Երէկ` երկուշաբթի, 14 դեկտեմբերի երեկոյեան Երեւանի Էրեբունի օդակայանը վայրէջք կատարեց 44 գերիներ տեղափոխող օդանաւը: Զանոնք դիմաւորեցին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, գերիներուն հարազատները:
Աւելի կանուխ Տիգրան Աւինեան յայտնեց, որ ռուս խաղաղապահ-ներուն միջնորդութեամբ տեղի ունեցած է գերիներու փոխանակման հոլովոյթ: Ազրպէյճանէն Հայաստան տեղափոխուեցան պաշտօնապէս հաստատուած 44 հայրենակիցներ:
