
ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ USA Armenian Life-ի
Կիրակի՝ Յունիսի 20-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները կը քուէարկեն՝ որոշելու՝ հին ռեժիմի գողապետութեան, կամ գործող Փաշինեան ռեժիմի կամ հայ ազգայնական ուժերու իշխանութեան գալու ճակատագիրը:
Հին վարչախումբի գողապետութիւնը թամբուած է հայկական պետութիւնը թալանելու պատասխանատւութեամբ. Պետական գոյքերու՝ կոպեկներով վաճառքը օտարերկրեայ կողմերու, ինչպիսիք են Ռուսաստանը, որպէսզի ապահովեն իրենց իշխանութիւնը՝ շարունակելու իրենց մէնաշնորհը եւ լիազօրութիւններու չարաշահումը. մերժելով եւ վանելով հայկական սփիւռքը:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկօլ Փաշինեանի գործող ռեժիմը կը մեղադրուի 44-օրեայ Արցախեան պատերազմի ընթացքին Արցախի մէջ գտնուող նախնիներու հայկական հողերը Թուրքիոյ կցորդ Ատրպէյճանին յանձնելու մէջ:
Որո՞նք էին այդ պատերազմի իրական դրդապատճառները:
2020-ի 44-օրեայ հակահայ թրքական/Ատրպէյճանական/ԴԱԻՇ ահաբեկչական յարձակումը ակնյայտօրէն նպատակ ունէր բռնագրաւել Արցախի յարակից հայկական հանրապետութիւնը եւ հայաթափել զայն «ընդամենը» երեք օրուայ մէջ, եւ գրաւել Հայաստանի հարաւային մարզ՝ Սիւնիք/Զանգեզուրը:
Նման վտագաւոր զարգացում մը փաստօրէն կը կտրէ Հայաստանը Իրանէն եւ կը մէկուսացնէ հայկական պետութիւնը արտաքին աշխարհէնյանգեցնելով անոր գերիշխանութեան ոչնչացման:
Դարձեա՞լ 1920/1921:
1918-1920ին, Հայաստանի Դեմոկրատական Հանրապետութիւնը (ՀԴՀ) ունէր մօտ 70,000 քառ. Կմ տարածք: Ան կþընդգրկէր Նախիջեւանը եւ Արցախը:
1920-ի Դեկտեմբերին ՀԴՀ-ն ինկաւ խորհրդային բռնատիրութեան տակ:
2020-ի Դեկտեմբերին ի յայտ եկան պնդումներ, որոնք կը մեղադրէին հին ռեժիմի ղեկավարներուն՝ «նախկին նախագահներ Լեւոն Տէր-Պետրոսյանին, Ռոբերտ Քոչարյանին եւ Սերժ Սարգսյանին՝ Ռուսաստանի կողմէն գերակայութեան ներքոյ Հայաստանի Հանրապետութեան ենթակայ դարձնելու սովետական ոճով նոր վարչակարգերու մէջ մտցնելու համարե:
Այնուամէնայնիւ, անկախութենէն ի վեր երեք տասնամեակներու ընթացքին, Հայաստանի համակարգուած աղքատացումը պետական գոյքի թալանի եւ սփիւռքահայ ներդրողներու խաբէութեան միջոցով, կարծես յստակօրէն կը հաստատէ այդ պնդումները:
Տէր-Պետրոսյանի վարչակարգի ընթացքին (1991-1998) Հայաստանի տնտեսական ենթակառուցուածքներն թալանուած են
պատճառ դառնալով շուրջ մէկ միլիոն հայերու արտագաղթին: Պետական գոյքերը մասսայաբար իւրացուած են: Նախագահ Տէր-Պետրոսյան առաջարկած է Սիւնիքի հարաւային միջանցք՝ Մեղրին յանձնել Ատրպէյճանին, որ կը կտրէ Հայաստանը Իրանէնի դիմաց Լաչինի միջանցքի դէպի Արցախ, որ Հայաստանի Պաշտպանութեան Ուժերը արդեն ազատագրած էին 1992-1994ի Արցախեան ազատամարտի ընթացքին: Անհեթեթութիւ՞ն:
Քոչարյան վարչակարգի ընթացքին (1998-2008) Հայաստանի տնտեսութիւնը քիչ թէ շատ լճացում ունեցաւ
առաջացնելով լրացուցիչ քառորդ միլիոն հայերու արտագաղթը: Քոչարյանի տխրահռչակ արտգործնախարար Վարդան Օսկանյանը անամօթաբար յայտարարեց, որ Հայաստանը հայկական ազատագրուած տարածքները կը համարէ «օկուպացուած–բռնագրաւուած», եւ առաջարկեց զանոնք վերադարձնել Ատրպէյճանին, հիմնականին մէջ՝ ոչնչի դիմաց: Աւելին, 2000-ականներու նախ. Քոչարյան փաստացիօրէն դուրս թողեց Արցախը՝ որպէս օրինական բանակցային կողմ, Ատրպէյճանի հետ այդ ժամանակ շարունակուող բանակցութիւններու գործընթացէն: Քոչարյանը նաեւ վաճառած է Հայաստանի երկաթուղային ցանցը, իրանահայկական նաւթատարները եւ Մեծամորի ատոմային էլեկտրակայանները Ռուսասական ընկերութիւններու՝ սիստեմատիկօրէն յանձնելով Հայաստանի ռազմավարական պետական կորոյցները օտարերկրեայ մասնաւոր կողմերումիաժամանակ խթանելով հայկական կախուածութիւնը:
Սարգսյանի ռեժիմի ընթացքին (2008-2018), Հայաստանի տնտեսութիւնը մնաց նոյնը: Նախագահ Սարգսյան առաջ քշեց հակահայ թուրքական Արձանագրութիւն-ները, որոնք փաստօրէն կը խարխլէին 1915-1923թթ. Թուրքիոյ կողմէն գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ զանգուածային բռնագաղթի հետ կապուած արդարադատութիւնը եւ վտանգելով Հայաստանի օրինական հողային եւ փոխհատուցումային պահանջները Թուրքիոյ դէմ:
1921-ին ՀԴՀ- ն մասնատուեցաւ: Խորհրդային բռնատիրական կարգերը Նախիջեւանն ու Արցախը «նուիրեցին» նորաստեղծ «Ատրպէյճանին»:
2020ին Հարաւային Կովկասի/Արեւելեան Հայկական լեռնաշխարհի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները ընթերցողին ահաւորօրէն կը յիշեցնեն ուղիղ մէկ դար առաջ տեղի ունեցած նմանատիպ զարգացումներու մասին: Հայաստանի հարաւային Սիւնիք/Զանգեզուր շրջանը կը կապէ Հայաստանը Իրանի հետ, միեւնոյն ժամանակ կ՛արգելափակէ դէպի արեւելք՝ Կեդրոնական Ասիա ընդլայնուելու Թուրքիոյ նեո-օսմանեան նկրտումները:
1921-ի սկզբին Խորհրդային Կարմիր բանակը, քեմալական Թուրքիոյ բանակի հետ սերտ համագործակցութեամբ՝ սկսաւ զանգուածային ռազմական գործողութիւններ Սիւնիքի հայերու դէմ
նպատակ ունենալով գրաւել զայն եւ ի վերջոյ «նուէր» մատուցելու Ատրպէյճանին:
Ի պատիւ սիւնեցի հայերու եւ զօրավար Գարեգին Նժդեհի, վերջինիս գլխաւորութեամբ՝ կատաղի դիմադրութիւն ցոյց տուին եւ մի քանի ամիս կասեցուցին երկու բանակներն ալ միջազգային ամօթանք պատճառելով Մոսկուային եւ Անգարային: Սիւնիքի մարզը Խորհրդային Հայաստանի կազմի մէջ պահելու մասին Խորհրդային Ռուսաստանի գրաւոր խոստումները ստանալէ ետքն էր միայն, որ զօր. Նժդեհ համաձայնեցաւ շրջանը յանձնել Հայաստանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան եւ անցնիլ Իրան:
Մօտ մէկ դար ետք՝ 2020ի 44-օրեայ հակահայ թրքական/Ատրպէյճանական/ԴԱԻՇ ահաբեկչական յարձակումէն յետոյ, Թուրքիոյ նախագահ Ռ.Թ. Էրտօղանի կզորդը՝ Ատրպէյճանի բռնակալ Իլհամ Ալիեւը լկտիօրէն ըսած է. «Եթէ Հայաստանը չյանձնուի, Պաքուն բռնի ուժով կը վերցնէ Սիւնիքը»:
Ինչու՞ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը ձգտին առաւել մասնատել Հայաստանը բռնի կերպով գրաւելով Սիւնիքը:
Իրան-ԱՄՆ ընթացիկ բանակցութիւնները, ի վերջոյ, կրնան ճանապարհ բանալ Իրանի դէմ ԱՄՆ պատժամիջոցներու վերացման համար, որ Իրանին հնարաւորութիւն կուտայ սկսելու իր նաւթի եւ բնական գազի արտահանումը դէպի Եւրոպա: Իրանը յստակօրէն նշած է, որ իր նպատակն է ստեղծել Հիւսիս-Հարաւ առեւտուրի մայրուղի՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի վրայով, որ կամուրջ կը դառնայ դէպի Եվրոպա եւ Ռուսաստան: Առաջարկուող գերտնտեսական մայրուղին կրնայ դուրս թողել Ատրպէյճանն ու Թուրքիան:
Ասոնք ընդամէնը մի քանի հարցեր են, որոնք կը քննարկուին Յունիսի 20-ի նախընտրական քարոզչութեան ընթացքին:
Առանց կողմ բռնելու, այս գրողի նպատակն է խորհուրդ տալ հայ ընտրողներուն ընտրակաշառք չընդունել կուսակցական որեւէ դաշինքէ: Ընտրողներուն կը յորդորուի քուէարկել քաղաքական դաշինքներու, կուսակցութիւններու եւ անհատ թեկնածուներու օգտին, որոնց նախընտրական ծրագիրերը կ’առաջադրեն
- Օրէնքի Գերակայութեան երկիր՝ Հայաստան մը:
- Աղքատութեան վերացում՝ կայուն տնտեսական ընդլայնման միջոցով:
- Ապօրինի ձեռք բերուած պետական եւ մասնաւոր ներդրողներու գոյնքերու բռնագանձում պետութեան կողմէ եւ հատուցում բոլոր թալանուած զոհերուն:
- Արագ համախմբում բազմակողմանի հնարաւորութիւններով օժտուած հայկական սփիւռքի հետ, ի տարբերութիւն նախորդ երեք վարչակարգերու, որոնք «կթան կովի» տեղ դրին Սփիւռքին, օտարեցին զայն
որպէսզի ազատօրէն շարունակեն թալանը
թողելով Հայաստանը թոյլ, միայնակ եւ անպաշտպան, ինչպէս ատիկա եղաւ 2020-ի 44-օրեայ Թուրքիոյ/Ատրպէյճանի/ԴԱԻՇ ահաբեկչականներու Արցախի հայերու դէմ յարձակումին ընթացքին:
Յունիսի 20-ին կայանալիք արտահերթ ընտրութիւնները որ Հայաստանին վրայ պարտադրեցին արտաքին ուժեր, որոնք քողարկուած եւ երբեմն ալ բացայայտօրէն կþաջակցին հին ռեժիմի գողապետական իշխանութեան վերադառնալունՀայաստանի տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական զարգացումը խափանելու համար: Որոշակի արտաքին տէրութիւններ, ինչպիսիք են Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, չեն ցանկար, որ Հայաստան զարգացնէ եւ իրականացնէ բազմաբեւեռ/բազմավեկտոր արտաքին քաղաքականութիւն, ինչը հնարաւորութիւն կուտայ Երեւանին ունենալ արտաքին տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական դաշինքներու հարստութիւն մը, որոնք կրնան օգնել Հայաստանին, ամրագրելու իր ինքնիշխանութիւնն ու կենսունակութիւնը:
Այժմ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան քաղաքացիները բացառիկ հնարաւորութիւն ունին օտար ուժերու կողմէ պարտադրուած արտահերթ ընտրութիւնները վերափոխելու Հայաստանի ինքնիշխանութեան զօրացման եւ արտաքին դաշինքներու բազմաշերտացման՝ ազգային եւ համազգային հանրաքուէի:
Ընտրողները նաեւ հնարաւորութիւն ունին մէկընդմիշտ օրինականօրէն չեզոքացնելու հայանուն գողապետութիւնն ու օլիգարխիան, որ տարբեր մաֆիաներու համախմբում մըն է՝ նախկին նախագահներ Լեւոն Տէր-Պետրոսյանի, Ռոբերտ Քոչարյանի, Սերժ Սարգսյանի եւ կեղծ կաթողիկոս Գարեգին Բըըըի եւ անոր կլանակիցներու, ինչպիք են՝ Լոս Անճելըսի Արեւմտեան թեմի չարքեպիսկոպոս Յովնան Տէրտէրեան, եւ Մոսկուայի չարք. Եզրասը:
Թաւշին պէտք է փոխարինէ Պողպատեայ Յեղափոխութիւնը
Օրէնքի Գերակայութիւնը հաստատելու եւ համայնացնելու, յստակ մանդատի միջոցով: