Ինթեր Միլանի հայ միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան յայտարարեց, որ կը ցանկայ մնալ իտալական ակումբին հետ: «Ես շատ երջանիկ եմ այստեղ եւ կը ցանկամ մնալ հոս: Իմ գործավարս բանակցութիւններու մէջ է` պայմանագրութիւնը երկարաձգելու համար», ըսաւ Մխիթարեան: Մխիթարեան 2022-էն ի վեր կը խաղայ Ինթեր Միլանի հետ եւ կատարած է 40 մրցում` նշանակելով 5 կոլ: Ան այս տարեշրջանին շատ լաւ մակարդակի ֆութպոլ կը ցուցաբերէ եւ 3 մրցումներու ընթացքին 2 կոլ նշանակած եւ 1 էսիսթ կատարած է: Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ ըստ երեւոյթին դժգոհ կը մնայ եւ լրջօրէն կը մտածէ լքել Ռէալ Մատրիտը: 2012-էն ի վեր Ռէալի մարզիկ Մոտրիչով հետաքրքրուած է Լիոնել Մեսսիի ամերիկեան ակումբը` Ինթեր Մայեմին: Նշենք, որ այլ վեթերան մը` Լուիս Սուարես կրնայ միանալ Ինթեր Մայեմիի, որ ամէն գնով կ՛աշխատի աւելի զօրացնել կազմը: Գերմանիոյ ախոյեան Պայերն Միւնիխի միջազգային գերմանացի միջնապահ Լէոն Կորեցքա, որ շաբաթ օր նշանակած էր իր ակումբի 3-րդ կոլը` Մայնցի դէմ, ձեռքը կոտրած էր վերջին վայրկեաններուն, եւ կանաչ դաշտերէն հեռու պիտի մնայ քանի մը շաբաթով: Կորեցքայի խմբակից Ժամալ Մուսիալայով մեծ թիւով ակումբներ հետաքրքրուած են, մանաւանդ որ ան Գերմանիոյ այժմու ամէնէն փայլուն երիտասարդ աստղերէն է: Լիվըրփուլի եւ Ռէալ Մատրիտի կողքին, Չելսին պատրաստ է «գնելու» Մուսիալան: