24-30 Սեպտեմբեր 2019ին, Նիւ Եորքի մէջ կայացաւ ՄԱԿի Գլխաւոր Խորհուրդի տարեկան նստա-շրջանը։ Մասնակիցները ՄԱԿի անդամ պետութիւններու ղեկա-վարները եւ բարձրաստիճան պաշ-տօնեաներն էին, որոնց շարքին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը: Զարմանալի է, որ կը բացակայէր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւըգ մեծ սխալ մը անոր կողմէ…
24 Սեպտեմբեր 2019ին, առաջին ելոյթ ունեցողը Էրտողանն էր։ Արդարութեան եւ հաւասարութեան մասին վեհ գաղափարներէ ճառելէ ետք, որոնք մնայուն կերպով կը խախտուին Թուրքիոյ մէջ, Էրտողան անգամ մը եւս բողոքեց, որ Թուրքիա ներկայացուած չէ ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի հինգ մնայուն անդամ երկիրներու (ԱՄՆ, Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Չինաստան եւ Ռուսիա) շարքին մէջ, երկիրներ, որոնք ունին վեթոյի իրաւունք։ Թուրքիան նման առանձնաշնորհեալ ակումբի մը մէջ ընդունելէ շատ առաջ, պէտք է որ առաջնահերթութիւն տրուի Հնդկաստանի, Պրազիլիոյ եւ, թերեւս ալ` Գերմանիոյ։ Էրտողան նաեւ խեղաթիւրուած ներկայացուց Թուրքիան՝ իբրեւ այն երկիրը, որ «առաջին եւ ծանր հարուածը հասցուց» Սուրիոյ ԻՏԼԻՊի ահաբեկիչներուն: Իրականութեան մէջ, Թուրքիա եղած է ԻՏԼԻՊի ահաբեկիչներու ամէնէն մեծ զօրակիցըգգգ: Զարմանալի է, որ Էրտողան կը մեղադրէ յոյն կիպրացիները այն բանի համար, որ Թուրքիա կը շարունակէ բռնագրաւել Հիւսիսային Կիպրոսը: Ան նաեւ քննադատեց Իսրայէլը՝ պաղեստինցիներու նկատմամբ ցուցաբերած վատ վերաբերումին համար:
Անդրադառնալով Կովկասի՝ Էրտողան յայտարարեց. «Անընդունելի է, որ Լեռնային Ղարաբաղը եւ անոր յարակից շրջանները, որոնք ատրպէյճանական տարածք են, տակաւին գրաւուած են՝ հակառակ ընդունուած (ՄԱԿի) բանաձեւերուն»:
25 Սեպտեմբեր 2019ին, ՄԱԿի Գլխաւոր Խորհուրդին մէջ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ դատապարտելով Ատրպէյճանը «Լեռնային Ղարաբաղի» (Արցախ) հակամարտութիւնը լուծելու դժկամութեան յանցանքով։ Ան ըսաւ, որ հակամարտութեան լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար:
Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, Փաշինեան յայտարարեց, որ «հրաժարելով Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելէ, բացայայտօրէն աջակցելով Ատրպէյճանի, ընդդէմ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի՝ Թուրքիա կը շարունակէ մնալ ապահովութեան լուրջ սպառնալիք հայ ժողովուրդին համար, որ վերապրած է Ցեղասպանութեան խոր ողբերգութիւնը եւ կը շարունակէ բախիլ ճշմարտութեան ու արդարութեան դաժան ժխտումին»:
28 Սեպտեմբեր 2019ին, ելոյթ ունենալով ՄԱԿի Գլխաւոր Խորհուրդին մէջ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարեցգ «Միջազգային հանրութիւնը եւ սեփական ժողովուրդը մոլորութեան մէջ ձգելու անօգուտ փորձերու վրայ ժամանակ վատնելու փոխարէն, Հայաստան պէտք է հրաժարի ներկայ անկայուն կացութիւնը երկարաձգելէ եւ բարեխղճօրէն կատարէ միջազգային իր պարտաւորութիւնները»։ Որքան շուտ Հայաստան հրաժարի իր «յարձակողական եւ թշնամական քաղաքականութենէն տարածաշրջանի մէջ», այնքան աւելի լաւ կը յաղթահարէ իր «լուրջ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային բեռը», ըսաւ Մամետեարով:
ՄԱԿի հայաստանեան պատուիրակը օգտուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Մամետեարովի ելոյթին իր «պատասխանի իրաւունքէն»՝ մեղադրելով զայն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը աղաւաղելու յանցանքով: Հայաստանի ներկայացուցիչը այնուհետեւ յիշատակեց 1988 թուականին ատրպէյճանական հայերու կոտորածներուն մասին, Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ: Ան աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղը երբեք Ատրպէյճանի մաս չէ կազմած:
Այնուհետեւ, Ատրպէյճանի ներկայացուցիչը իր կարգին արձագանգեց իր «պատասխանի իրաւունքով»: Հայ եւ ատրպէյճանցի պատուիրակները հանդէս եկան շարք մը դիտողութիւններով՝ պատասխանելով միմեանց մեղադրանքներուն:
Իսկ այդ ընթացքին, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանեահու դժգոհեցաւ ՄԱԿի Գլխաւոր Խորհուրդի մէջ Իսրայէլի վերաբերեալ Էրտողանի քննադատութենէն՝ խիստ դատապարտելով զայն, կը տեղեկացնէ Jerusalem Post թերթըգ «Վարչապետ Նեթանեահու քննադատեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը՝ զայն կոչելով ստախօս եւ ըսելով, որ «ան, ով չի դադրիր Իսրայէլի մասին ստելէ, ով իր երկրին մէջ քիւրտեր կը սպաննէ, ով կը հերքէ հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած սարսափելի ոճրագործութիւնները, ան չէ, որ պէտք է խրատներ տայ Իսրայէլի»:
Նեթանեահուի մեկնաբանութիւնները երբեք ալ չգոհացուցին համայն հայութիւնը, որ իր կարգին մատնանշեց, որ նոյն այս Նեթանեահուի ղեկավարութեամբ է, որ Իսրայէլ մերժած է Հայոց Ցեղասպանութեան հաւաստիութիւնը եւ արգելափակած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Քնեսեթի (խորհրդարանի) կողմէ։ Նեթանեահուի խօսքերը ընդունուեցան որպէս պարզապէս անպարկեշտ փորձ մը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ միջոց օգտագործելու՝ Էրտողանը հարուածելու համար, մինչդեռ Իսրայէլ ի՛նք չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Սա Նեթանեահուի կեղծաւորութեան գագաթնակէտն էգգգ
Ինչպէս բազմաթիւ անգամ նշած եմ, Իսրայէլի կառավարութիւնը՝ իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգի մը ղեկավարութիւն, պէտք է առաջին երկիրը ըլլար, որ կ՛ընդունէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ ոչ թէ վերջինը։ Ուշացած այս փուլին, եթէ նոյնիսկ Իսրայէլ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, անիմաստ քայլ մը կ՛ըլլայ, քանի որ տասնեակ երկիրներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ արդէն իսկ ընդունած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Շարունակելով անամօթաբար մերժել Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունումը, Իսրայէլի կառավարութիւնը պարզապէս կը խաթարէ իր հեղինակութիւնը միջազգային հանրութեան մօտ։
Նոյնիսկ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի Նիւ Եորքի մէջ միացաւ քաղաքական վիճաբանութեան՝ տեսակցելով Կիպրոսի նախագահին եւ Հայաստանի ու Յունաստանի վարչապետներուն հետ՝ ցոյց տալու համար իր դժգոհութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի, որ ՄԱԿի իր ելոյթին մէջ Փաքիստանի կողմը բռնեց։ Նման հանդիպում մը, միանշանակ, կը բխի Հայաստանի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի շահերէն՝ հակադրուելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Փաքիստանի վարած յարմարաւէտ յարաբերութիւններուն։ Այս տարուան Յունիսին, Հայաստանի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում ունեցան Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ՝ քննարկելու համար իրենց յարաբերութիւններու ընդլայնման հարցերը։ Երեք երկիրները կը կիսեն տարածաշրջանի մէջ թրքական գերիշխանութեան հակադրուելու ընդհանուր նպատակը:
Յօդուածս աւարտեմ զուարճալի գրառումով. Էրտողան հրաժարեցաւ նստիլ Թրամփի սեղանը, այլ պետութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիսաւոր ճաշկերոյթի ժամանակ, որ ԱՄՆ նախագահը մատուցած էր անցեալ շաբաթ ՄԱԿի կեդրոնին մէջ, քանի որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթահ էլ Սիսի, Թուրքիոյ նախագահը կ՛ատէ զայն, նստած էր նոյն սեղանին շուրջ։ Էրտողանի աթոռը մնաց դատարկ՝ զրկելով զայն ճաշկերոյթի ընթացքին Թրամփի ուղեղը լուալու ոսկեայ առիթէն…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *