ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթը չորս մասով կը հրապարակէ պատմական երկու գործիչներու՝ Արմին Վեկնըրի եւ Ֆրանց Վերֆելի միջեւ նամակ-ներու փոխանակումը:
Արմին Վեկնըր գրած է Ֆրանց Վերֆելին. «Ձայնասփիւռը եւ մամուլը կը շարունակէին ուտել զիս: Վերջ ի վերջոյ, զիս զգետնեց ծանր հիւանդութիւնը, զոր մինչեւ այսօր չեմ յաղթահարած: Գիրքերու ակումբէն ինծի յանձնա-րարեցին՝ խորքային ուսումնասիրութիւն մը գրել հրէական Պաղեստինի մասին: Անիկա հոգեմաշ ժամեր խլեց իմ հայկական մեծ վէպէն, որ, այլ պայմաններու մէջ, պէտք է շատոնց աւարտած ըլլար։ Այսուամենայնիւ, ես աւարտեցի առաջին հատորը, թէեւ անիկա վերանայման կարիքը ունի դեռ: Երկրորդ հատորին նախագիծը կիսով չափ եղած է, ինչպէս նաեւ չորրորդ հատորի որոշ հատուածներ, որոնք ես սկսած էի նախապէս։
Երբ 12 Դեկտեմբերին ես վերադարձայ Մերան քաղաքի առողջարանէն (բաւական կազդուրուած)՝ պատրաստ նորէն աշխատանքի վերադառնալու, լսեցի, որ Պերլինի մէջ գլուխ մը կարդացած էք հայկական նախատեսուած վէպէն։ Ի դէպ, «Հերենհաուզ»ի մէջ երեկոյեան տեղի ունեցած է իմ հայկական վէպի որոշ հատուածներու հրապարակային գեղարուեստական ներկայացումը, ինչ որ, 1930 թուականին ինծի համար Նոյեմբերին կազմակերպած էր գերմանացի պատմիչներու ընկերակցութիւնը, եւ այդ օրերուն այս մասին տեղեակ պահուած էր մամուլը։
«Յարգելի եւ պատուելի Ֆրանց Վերֆել, հիմա դուք իրաւունք ունիք ինծի հարցնելու, թէ ինչո՞ւ այս բոլորը կը գրեմ ձեզի։ Միթէ հիանալի չէ՞ տեսնել, թէ ինչպէս տարբեր բանաստեղծներ կ՛օգտագործեն միեւնոյն նիւթը, քանի որ անոնք զայն կը ձեւաւորեն իրենց խառնուածքին, անհատականութեան եւ ստեղծագործական մօտեցման համապատասխան։ Մատոննայի քանի՞ տարբեր կտաւներ կը գնահատենք մենք՝ հիմնուելով նոյն այս գեղարուեստական մղումին վրայ, որ ուղղուած է միջնադարու եւ Վերածնունդի ժամանակաշրջանի նոյն դրդապատճառներուն: Եւ արդեօք այս երեւոյթը կերպով մը ազդա՞ծ է նկարիչներու փառքի, յաջողութեան եւ ստեղծագործական արժէքի վրայ: Արդեօք այդ, ընդհակառակն, չէ՞ հզօրացուցած զանոնք։
«Ցաւօք, այսօր մենք կ՛ապրինք այլ ժամանակներու մէջ, ոչ այդ մշակութային համայնքի դարաշրջանին մէջ, ինչպէս այդ ժամանակ էր։ Մեր պարագային, մենք զբաղած ենք նաեւ գործով մը, ուր հայկական արտաքսման տարիներու փաստաթուղթերը անհրաժեշտութիւն են: Փաստաթուղթեր, որոնք, հակառակ իմ փորձառութեանս, ես եւս չափազանց շատ օգտագործած եմ։ Ես անպայման պէտք է գծեմ զուգահեռներ, ուր, որոշ տեղեր բովանդակութիւնը, առանձին պարա-գաներուն, նոյնիսկ ճշգրիտ ձեւակերպումով, ամբողջովին կը համընկնի: Ես ասիկա կը տեսնեմ այն ժամանակ, երբ ունիմ թերթի հաղորդագրութիւնը ձեր վերջին դասախօսութեան մասին, ուր նշուած են այն բոլոր փաստերը, որոնք Եոհանս Լեփսիուսը այդքան վառ կերպով արձանագրած է իր ամսագրին մէջ՝ իր գրաւոր դատավճիռով ՝ Էնվեր փաշայի հետ հարցազրոյցի մասին:
«Յոյսով եմ, որ զիս սխալ չէք հասկնարգգգ: Ոչ միայն ճիշդ է, այլեւ գրողի պարտականութիւնն է օգտագործել նման փաստաթուղթեր: Այսուամենայնիւ, հանրութեան առջեւ նման զուգահեռներ տեսնելը այդքան ալ հաճելի չէ։ Իւրաքանչիւր բանաստեղծական ստեղծագործութեան մեջ սա ոչ միայն յայտնագործութիւն է, այլեւ բոլոր փաստերը կը գործեն ստեղծագործութեան հետ եւ անոր համար, ինչ որ բանաստեղծը կը քաղէ իր ժամանակի իրադարձութիւններէն եւ մտաւոր հոսանքներէն: Ժամանակակից պատմութիւնը, նոյնիսկ իրենց ժամանակակիցներու գրական շատ գործեր նշանաւոր արուեստագէտին համար կը դառնան հանք, ուրկէ ան շինանիւթեր կը պատրաստէ իր աշխատանքին համար: Էմըրսըն շատ լաւ հասկցած է այս, երբ Շէյքսփիրը անուանած է իր ժամանակի «գրադարան»ը:
«Այն պահուն, երբ այս բոլորը բացատրեմ ձեզի, դուք նոյնպէս կը հասկնաք մօտս ծագած մտահոգութիւնը, երբ լսեցի ձեր նախագիծին մասին: Ի հարկէ, նման մտահոգութիւն մը ներքուստ այդպէս չէ: Իւրաքանչիւր բանաստեղծի կերպարներ անպայմանօրէն լեցուած են իր սեփական միս ու արիւնով, անկախ անկէ, թէ որքանո՞վ ինք կը վերցնէ զանոնք պատմութենէն, ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ լաւ դիմանկարը միեւնոյն ժամանակ ցոյց կու տայ նկարող վարպետին յատկութիւնները: Բայց արտաքուստ եւ տնտեսական առումով այս մտահոգութիւնը աւելի մեծ է, որովհետեւ ձեր պատգամը կը բռնանայ վրաս, առնուազն առաջին հատորիս կապուած, բան մը, որ ես կը փափաքէի յետաձգել մինչեւ երկրորդին աւարտը, հրապարակել զայն աւելի շուտ, քան նախատեսած էի:
«Ես չեմ կրնար անտարբեր մնալ, երբ հանճարը, առաւել եւս աւելի հանրաճանաչ եւ յաջողակ բանաստեղծը, ինչպէս Ֆրանց Վերֆելն է, պէտք է հանդէս գայ վէպով մը, որ կ՛ընդօրինակէ իմ սեփական թեմայիս եզրակացութեամբ: Որովհետեւ ան հանրութենէն կը ջնջէ այն գրաւչութիւնը, որ առկա է իմ աշխատանքիս մէջ եւ որուն համար փաստօրէն գրուած է իմ աշխատութիւնը: Ակնյայտ է, որ ես չեմ կրնար աւարտել վերջին հատորը եւ հրապարակել զայն՝ նախքան միւս հատորները աւարտելս: Թերեւս վախս, որ պայմանաւորուած է միայն ձեր դասախօսութեան մասին թերթի գրառումներով, անհիմն է, բայց ձեր հրատարակած գիրքը պատկերացնելը ինծի կը ստիպէ զգալ Հիւսիսային բեւեռի հետախոյզի մը նման, որ ամիսներ շարունակ իր կեանքին սպառնացող դժուարութիւններէն ետք կը հասնի բեւեռ՝ գիտակցելով, որ իրմէ քանի մը օր առաջ ուրիշ մը հասած է:
«Եթէ այս բոլորը այսքան մանրամասն կը ներկայացնեմ ձեզի, ապա այդ, առաջին հերթին, իմ աշխատանքիս նախապատմութիւնը ձեզի ապացուցելու համար է՝ կապուած Հայաստանի ճակատագիրի ձեւաւորման: Բայց կայ նաեւ ուրիշ պատճառ մը, որ կը յուզէ զիս՝ Կաճառի անդամները եւ այն ընկերները, որոնք ներկայ գտնուած են ձեր վերջին դասախօսութեան: Անոնք ինծի ըսին, թէ դուք ըսած էք, որ այս ամէնը սկիզբը անորոշ ծրագիր մը եղած է, եւ թէ դուք նոյնիսկ չէիք գիտեր, որ, ընդհանրապէս, կը պատրաստուիք իրագործել զայն: Եթէ ասիկա ճիշդ է, ապա իմ հաղորդագրութիւնս հաւանաբար պէտք չէ ազդէ ձեր որոշումին վրայ:
«Հաւանական է, որ դուք՝ իբրեւ Արուեստի կաճառի անդամ, լսած ըլլաք իմ ծրագիրեներուս եւ այն պատուաւոր մրցանակին մասին, զոր երկու տարի առաջ շնորհուած է ինծի: Կամ, թերեւս, իմ առաջարկը հրատարակիչ Զսոլնային, որ այնքան մօտ մարդ է ձեզի, կամ գոնէ, ընդհանրապէս, գրական շրջանակներո՞ւ միջոցով: Կը Կարծեմ, որ ատիկա այդպէս չէ, որովհետեւ, իբրեւ կանոն, գրողները գիտակցաբար չէ, որ նոյն ատեն նոյն նիւթերը կը մշակեն, յատկապէս ոչ այն պարագային, երբ նախագիծը կը գտնուի իր վերջին փուլին մէջ:
«Միւս կողմէ, այս իրողութիւնը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ ձեր բանաստեղծական տեսիլքի հանճարեղութիւնը՝ ձեր ժամանակը եւ տաղանդը նուիրել նոյն ահարկու իրադարձութեան: Եւ այսուամենայնիւ, ես ոչ միայն կը պայքարէի իմ սեփական կեանքի աշխատանքին համար, այլեւ ձեզ պէտք է նախազգուշացնէի՝ զայն շարունակելու գծով:
Հակառակ ամբողջ մարդկութեան հիմնական հաւասարութեան, Ասիան, ասիական նկարագիրը, եւ թուրքերը, ինչպէս նաեւ հայերը, այնքան հեռու են մեզմէ, որ ոեւէ եւրոպացի բանաստեղծի համար, եթէ ան իրօք կը փափաքի ներթափանցել ներքին կեանք, կը մնայ գայթակղեցուցիչ, ինչպէս նաեւ վտանգաւոր առեղծուած: Թէեւ ես երկար տարիներ ապրած եմ այդ երկրին մէջ՝ սերտ յարաբերութիւններու մէջ ըլլալով հայերու եւ թուրքերու հետ, թէեւ իմ հայ եւ թուրք ընկերները ինծի տրամադրած են անձնական, չհրապարակուած հարուստ նիւթեր, եւ թէեւ հայ ժողովուրդի եւ անոր տեղահանութեան մասին իմ սեփական գրառումները կը լրացնեն բազմաթիւ գրքոյկներ, փաստաթուղթեր, որոնք, հաշուի առնելով իմ ծրագրաւորած աշխատանքը, ես ձգած եմ իմ սիրելի ընկեր Եոհանս Լեփսիուսի, ես տակաւին գիտեմ այդ առաջադրանքի հոգեբանական անսահման դժուարութիւնը:
«Նոյնիսկ կրնայ ըլլալ, որ այդ վտանգաւոր լաբիւրինթոսը անգամ մը գրաւելէ ետք ձեզ, աւելի ու աւելի խորունկ գայթակղեցնէ: Չեմ գիտեր: Եթէ ես գիտնայի, թէ որքան կրնար ընդլայնուիլ իմ հայկական վէպը եւ թէ ատոր վրայ տարուող աշխատանքը քանի տարի կրնար տեւել, արդեօք ես համարձակութիւնը կ՛ունենայի՞ մտնելու այդ գործին մէջ: Իմ մասնակցութիւնս մարդկային այս ողբերգութեան՝ հաւանաբար եղած է իմ մարդկային ամբողջ փորձառութեանս ամէնէն խորունկ եւ գլխաւոր ցնցումը»:
(Շարունակութիւն եւ վերջ՝ յաջորդ շաբաթ)
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան