Top Tags

Սուրիոյ Հայ Համայնքը Աւերուածը Վերականգնելու Աշխատանքներ Կ՛իրականացնէ. Զարմիկ Պողիկեան

Սուրիոյ մէջ, նախորդ տարիներու համեմատ, այժմ ապրիլը աւելի անվտանգ է, «Արցախփրես» -ին ըսած է Հալէպի «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան: Անոր խօսքովսուրիական բանակը օրէ օր կը յառաջանայ յատկապէս Իտլիպի ուղղութեամբ:…

Հրապարակուած Է Պոլսահայ Սեւակ Պալըքճըի Սպանութեան Դատավճիռը

24 ապրիլ 2011-ին պարտադիր զինուորական ծառայութեան ընթացքին սպաննուած Սեւակ Պալըքճըի դատական գործին վերաբերեալ հրապարակուած է վճիռը: Մեղադրեալ Քըուանչ Աղաօղլուն կանխամտածուած սպանութեան մեղադրանքով դատապարտուած է 16 տարի 8 ամիս ազատազրկման եւ…

Գեղասահք. Հայաստանի Ներկայացուցիչները Պրոնզէ Մետալակիր` Լեհաստանի Մէջ

Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ Հայաստանի գեղասահքի հաւաքականի անդամները պրոնզէ մետալի տիրացան Լեհաստանի մէջ: Թինա Կարապետեան – Սիմոն Պրուքս Սենեկալ զոյգը, ապահովելով 173,93 կէտ, գրաւեց երրորդ դիրքը: