ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆԳործադիր Հրատարակիչ եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւUSA Armenian Lifeի

Ծանօթ Խմբ. «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» Շաբաթաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր Աբօ Չափարեան, 28 Մայիսին հեռուստային ելոյթ ունեցաւ AMGA հեռուստակայանէն։ Ստորեւ՝ իր խօսքը որոշ յապաւումներով։
Այսօր՝ Մայիս 28ը, տարուան ամէնէ կարեւոր թուականներէն մէկն է: 1918ին մեր նախնիները պատ-մական Հայաստանի վերջին մնացորդաց՝ Արեւելեան Հայաստանի մէջ, իրենց վերջին ուժերը հաւաքելով՝ ծերունի ու պատանի, ուսուցիչ ու զինուոր, բազմազան դժուարութեանց դիմաց ոգի ի բռին պայքարեցան եւ պատմութեան նոր էջ բացին հայկական պետականու-թեան տոմարին մէջ։Մեր ժողովուրդի այն հատուածի մասնիկները, որոնք վերապրած էին ցեղա-ըսպանութենէն եւ միացած՝ իրենց արեւելահայ եղբայրներուն ու քույրերուն, մահ ու կենաց պայքարի մէջ մտած էին Թուրքիոյ դէմ եւ թրքական ցեղասպան բանակը կþուզէր ամբողջացնել Ցեղասպանութեան գործընթացը՝ բնաջնջելով մեր ժողովուրդը եւ Հայաստանի անունը համաշխարհային քարտեզէն ջնջելով որպէսզի ընդհանրապէս «Արմենիա» անունը չյիշուի: Ճակատագրական պատերազմը կայացաւ Սարդարապատի մէջ, չորս օր, որտեղ հայերը իրենց անպարտելի ու անընկճելի ոգին ցոյց տուին՝ պայքարելով թուրք ոսոխին դէմ: Այդ 4-օրեայ պատերազմը, հայերու աւելի քան 11.000 զոհերով, իսկ թուրքերու՝ աւելի քան 60.000-ով աւարտեցաւ հայերու անմոռանալի յաղթանակով: 1918ի Մայիս 28ին հայ ժողովուրդը կերտեց առաջին հայկական անկախ պե-տականութիւնը, որ 600 տարիէ ի վեր կորսնցուցած էր Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ասդին:1918ի Մայիս 28ին հայկական ժողովրդավարական հանրապետութեան հիմնադրութեան ոգիով, պետական վերակառուցման ոգիով, մենք մեր ուխտը կը վերանորոգենք այսօրուայ Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ: Ի՞նչ կը վերաբերուի այսօրուայ սփիւռքահայ երիտասարդութեան։Հայաստանի եւ Արցախի համար կենսական է ունենալ ազգային գիտակ-ցութեամբ օժտուած Սփիւռք։ Կազմակերպուած Սփիւռք։ Տոկուն Սփիւռք։ Խարսխուած՝ ինքնավերարտադրուող՝ Դպրոց-Եկեղեցի-Ակումբ համակարգի մը վրայ։ Վերապատրաստելով՝ առողջ եւ գիտակից ու հոգեմտաւոր ուժով զինուած նոր կատրեր որոնք կը վերածուին աշխարհով մէկ տեղակայուած դեսպաններու եւ Հայաստանի եւ Արցախի աշխարհասփիւռ կամաւոր «զինուորներու»։ Սակայն, կարծես արտաքին մութ ուժերու կողքին նաեւ կան ներքինները որոնք ըստ երեւոյթին այդքան ալ սրտացաւ եւ նախանձախնդիր չեն սփիւռքահայ երիտա-սարդութեան ներկայով եւ ապագայով։Այդ ներքին մութ ուժերը եկած նստած են մի քանի կարեւոր ազգային կարոյց-ներու գլխին եւ իրենց ազգակործան արարքները կþիրականացնեն:Երբ անկեղծօրէն մտահոգուած հայը այդպիսի տարրերու հետ կը խօսին արտերկրի մէջ հայապահպանման մասին։ Մեր սփիւռքահայ ինքնակոչ «ղեկա-վարներ» գայլի աւետարան կը կարդան ըսելով որ «քանի հիմա Հայաստան կայ ուշ կամ կանուխ բոլորս ալ Հայաստան պիտի երթանք»։ Այս կþըսեն արդարացնելու համար իրենց ձեռքով կատարուող սփիւռքեան կարոյցներու յաշույարդարը։Այսօր մենք՝ սփիւռքահայերս կենաց ու մահու պայքարի մէջ ենք, երբ հայկա-կան ինքնութիւնը յարձակման թիրախ դարձած է եւ կը շարունակէ թիրախաւորուիլ մութ ուժերու կողմէ, որոնք չեն ուզեր, որ ներկայ հայ երի-տասարդութիւնը ինքնագիտակցութեամբ, ազգային դաստիարակութեամբ հասակ առնէ եւ ներքուստ ուժեղ ըլլալով՝ տէր կանգնի ներկային եւ ապագային, միասնաբար աւելի կազմակերպուած սփիւռքեան համակարգ կերտելու համար: Դժբախտաբար, ասօր ալ մենք հանգիստ չենք: Եթէ կը յիշէք, ասկէ քանի մը ամիս առաջ թրքական դրօշներ պարզուած էին Սփիւռքի զանազան հայկական վարժարաններու վրայ։ Թուրքերը կը փորձէին վախցնել հայերուն: Այսօր մեր ժողովուրդի, յատկապէս՝ Հայաստանի համար առողջ եւ գիտակից երիտասարդութիւնն է, որ պիտի իր գոյութիւնը պաշտպանէ, եւ գիտակից ժողուրդ մըն է, որ իր երիտասարդներուն հետ համագոր-ծակցաբար ներկան եւ ապագան աւելի ամուր հիմերու վրայ դնէ:Սփիւռքի պարագային, կասկածէ վեր է, որ ամէնէ կարեւոր միջնաբերդը հայկական գիտակցութեան ուժեղացման եւ հայապահպանման կռուանը հայկական վարժարանն է: Ուրեմն մենք մեր ամբողջ էութեամբ պէտք է աշխատինք, որ հայկական վարժարանները Սփիւռքի մէջ ետդարձի ճամփան չ՛բռնեն, այլեւ՝ առաջ երթան եւ ապահովեն առաւելագոյնս թուաքանակով սփիւռքահայ երիտասարդութեան հայեցի դաստիարակութիւն: Բայց եկուր տես, որ մեր շարքերէն ներս, դժբախտաբար, մենք ունինք հինգերրորդ զօրասիւն մը, որ մեր հայկական էութիւնն ու գիտակցութիւնը կ՛ուզէ վտանգել, թուրքին ու ազերիին ջաղացքին, կամայ-ակամայ ջուր լեցնելով: Աւաղ, միայն թուրքն ու ազերին չեն, որ արտաքին ճակատի վրայ կը պայքարին։ Ցաւոք պիտի ըսեմ, բայց մենք ունինք, մեր ներքին թշնամիները, ու ստիպուած ենք պայ-քարիլ երկու ճակատներու վրայ: Իմ կարծիքով, ամէնէն առաջ, մենք մեր ներքին առողջութիւնը պէտք է վերականգնենք։ Իսկ մեր ամէնազօրաւոր զէնքը հայեցի դաստիարակութիւնն է եւ ազգային գիտակցութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հայ քրիստոնէական հաւատքն ու ազնուահոգիութիւն ստեղծող հոգեւոր կրթութիւնը: Սփիւռքի մէջ հայկական յաջող միջնաբերդը միշտ իրականացուած է ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ Երրորդութեամբ՝ Հայ Եկեղեցի, Հայկական մարզամշակու-թային կեդրոն եւ հայկական վարժարան: Այս երեքը տարանջատման ոչ ենթակայ էութիւն մը կը կազմեն:Գիւտարարութիւն մը ըրած չենք ըլլալ եթէ պնդենք թէ կենսագոյն հաստա-տութիւններէն է հայկական վարժարանը: Միասնաբար նայինք մեր շուրջը։ Նորահաս սերունդին պատկանող ակտիվիստ երիտասարդութեան խոշոր մասը հայեցի դաստիարակութիւն ստացեղներն են։Անոնց հակապատկեր՝ այսօր Լոս Անճելոսի ամերիկեան դաշնային («ֆեդե-րալ»), նահանգային եւ մարզային բանտերը ինկած եւ իրենց կեանքը հիւծող աւելի քան 18.000 երիտասարդներու խոշոր մասը հայեցի դաստիարակութիւն չեն ստացած։ Անշուշտ ծնողներուն մէկ մասն ալ պատասխանատւութեան իր բաժինն ունի։ Սակայն առիւծի բաժինը կþիյնայ հայ համայնքներուն ուսերուն։ Կարոյցներու ղեկավարներուն։ Բայց վա՜յ եկեր է մեր ժողովուրդին եթէ որոշ կազմակերպական կամ կրօնական «ղեկավարներ» թաքուն կերպով կը հետապնդեն իրենց անձնական շահերը մի՛շտ ի վնաս մեր ժողովուրդին։Եթէ հայ վարժարանը, հայ եկեղեցին եւ հայ կարոյցները կանգուն չմնան, ու՞րտեղէն հայ մարդը կնանք գտնել, ուրեմն հայ միութիւնը, դպրեցն ու եկեղեցին նոր անդամ չեն ունենար: Այս գիտակցութենէն ելլելով է, որ մենք պէտք է աչալուրջ կերպով հետեւինք այն ներքին դժուարութիւններուն, որպէզսի կանխենք գալիք աղէտը: Վերջին տասնամեակներուն, սկսած՝ 1997էն, կարծես թշնամիին օրակարգի գործադրման թաքուն կերպով մասնակցելով, որոշ շրջանակներ իրար ետեւէն հայկական վարժարաններուն ճակատագրական հարուած կը հասցնեն: Բազմաթիւ դէպքերու մասին մեզի կը տեղեկացնեն տարբեր միութիւններու ու կառոյցներու սրտցաւ եւ մտահոգ հայորդիներ: Այդ կառոյցներէն մէկը՝ Հայ Դպրոցը, որ մեր ամէնօրեայ պայքարին մէջ կարեւորագոյն տեղն ունի, ուժեղ հարուած ստացած է իյնալով այնպիսի անհատներու ձեռքը, ինչպիսին են Էտմոն Ազատեանները եւ իրենց մեղսակից ընկերները:Մօտ անցեալին, հրապարակաւ խօսած եւ սիւնակներու մէջ գրած էինք Լոս Անճելոսի Արշակ Տիգրանեան հայկական վարժարանի ոչ արդարացի փակման մասին։ Վարժարանը յանձնուած էր Թէքէյեան Մշակութային Միութեան հոգածութեան: Եւ, ունենալով հարիւրաւոր աշակերներ եւ յաջող ընթացք, օր մը, որոշ մութ պատճառաբանութիւններով, յանկարծ ԹՄՄ-ի այդ ժամանակուայ ղեկավարութիւնը՝ մեղսակցութեամբ ԹՄՄ կեդրոնական վարչութեան մէնատէր Էտմոն Ազատեանի այնպէս առաջ գացին, որ դպրոցը ձախողեցնեն:Իրերայաջորդ տնօրէնները, բացի դպրոցի հիմնադիր տնօրէն՝ պրն. Վարդգէս Գուրույեանէն, սկսեցան դպրոցի որակը ցած տանիլ։ Ըստ երեւոյթին՝ կանխամտածու՞ած: Եւ, 2015ի Յունիսին ԱՆԱԿՆԿԱԼ որոշում կայացուցին փակելու դպրոցը՝ իբրեւ թէ «բաւականաչափ աշակերտ չունենալու» պատճառաբանութեամբ: Դպրոցը փակեցին, ըստ երեւոյթին, որպէսզի կարողանան 14-15 միլիոն տոլարի վրայ ձեռք դնել՝ ծախելով դպրոցին անշարժ կալուածները: Մինչդեռ, անամօթաբար 2015ի Հոկտեմբերին, «Նոր Օր» շաբաթաթերթին մէջ յայտա-րարութիւն մը հրատարակեցին, թէ «ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒԱԾ Է» (Mission accomplished) (Տե՛ս նկարը էջ 3): Ի՞նչ «առաքելութիւն»…Անկէ մէկ ու կէս տասնամեակ առաջ, 1998ին, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ-ի) ղեկավար-մէնատէրերը՝ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն եւ իր պատպանուածը (protռgռ) ու անմիջական մեղսակից Պերճ Սեդրակեան տասնեակ հազարաւոր քուէարկելու իրաւունք ունեցող անդամներ ունեցող ՀԲԸՄի սահմանադրութիւնը/օրէնսդրութիւնը բռնաճնշումներով, ՀԲԸՄի պատգամաւորներուն փոխել տուին, եւ այդ ճակատագրական ժողովէն ետքը՝ նոր օրէնսդրութեամբ տասնեակ հազարաւոր անդամներ ընտրելու եւ ընտրութիւններուն մասնակցելու, քուէարկելու, որոշումներ կայացնելու իրենց իրաւունքները կորսնցուցին: ՀԲԸՄը այսօր մնած է քանի մը անհատներու ձեռքին՝ Պերճ Սեդրակեան, Սինան Սինան-եան եւ մերձաւորներ:2019ին, ճակատագրական որոշում մը եւս առնուեցաւ եւս մէկ հայկական դպրոց մը փակելու անհասկնալի պատճառնրով:ՀԲԸՄ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» բարձրագոյն վար-ժարանը, որ կը գործէր Փասա-տինայի մէջ — այս տարուայ աւարտին արդեն գոյութիւն պիտի չունենայ, որովհետեւ ընտրելու, քուէարկելու, եւ ժողովրդավար-օրէն որոշումներ կայացնելու լիազօրուած անդամները անհե-տացած են։ Այլեւս գոյութիւն չունին ՀԲԸՄ-էն ներս։ Տասնամ-եակներէ ի վեր կերտուած ՀԲԸՄի վաստակը մէնատէրերու կողմէ քանդուած է: Այսպիսով, ԹՄՄի էտմոն ազատեանները, իրենց զինակիցներ՝ պերճ սեդրակեաններու հետ համատեղ, տասնեակներով դպրոցներու հաշուեյարդարի ենթարկեցին: Ինչպէս նաեւ 2005ին, Կիպրոսի մէջ սերունդներու դաստիարա-կութեան մէջ ճակատագրական դեր ունեցող Մելքոնեան Կրթական Հաստա-տութիւնը իր դռները փակեց հազարաւոր ուսաողներ անտէր ձգելով:Ի՞նչ կը վերաբերի Էտմոն Ազատեանի կողմէ կատարուած սեւ ու ազգա-կործան աշխատանքներուն։1997ին, պրն. Յակոբ Վարդիվառեան շատ հետաքրքրական եւ բացայայտող յօդուած մը գրած է, որուն խորագիրը՝ «Հաշուեյարդարը կը շարունակուի»։ Յօդ-ւածը կը նշէ մշակութային եւ համայնքային կեդրոններ ու ֆոնտեր որոնք կա՛մ վաճառուած են կա՛մ ալ անհետացած են առանց արդարացուցիչ պատճառներու եւ հաշուետւութեան.1. Արարատ դաշտավայրը — Ararat Camp Պոսթոնի շրջանին մէջ2.ՌԱԿին վաստակաւորներու հիմնադրամի փակումը3.«Պայքար»ի հրատարակչութեան փակումը4. Նիւ Յորքի «Յուսուֆեան» կեդրոնի փակումը5. «Պայքար» պաշտօնաթերթի հիմնադրամի անհետացումը 6. Հայ Իրաւանց Խորհուրդի տկարացումը7. Ակումբներու փակում8. Watertown-ի ՌԱԿ ակումբ-հաւաքավայրի հաշուեյարդարի ենթարկումԱյս արարքները զօրաւոր հարուածներ են սփիւռքահայութեան եւ հայ ազգին: Մենք չենք կրնայ ձեռնածալ մնալ եւ թոյլ տալ, որ վարժարաններ փակելու մասին մտածողներ գան ու կառոյցներու ղեկավար աթոռները զբաղեցնեն:Վերջերս Պոլսիոյ մէջ մեծ խնդիր մը առաջ եկաւ, երբ տասնամեակներէ ի վեր գործող Էսաեան վարժարանի մասին տխուր լուր մը ստացանք: Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» օրաթերթին մէջ, յօդուած մը լոյս տեսած է «Լուսաբանութիւն՝ Էսաեանի տնօրէնուհիներուն պաշտօնէն հեռացման մասին» խորագրով, ուր Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի ատենապետ՝ փաստաբան Սիմոն Չեքեմ կը բողոքէ Էսաեան վարժարանի երկար տարիներու զոյգ տնօրէնուհիներուն՝ Սաթենիկ Նշանի եւ Առլին Եշիլթեփէի պաշտօնէն հեռացման առթիւ բռնկած վրդովումի ալիքի դէմ։Սիմոն Չեքեմ կը խոստանար «լուսաբանութիւն» մը հրապարակել, ինչ որ ըրած է Մայիս 20-ին։ «Մեր պատգամը յստակ է մեր համայնքի այն բոլոր անդամներուն, որոնք անկեղծօրէն կը տենչան Էսաեանի յաջողութիւնը։ Եկէք միասնաբար Էսաեանը բարձրացնենք արդիական ուսման մակարդակի, եկէք միասնաբար դպրոցը փրկենք անձնական շահեր հետապնդող շրջանակներէ եւ զայն կրենք դէպի ապագայ, եկէք միասնաբար ղեկավարելով՝ Էսաեանը դարձեալ վերադարձնենք իր փարաւոր օրերուն»։Այստեղ հետաքրքրական հարցում մը ունինք պրն. Չեքեմին.Դուք, պրն. Չեքեմ, որ այսպիսի գեղեցիկ առաջարկով կը ներկայանաք, արդէօ՞ք անկեղծ էք ձեր առա-ջարկի մէջ եւ իրոք նուիր-ւա՞ծ էք Էսաեան վարժա-րանին:Հապա ինչո՞ւ այս եր-կու նուիրեալ տնօրէնու-հիներուն պաշտօնէն կ՛ա-զատէք։ Ինչպէ՞ս կը բա-ցատրէք։ Ի՞նչ կրնաք ըսել սփիւռքահայութեան լայն զանգուածներուն, որոնք սկսած են լրջօրէն հետեւիլ Կոստանթնու-պոլսոյ այս վերջին օրե-րու զարգացումներուն։«Հայ Կեանք»ի խմբագրութիւնը սկսած է մեծաթիւ հռախօսային զանգեր եւ նամակներ ստանալ, թէ «Ինչո՞ւ այս քայլին կը դիմէ պր. Չեքեմ»: Մենք պիտի հետեւինք եւ արծիւի աչքերով դիտենք որպէսզի իմանանք ճշմարտութիւնը, թէ «Արդէօ՞ք պր. Չեքեմն ալ մա՞ս կը կազմէ շիրինօղլուներու այդ ցանցին, որոնք այսօրուայ նեո-օսմանեան երազի «հերոս»՝ Նախ. Ռէճէփ Թայյիփ Էրտօղանի եւ թրքական «Գորշ Գայլերու» հետ շատ մօտիկ ըլլալով, ամեն կերպ կ՛աշխատին քայքայելու Կոստանթնուպոլսոյ դարաւոր կեանք ունեցող հայ համայնքը» եւ «Արդէօ՞ք ճիշտ էր այն տեղեկութիւնը, որ «Վաքըֆ» կոչուած թաղային խորհուրդի եօթ անդամներէն մնացած է միայն երկու հոգի, որովհետեւ թրքական կառավարութիւնը արգելք կը հանդիսանայ նոր հոգաբարձուներու ընտրութիւններուն եւ դուք, երկուքդ, արդէօ՞ք պիտի «ուտէք» Էսաեան հինաւուրց փառաւոր կեանք ունեցող վարժարանին գլուխը:Հիմա, Լոս Անճելոսի մէջ վարժարաններու «գլուխը» կերած էտմոն ազատ-եանները եւ մեղսակիցները ինչպէ՞ս պիտի արդարանան մշակութային կեդ-րոններու ու վարժարաններու փակման արթիւ, արդէօ՞ք իրենք ալ պիտի միանան արք. Յովնան Տէրտէրեանին եւ Մանուկ քհյ. Մարգարեանին, երբ խոշոր սխալներ գործեցին 2018ին մեծ բարերար տօքթ. Տաղլեանի հանդէպ եւ ծնկաչոք վերադարձան «ներողութիւն» խնդրելով այնպիսի ինքնանուաստացուցիչ բառերով, որ ես ամօթ կը զգամ այստեղ կրկնել — «Ի՜նչ … կերանք»։Ներողութիւնները չեն բաւեր. Ժողովուրդը պէտք է իր արդար բաժինին վերատիրանայ:Եթէ պրն. Ազատեաններ, ձեր ըրած հանցագործութիւններու դիմաց չէք կրնար մեղայի գալ գործնականօրէն՝ ժողովուրդին վերադարձնելով ձեր թալանածը կամ մսխածը, ապա ուրեմն բարի եղէք, մէկ կողմ քաշուեցէք եւ ոչ թէ՝ թեւ ու թիկունք կանգնեցէք մէկ այլ թալանչիներու՝ գարեգին բըըըներուն, յովնան տէրտէրեաններուն, Մոսկուայի եզրասներուն եւ ուրիշներու:Ժամանակը հասած է, որ փոխանակ ըսելու, որ «Ի՜նչ… կերանք», մեղայի եկէ՛ք ու հեռացէ՛ք։ Մի մոռնաք։ Ձեր թալանածը վերադարձուցէ՛ք իրենց արդար տիրոջը՝ Հայ Ժողովուրդին: