Երեքշաբթի 23 Հոկտեմբեր, 2020-ին «Հայ Կեանք» Շաբաթաթերթի Գլխ. Խմբագիր Աբօ Չափարեան ուղերձով դիմած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։

Ան գրած էր. «Ինչպէս բազմաթիւ խորապէս մտահոգ ամերիկահայեր, ես նոյնպես կը հետեւիմ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ռազմական զարգացումներուն:
Ես նաեւ ժամը-ժամին կը հետեւիմ ամերիկահայ Սփիւռքի քաջարի ջանքերուն:… Ես նաեւ դիտեցի ու կարդացի Ձեր կոչ-խնդրանքը (կամ դիմում-խնդրանքը) Ամերիկայէն եւ անոր ռազմաքաղաքական պաշտօնական շրջանակներէ՝ օգնութեան հասնելու Հայաստանի եւ Արցախի:

Իմ պարտքն է չափազանց պարզ ըլլալ եւ յստակօրէն ըսել, որ պաշտօնական Վաշինգտոնը վերահսկողութեան ներքոյ է նէօ-պահպանողականներու եւ նէօ-լիբերալ տարրերու, որոնք իրենց բնոյթով հակառակ են այն այն ամենին, որ հայկական է եւ, որ կը ներկայացնէ Հայաստանն ու ընդհանրապէս հայկական պետականութիւնը: Այնպէս որ, Ձեզմէ կը խնդրեմ, խնայեցէ՛ք Ձեր շունչն ու ներուժը եւ ժամ առաջ փրկեցէ՛ք բազմաթիւ երիտասարդներու ու բոլոր տարիքի հայորդիներու կեանքերը եւ փնտրեցէ՛ք օրհասական իրավիճակի լուծումը տարածաշրջանային մակարդակի վրայ:

Ընդհանրապէս Սփիւռքի ընկալումն է, որ Հայաստանը Ռուսաստանի հետ ունի փոխադարձ պաշտպանութեան համաձայնագիր:

Ինչպէս նախկինում, այժմ եւս մէկ անգամ՝ Արեւմուտքը խօսքի ծառայութենէ աւելին չի մատուցեր: Արեւմուտքը, ներառեալ բոլորիս կողմէ սիրուած Ամերիկան, ձեռքսեղմումէ զատ այլ նպատակներու համար իր ձեռքը չի մեկներ: …Հիմա արդեն Ձեզի պարզ է, թէ ինչու Թուրքիոյ լուսնոտ-խելագար նէօ-օսմանեան նախագահ Էրտօղանը անձնապէս խախտած է նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջնորդութեամբ իրականացուած 3-րդ եւ վերջին հրադադարը: …

Հաւաստի տեղեկութիւններու համաձայն, մի քանի ժամ առաջուայ դրութեամբ, թրքական ուժերը այժմ սկսած են ռազմական յարձակումներ գործել նոյն ինքն Հայաստանի դէմ: Հիմա արդեն պարզ դարձած է, որ այժմ պաշտօնապէս 3 միլիոննոց Հայաստանը միայնակ պայքար կը մղէ 90 միլիոննոց Թուրքիոյ, 10 միլիոննոց Ատրպէյճանի եւ տասնեակ հազարաւոր «ԴԱԻՇ» իսլամական ահաբեկչական վարձկաններու դէմ:

Վերոգրեալէն ելլելով, ես կը ցանկայի Ձեզի փոխանցել տասնեակ հազարաւոր ամերիկահայերու կողմէ իրենց խորունկ մտահոգութիւնը եւ հորդորել Ձեզ ճիշտ քայլերու դիմել՝ Հայաստանի օգտին. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆՕՐԷՆ ակտիւացուցէ՛ք Հայաստանի Հանրապետութեան պահանջ-դիմումը Ռուսաստանի Դաշնութենէ՝ կատարելու իր պարտաւորութիւնը ըստ փոխադարձ պաշտպանութեան համա-ձայնագրի եւ գործադրէ Հայաստանի պաշտպանութիւնը՝ ընդդէմ թրքական յարձակումներու:

Իհարկէ, հայկական Սփիւռ-քը եւ յատկապէս ամերիկահա-յութիւնը պէտք է շարունակէ ընել հնարաւորը՝ օգնելու Հայաս-տանին պաշտպանուելու ցեղա-ըսպան Թուրքիոյ ագրեսիայէն:

Բայց ատիկա բաւարար չէ, Յարգարժան Վարչապետ Փաշինեան:

Ես Ձեզմէ կը խնդրեմ, որ դադրեցնէք Միացեալ Նահանգներէ որեւէ յոյս կամ ակնկալիք ունենալը: Նախագահ Թրամփին համար եւս 4 տարի է պէտք՝ մաքրելու համար այսպէս կոչուած «կուտակուած» ճահիճը: Մինչ մենք կը խօսինք, Ամերիկան իր հերթին կը մղէ գոյութենական իր իսկ ներքին պատերազմը:

Հայաստանը պէտք է այլ միջոցներ գտնէ պաշտպանելու իր գոյութիւնը եւ հզօրացումը՝ իր ոխերիմ թշնամիներ Թուրքիային եւ սելճուքա-թրքական Ատրպէյճանին ծունկի բերելու համար:


Ամենայն Յարգանքով,
Աբօ Գ. Չափարեան
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի


USA Armenian Life Magazine (English-language print edition)
USA Armenian Life E-Newsletter (Electronic Distribution — e-blast)
Hye Kiank Armenian Weekly (Armenian-language print edition)
USA Armenian LifeFACEBOOK
www.armenianlife.com



5 Նոյեմբեր, 2020. «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» Հիմնադիր՝ Աբօ Չափարեանին
պատասխան նամակը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տեսչութեան ներքեւ գործող Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատարի Գրասենեակի Ղեկավար՝ Սառա Անջարգոլեանին

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *