հետեւաբար, քանի որ դատաւոր Յակոբ Մանուկեանը զարտուղի եւ անընդունելի ակտ մը գործած է, ըստ երեւոյթին, պէտք է ենթարկուի հետաքննութեան։ Եւ եթէ փաստուի, որ կանխամտածուած օրինախտում գործած է, ապա ուրեմն պէտք է ենթարկուի պատասխանատուութեան եւ պէտք է կարգազրկուի որպէս դատաւոր իր ոչ պրոֆեսիոնալ պահուածքի համար։
Ի՞նչ է մեղադրանքը. Կտրիճ Ներսիսեանը եւ վեց կլանակից եպիսկոպոսները մեղադրանքի տակ են դատական որոշման գործադրումը խոչընդոտելու յանցանքով՝ կապուած Գարեգինի եւ վեց գարեգինապաշտ եպիսկոպոսներու կողմէ ապօրինաբար պաշտօնազուրկ եղած եպիսկոպոս Արման Գէորգ Սարոյեանի՝ դատարանի միջոցով վերականգնման պահանջի հետ։ Ի՞նչ է յաջորդ քայլը. գործը պէտք է մակագրուի նոր դատաւորի, որմէ ետք կը նշանակուի նոր դատական նիստ։ Չի բացառուիր, որ Օգոստոսի 7-ի դատարանային կրկեսը եւ կտրիճեան շոուն կանխամտածուած էր Գարեգին Բ.-ի, Տաշիր Սամոյի, Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի եւ ամբողջ քրէաօլիգարխիկ ռուսաստրուկ շրջանակին օգտին՝ ժամանակ շահելու համար։ Չմոռնանք, որ ասոնք ներքաղաքական եւ ներեկեղեցական ինքնամաքրման ընդհանուր օրակարգի մաս կը կազմեն։
Մայր Աթոռի շինարարական «փողերու լուացումը»
եւ 30 միլիոնի բացայայտման հրամայականը
Բազմաթիւ քրէական ակտերու բացայայտումը եւ փաստարկումը, որոնց հերթին փոքր մէկ նմուշ մը, որ կը վերաբերի Վեհարանի այդ երկար տարիներու տարածքին, իբրեւ թէ վերանորոգման եւ շինարարութեան, եւ Մայր Աթոռի վերանորոգման շինարարական աշխատանքներուն հետ կապուած Տաշիր Սամոյի իբրեւ թէ 30 միլիոն նուիրած այդ դրամներու լուացումը՝ պէտք է անպայման բացայայտուի եւ հանրութեան գիտակցութեանը յանձնուի։ Եւ անշուշտ, մեղադրեալները պէտք է կատարեալ, ամբողջական պատասխանատուութեան ենթարկուին։
Անկեղծօրէն ըսած, ես որոշ վերապահումներ ունէի ուրբաթ Օգոստոսի 7-ի դատական նիստին հետ կապուած, անոր համար իմ մտորումներս տեսագրեցի Հինգշաբթի, Օգոստոս 6-ին, Ամերիկայի AMG-ի հեռուստաստուդիոյի մէջը, որպէսզի մենք բաղդատենք, թէ ինչ կատարուեցաւ եւ ինչ պէտք է կատարուէր։ Հիմա կարդանք Հինգշաբթի, Օգոստոս 6-ի տեսագրութեան «թեքսթ»ը։
«Ներքաղաքական եւ ներեկեղեցական ինքնամաքրման» անխուսափելի օրակարգը
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Այսօր՝ Հինգշաբթի, Օգոստոսի 6-ը, Լոս Անճելըսի ժամով երեկոյեան պահն է։ Վաղը մենք արդէն աշխարհով մէկ իրազեկուած կ›ըլլանք, թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ՝ Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսիսեան չկաթողիկոսի հետ կապուած, երբ հայկական պետականութիւնը առաջին անգամ ըլլալով գործող կաթողիկոսի մը արդարադատութեան եւ հաշուեպահանջութեան կ›ենթարկէ՝ զինքը դատարան կանչելով։
Վերջին օրերուն Լոս Անճելըսի մէջ եւ այլուր բաւականին հետաքրքրութիւն կայ ստեղծուած ժողովրդական լայն խաւերու մէջ։ Եւ անշուշտ պէտք է ըսել, որ ըստ իմ ունեցած զրոյցներու բովանդակութեան եւ տարբեր-տարբեր հայրենակիցներու եւ հաւատակիցներու հետ հաղորդակցութեան, յստակ է այն ջախջախիչ մեծամասնութեան տրամադրութիւնը, որ որեւէ անհատ կամ կազմակերպութիւն՝ ըլլայ հասարակական, ըլլայ քաղաքական, ըլլայ կրօնական կազմակերպական ղեկավար, օրէնքի գերակայութիւնէն զերծ չէ։ Այսինքն, օրէնքէն բարձր չէ, օրէնքն է որ կը գերակայի։
Իմ զրուցակիցներու նոյնպէս ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, պէտք է ըսել՝ landslide majority, կողմ են որ հայկական պետականութիւնը, պետութեան համար առաջին սպառնալիքի դերակատարութիւն ունեցող անհատներուն կամ շրջանակներուն, այս պարագային պէտք է ըսել՝ Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսիսեանին, իր արիւնակից եղբօրըը՝ Եզրասին, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ Յովնան Տէրտէրեանին, եւ նաեւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ Արեւելեան թեմի թեմակալ առաջնորդ Պարսամեանին, եւ Քանատայի թեմակալ առաջնորդ Յովակիմեանին, որոնք նոյն այս համակարգին մաս կը կազմեն, պէտք է որ բոլորն ալ հաշուետուութիւն տան։
Անկախ թէ վաղը առաւօտ Ուրբաթ, ամբողջ օրուայ ընթացքին դատական ինչպիսի վճիռ կամ որոշում կը կայացուի, փաստը կը մնայ փաստ, որ ինչպէս որ ամիսներ առաջ ձեր խոնարհ ծառան բարձրաձայնած էր, որ միայն քրէական խնդիրներով եւ արդարադատութեան ու հաշուետուութեան ենթարկելով չէ, որ մենք պիտի կարողանանք փրկել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։
Պէտք է որ մենք ուշադիր ըլլանք, որ այո, կարող է այս փոքր դատական քայլը վերածուի աւելի լայնամասշտաբ դատական հետապնդման, որը լիովին արդարացի է։ Որովհետեւ, ինչպէս որ բազմիցս բարձրաձայնած ենք, հայկական պետականութիւնը, եւ ոչ թէ ասենք ղեկավարութիւնը կամ իշխանութիւնները, այլ պետական համակարգը՝ իր արդարադատութեան եւ դատաիրաւական համակարգով, իրաւունք ունի դատի կանչելու ցանկացած քաղաքացի։ Եւ այս պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի է Գարեգին Երկրորդը։ Վաղը յայտնի կ›ըլլայ, թէ այս դատական գործընթացը ինչպիսի հեռանկարներ ունի։
Պատկերացնենք, որ ամենալաւ պարագային, Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսիսեանը, այո, մէկ յանցագործութեան համար կանչուած է դատարան, վաղը-միւս օրը իր բազում գործած յանցագործութիւնները ջուրին երես բերուին եւ անոնք ալ միացուին այս դատական գործին։ Եւ հայ ժողովուրդը վերջապէս ձերբազատուի այս կլանային քրէաօլիգարխիկ մշակոյթը կրող անձնաւորութենէն՝ այս պարագային Կտրիճ Ներսիսեանէն։ Բայց այդ ձեւով, սիրելի հայրենակիցներ եւ հաւատակիցներ, ինչպէս որ մեր զրոյցներուն ընթացքին շատերս համաձայն ենք, վերջնական լուծում պէտք է մենք առաջացնենք Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զոյգ միաբանութիւններուն համար։ Մէկը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ի քաղաքն սուրբ Էջմիածին, իսկ միւսը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ի քաղաքս Անթիլիաս, Լիբանան։
Ուրեմն, այս երկու կաթողիկոսութիւնները բռնազաւթուած են երկու կլաններու գլխաւորութեամբ։ Մէկը՝ քրէաօլիգարխիկ Հայաստանի եւ նախկին Սովետի տարածքին ռուսաստրուկ շրջանակները, որոնք ունին նաեւ իրենց սփիւռքեան կցորդները՝ ինչպէս շատերուս յայտնի է, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ռուսաստրուկ բիւրոյականները, իսկ նաեւ անոնց կը միանան ամերիկահայ շրջանակներու ներս Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան օլիգարխիան՝ գլխաւորութեամբ (թեկուզ ինքը հիմա պաշտօնի վրայ չէ, սակայն իր անունը միշտ առկայ է) Պերճ Սեդրակեանին։ Եւ նաեւ, ըստ երեւոյթին, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, խախտելով իր ստատուսը որպէս 501(c)(3) ընկերակցութիւն (corporation), արդէն միջամուխ սկսած է ըլլալ ներքաղաքական կեանքէն ներս՝ յայտարարութիւն շրջանառութեան մէջ դնելով, որ իբրեւ թէ նեցուկ կը կանգնի Գարեգին Բ.-ին։ Սակայն այս ձեւով միջամուխ կ›ըլլայ քաղաքական գործընթացին։ Եւ նաեւ, ճիշդ է, ինքը դատաիրաւական համակարգի գործընթաց է, բայց Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան այս ելոյթը քաղաքական գունաւորում կու տայ անոր բովանդակութեանըժ, եւ դա ընդունելի չէ։ Յովնան Տէրտէրեանը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը եւ Արեւելեան թեմի թեմակալ առաջնորդն ու թեմական խորհուրդը իբրեւ թէ կ›արտայայտուին հայկական պետականութեան օրինապաշտութեան մասին։
Ժամանակին, վարչապետ Փաշինեան ըսած էր, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այնքան կոռումպացուած չէ եղած, ինչքան երկրորդ եւ երրորդ նախագահի օրոք։ Հիմա թոյլ տուէք, որ ձեր խոնարհ ծառան աւելի պարզաբանէ այդ խորաթափանց արտայայտութիւնը պարոն Փաշինեանի կողմէ, թէ հիմա համայնապատկերը նկարենք միասին, թէ ինչպիսի պատկեր ստեղծուեցաւ Գարեգին Բ.-ի 1999 թուի այդ չարափաստիկ օրը՝ Հոկտեմբեր 27-ի պետական սպանդի օրը, երբ վարչապետ Վազգէն Սարգսեան եւ խորհրդարանի նախագահ Կարէն Դեմիրճեան եւ իրենց հետ անմիջական գործակիցներ նահատակուեցան պառլամենտէն ներս։ Նոյն օրը, նոյն Պերճ Սեդրակեանի եւ իր նախորդ պոսին՝ Լուիզ Սիմոնի ֆինանսաւորումով, Գարեգին Բ.-ն 20 միլիոն տոլարի միջոցով ուզուրպացրեց, այսինքն բռնազաւթեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռը։ Եւ այդ օրէն աստին, սիրելի հայրենակիցներ, մենք ականատես եղանք, թէ ինչպիսի լայնամասշտաբ եւ խորաթափանց կերպով արմատ նետեց կոռումպացուածութիւնը, եւ ոչ միայն Մայր Աթոռէն ներս, այլ նաեւ այստեղ՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն ներս։
Հաշուետուութեամբ՝ շինարարութիւնը աւարտած էր Սուրբ Ղեւոնդեանցին, բայց յետոյ աւելի քան 20-21 միլիոն տոլարի խնդիր բարձրացաւ։ Ասի կը նշենք որպէս նմուշ այդ քրէաօլիգարխիկ, այդ money laundering-ի (դրամի լուացման) հետ կապուած գործունէութեան մասին։ Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի Մայր Աթոռի Վեհարանի շինարարութեան հետ կապուած. երբ այդ մասին ընդամէնը 2-3 միլիոն տոլարի estimate՝ այսինքն արժեւորում կար, բարձրացաւ 30 միլիոն տոլարի։ Սա կը նշենք որպէս նմուշներ, որ տեսնէք, թէ ինչպիսի մասշտաբի բարձրացած է անցնող 25-26 տարիներու ընթացքին կոռումպացուածութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներս։
Եւ այս առթիւ պէտք է ես բարձր գնահատանքով արտայայտուիմ պարոն Փաշինեանի այն առաջարկութեան, այն առաջադրանքին, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեդրոնը, որ կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, թող իր եկամուտները յայտարարէ եւ հարկերը վճարէ, եւ մենք հարկերը լիովին կը վերադարձնենք որպէս կրօնական կառոյց։ Անշուշտ սա իդէալական գործելաձեւը չէ, սակայն քանի որ Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսիսեանը եւ իր հետ իր կցորդները՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու մէջ Պարսամեան եպիսկոպոսը, Քանատայի մէջ Յովակիմեան եպիսկոպոսը եւ այլուր, քանի որ այս մարդիկը հաշուետուութեան համակարգը ջարդ ու փշուր ըրած են, ապա ուրեմն որպէս նուազագոյն լուծում՝ պարոն Փաշինեանի առաջարկութիւնն է։
Սակայն պարոն Փաշինեանի առաջարկութիւնը վերջնական լուծում չի բերեր։ Պէտք է մենք խորհինք ազգովին, թէ Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսիսեանի ճանապարհորդութեամբ եւ Սուրբ Աթոռը ազատելէն ետքը ինչպիսի համակարգ մենք պէտք է առաջացնենք։
Արդեօք մեզի պէ՞տք է, որ ազատ աշխարհի մէջ հայ եկեղեցւոյ ներքին ժողովրդավարութիւնը, որ տապալուած է անցնող 26-27 տարիներու ընթացքին, վերականգնելը կենսական է։ Իսկ Հայաստանէն ներս, ուր ժողովրդավարութիւնը դժբախտաբար Սովետի ժամանակ «Պոլոժենիայի» պատճառով գոյութիւն չէ ունեցած, ապա ուրեմն կեանքի կոչել ժողովրդավարութիւնը, որուն հովանիին ներքոյ մեր ազգային եկեղեցին կը գործէ հաշուետուութեան եւ հաշուեպահանջութեան ու թափանցիկութեան հովանիին ներքոյ։
Ուրեմն մեզի պէտք է այդպիսի համակարգի վերազարթնումը ազատ աշխարհի մէջ եւ ստեղծումը հայրենիքէն ներս։ Անշուշտ ես պիտի չառաջարկէի ներկայ պահի դրութեամբ նախկին Սովետին պատկանող, ասենք, Ռուսական Դաշնութեան, որովհետեւ գիտենք, որ Ռուսական Դաշնութիւնը բոլորովին բռնազաւթած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին՝ յանձինս Գարեգին Բ.-ին եւ իր նման միւս գործող կրօնական եւ աշխարհական դէմքերու միջոցով։
Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «ապագաղութացումը» եւ վերադարձը հայ հաւատացեալին
Պարոն Արշակեանը (կամ Ալէն Սիմոնեանը) վերջերս «Հայկական Ժամանակ» հեռուստահաղորդումէն Հերմինէ Կարապետեանի հետ խօսեցաւ ապագաղութացման մասին։ Ես պիտի նաեւ միանայի պարոն Արշակեանին եւ աւելցնէի, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ալ ենթակայ է ապագաղութացման գործընթացին։ Մեր տնային պարտականութիւնը այնպէս մը ընենք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին վերադարձուի հայ ժողովուրդին, հայ հաւատացեալներուն։
Հիմակուայ դրութեամբ, ընտրական համակարգը ոչ միայն նախկին Սովետի տարածքին, այլ նոյնինքն դժբախտաբար ազատ աշխարհի մէջ գործող, սակայն ռուսական եւ սովետառուսական գաղութացման ենթակայ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Արեւմտեան թեմէն ներս, ուր պիտի հանդիպինք դժբախտաբար սովետական ժամանակներէն, մինչեւ ցարական ժամանակներէն մինչեւ այսօր քրէաօլիգարխիկ մշակոյթի ներկայացուցիչներուն։ Եւ անոնց անունները օրը պիտի գայ, մանրամասն պիտի ներկայացնենք, թէ ովքեր են այդ անհատները, որոնք կը շարունակեն բռնազաւթել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նոյն այստեղ՝ Լոս Անճելըսի մէջ, Նիւ Եորքի մէջ, Քանատայի մէջ։ Եւ ինչպէս ժողովուրդին վախեցման ենթարկած են, եւ անշուշտ նոյնը կը վերաբերի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքոյ գործող Արեւմտեան ազգային առաջնորդարանին, եւ Արեւմտեան ազգային առաջնորդարանին հովանիին ներքոյ գործող, օրինակի համար՝ Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին, Կլենտէյլի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին, նոյնինքն Արեւմտեան ազգային առաջնորդարանի հովանիին ներքոյ գործող Լաս Վեկասի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին։ Մէկ խօսքով՝ ընտրական համակարգը յափշտակուած եւ ժողովրդավարութիւնը փլուզման ենթարկուած է։
«Բռնազաւթուած» կաթողիկոսութիւններ եւ ժողովրդավարութեան փլուզումը սփիւռքեան թեմերուն մէջ
Մեր ժողովուրդը իր ազատ կամքով իրաւունք ունի իր որոշումը կայացնելու, եւ եթէ ուժեր պիտի գտնուին, որ արգելք պիտի կենան, ապա անգամ մը եւս թող իմանան՝ հիմա արդէն մենք նոր մոլորակի բնակիչներն ենք, նոր աշխարհի բնակիչներն ենք։ Իւրաքանչիւր ակտիւիստ իրաւունք ունի դիմելու, օրինակի համար Քալիֆորնիոյ պարագային՝ California State Attorney General-ի ատեանին (office), Նեւատայի պարագային իրաւունք ունի դիմելու Nevada State Attorney General-ին, այսինքն՝ Նեւատայի կամ Քալիֆորնիոյ նահանգային դատախազութեանը, հայցեր ներկայացնելու համար։ Որովհետեւ այն ժամանակները անցած են, երբ ժողովուրդը ձեզի կը վստահէր, պարոն Վիգէն Յովսէփեան, պարոն Տարօն Խաչատուրեան եւ ձեր նմանները, ինչպէս նաեւ պարոն Վահրամ Տէրտէրեան, որ կը կոչուի Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան։
Մենք շատ լաւ գիտենք, պարոն Տէրտէրեան, սարկաւագ Մայքա Ճէնտեանի (Micah Jendian) տեղեկագրութեան մասին. այնտեղ լայն կերպով նկարագրուած է, թէ ինչպիսի օրէնքի խախտումներ, մասսայական օրէնսդրութեան յօդուածներու խախտումներ կայացած են ձեր հովանիին ներքոյ։ Այդ մասին մենք պիտի շարունակենք հետագային բացայայտումները կամ նոյնիսկ վերաբացայայտումները, որպէսզի տեսնենք ով ուր պիտի փախչի, եւ տեսնենք թէ ով արդարացի է եւ ով սխալ է։
Մինչ այդ,  ձեր դատական սպառնալիքներով չէք կարող վախցնել։ Մենք կ՛առաջնորդուինք ճշմարտութեամբ եւ արդարութեամբ։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *