Քիքպոքսինկի հայ մարտիկ Մա- րատ Գրիգորեան պարտութեան մատնեց Ռուսիան ներկայացնող եզիտի մարտիկ Մամուկա Ուսուբեանը: Մենամարտը տեղի ունեցաւ Պանքոքի «Ուան, Ինըր սըրքըլ 25» մրցաշարքին գծով եւ վերջ գտաւ իրաւարարներու միաձայն որոշու- մով: Այս արդիւնքին շնորհիւ Մարատ Գրիգորեան հասաւ «Ուան սամուրայ»-ի փետուրի կշիռի կիսաւարտական` շարունակելով իր պայքարը գլխաւոր մրցանակի համար: Շատ հաւանական է, որ աւարտականին Գրիգորեան մրցի Թայլանտի աստղ Սուփերպոն Պանչամեկի դէմ: Նախապէս 2018-ին, 2022-ին եւ 2024-ին Մարատ եւ Սուփերպոն մրցած են իրար դէմ, եւ Մարատ առաջին ճակա- տումին նաք աութով յաղթելէ ետք կէտերով պարտուած էր յաջորդ երկուքին: Նշենք, որ երկու մարտիկներն ալ 35 տարեկան են:
