ՇՈՒՇԻ.- Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Դիմատետրի իր էջին վրայ տեղադրեց նորապսակ զոյգի մը հարսանեկան նկարները եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց։ Պսակի արարողութեան յուզիչ նկարները տարածուեցան Հայաստանի ու աշխարհի բոլոր կողմերը եւ ընկերային ցանցերու միջոցով յոյսի ուղերձներ ղրկեցին։
Այսպէս, հակառակ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի ընթացքին խաղաղ բնակավայրերու ռմբակոծման հետեւանքներուն, կեանքը կը շարունակուի Արցախի մէջ։ Անցեալ շաբաթավերջին, Շուշիի հրթիռակոծուած Սուրբ Ղազանչեցոց Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, տեղացի զոյգ մը կատարեց պսակի արարողութիւն, յուզումի եւ յոյսի ալիքներ բարձրացնելով ամբողջ հայութեան մօտ։
Ազերի բանակի սատանայական ռմբակոծումներով խոցուած եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, փեսան զինուորական համազգեստ հագած, իսկ հարսը՝ հայկական աւանդական հարսանեկան հանդերձաքով, իրենց կեանքերը միացուցին, ցոյց տալով թշնամիին ու անտարբերութեամբ դիտող աշխարհին, թէ Արցախի մէջ կեանքը պիտի շարունակուի, հայկական նոր օճախներ պիտի ստեղծուին, հայը պիտի ստեղծագործէ ու ապրի իր սեփական հողերուն վրայ։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *