Եուրոպասքեթի 16 տարեկանէն վար Գ. կարգի մրցումներուն Հայաստանի պատանիները 8 օրուան ընթացքին կատարեցին 6 մրցումներ եւ բոլորին ալ յաղթելէ ետք դարձան ախոյեան: Երեւանի մէջ տեղի ունեցող մրցաշարքի աւարտականին, հաւաքականը շատ հանգիստ յաղթանակ արձանագրեց Մալթայի դէմ97-68 արդիւնքով: Հանդիպումի ամէնէն արդիւնաւէտ մարզիկն էր Տիմիթրի Հաջեան: Հայաստանի հաւաքականի պասքեթպոլիստը ձեռք ձգեց 32 կէտ, 6 էսիսթ եւ 5 ռիպաունտ: Անթոնի Սարգսեան տապըլ-տապըլ կատարեց (18 կէտ եւ 21 ռիպաունտ), ինչպէս նաեւ կատարեց 5 էսիսթ, 3 սթիլ եւ 3 պլոք: Հայաստանի կազմէն մարզիկ մը եւս Միխայիլ Պետրով, իրագործեց տապըլ-տապըլ մը (22 կէտ եւ 13 ռիպաունտ): Պետրով 5 էսիսթ, 3 սթիլ եւ 2 պլոք ալ կատարեց, մինչ Իթան Գազանճեան 18 կէտ եւ 7 էսիսթ ձեռք ձգեց: Այս մրցաշարքի արդիւնքներուն հիմամբ, Անթոնի Սարգսեան եւ Իթան Գազանճեան մաս կազմեցին Եւրոպայի ախոյեանութեան Գ. կարգի խորհրդանշական հաւաքականին: Հայաստան նախապէս յաղթած էր Անտորրային (98-62), Ճիպրալթարին (109-56), Մալթային (97-90) եւ Մոնաքոյին (110-78): Կիսաւարտականին ան 82-66 արդիւնքով յաղթած էր Մոլտովային եւ, ինչպէս նշեցինք, աւարտականին 97-68 արդիւնքով Մալթային: Այս մրցաշարքը շահելէ ետք, Հայաստանի պատանիները յաջորդ տարի իրաւունք կ՛ունենան մասնակցելու Եւրոպայի ախոյեանութեան Բ. կարգի մրցումներուն, ուր 22 խումբեր կը մասնակցին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *